Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Մայր Աթոռը Կարմիր Գիծ Է. Մայր Եկեղեցիին Հաւատարիմ Հայորդիք Իրենց Խօսքը Ըսին

Շաբաթ 24 Փետրուար 2024ի յետմիջօրէին, ինքնաբուխ կերպով Մայր Աթոռի Բաց Խորանին դիմաց իրենց ուխտը կատարելու համար այնտեղ փութացած մեծ թիւով արժանաւոր հայորդիք իրենց պատգամը ուղղեցին ոմն Անդրանիկ Դովլաթյանի նման մարդկանց եւ անոր ետին կանգնողներուն:

Նշենք, որ Անդրանիկ Դովլաթյան անունով ոմն անձ մը նախապէս կոչ ըրած էր իր այսպէս կոչուած համակիրներուն, 24 Փետրուարի յետմիջօրէին հաւաքուիլ Էջմիածին քաղաքին մէջ (որուն համար Վաղարշապատի Համայնքապետարանէն համապատասխան արտօնութիւն ալ ստացած),  մասնակցելու, իբր թէ «Հայ Առաքելական Եկեղեցիին եւ Հայ ժողովուրդի հոգեւոր արժէքներու պահպանութեան» թեմայով հանրահաւաքի մը: Այս դաւադիր ընթացքին դէմը առնելու համար եւ ի պաշտպանութիւն Մայր Աթոռին, անոր հոգեւորականներուն եւ գահակալին, զանազան ինքնաբուխ կոչեր եղան ուխտագնացութիւն կազմակերպելու Էջմիածնայ Բաց Խորանին դիմաց:

Ի տես այս միակամ եւ իր Մայր եկեղեցին կողքին ըլլալու սոյն ոգեշունչ եւ վճռակամ երեւոյթին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նսեմացնել փորձող եւ զարմանալի հակասութեամբ մը իրենք իրենց «Վարդանանք» շարժում կոչող խմբակը, իր առաջնորդով եւ իր ետին կանգնող համակարգով մէկտեղ կարեւոր ապտակ մը եւ ուղերձ մը ստացաւ այսօր, որուն արդիւնքով պէտք է արդէն հասկացած ըլլայ, որ ի հեճուկս իրենց սանձարձակ եւ ազգադաւ գործելաձեւին, ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ Է ու ամուր, իր դրօշակակիրը հանդիսացող Հայ Մարդու տեսակի անսակարկ հաւատքով տոգորուած հայորդիներով:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին