Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Rotary Club of Beirut Cedars տրամադրեց  50 KW Արեւային Ելեկտրածին Ուժանիւթային Համակարգ Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին

8 Փետրուար, 2024-ին “Rotary Club of Beirut Cedars” պաշտօնական բացումը կատարեց 50 KW արեւային ելեկտրածին ուժանիւթային համակարգի Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին մէջ:  Այս միջոցառումը հիմքը դրաւ  նոր ժամանակաշրջանի մը կայուն զարգացման եւ կրթական աջակցութեան:

          Արարողութիւնը ընթացք առաւ օրուայ հանդիսավար նախկին Նախագահ Տիար Ղասսան Հաժժարի խօսքով: Ան ընդգծեց ““Rotary Club of Beirut Cedars”-ի կայուն  սկզբունքները՝ մարմնաւորուած “Four-Way Test”-ով: Պատուոյ հիւրեր, ներառեալ “Rotary Club of Beirut Cedars”-ի առաջնորդներ եւ համայնքի հաստատակամներ, ջերմօրէն ներկայացուեցան՝ աւետելով համագործակցային ոգի մը:

            Ապա վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Լաչինեան Մակարեան, ներկայացուց ուշագրաւ պատմական հեռանկարը ԹՄՄ-ի կատարած դերին՝ կրթութեան ոլորտէն ներս, 1947 թուականէն սկսեալ: Ան ողջունեց պաշտօնական արարողութեան բացումը ելեկտրածին ծրագրին: Ան անդրադարձաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը ոչ թէ՛ միայն կը բաւարարէ դպրոցի  ելեկտրական պահանջները, այլ նաեւ՝ կը մեղմացնէ պիւտճէական ճնշումները, թոյլ տալով ընդլայնուած կրթական ծրագիրներու: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց թէ՛ ““Rotary Club of Beirut Cedars” իր կապուածութեան՝ օժանդակելու մեր դպրոցին, յետ Պէյրութի պայթումին՝ մասնաւորաբար հովանաւորութեամբ նախկին նախագահ՝ Տիար Յակոբ Տանձիկեանի նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ նուիրատուներուն՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ դպրոցին հանդէպ իրենց տածած վստահութեան համար:

            Նախկին նախագահ՝ Տիար Յակոբ Տանձիկեան, իր հերթին ներկայացուց ծրագրին պատմողականը՝ գաղափարի յղացումէն մինչեւ աւարտը, արդիւնաբերական ոլորտին տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ գնահատեց հիմնական ներդրող անհատները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով “Rotary Club Los Angeles Cedars”-ին որ միշտ   նեցուկ կը հանդիսանայ  համայնքին: Ան շեշտեց “ Los Angeles Beirut Sister Cities ”-ի փափաքը, նեցուկ կանգնելու հայկական համայնքի պատկանող վարժարանի մը՝ անոր հայթայթելով ելեկտրածին համակարգ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ “Narinco”-ի ընդհանուր մասնագէտ Տիար Նորայր Էլմայեանի: Փակելով իր խօսքը՝  անդրադարձաւ      համակարգի ամուր կատարումը Յունուարէն սկսեալ, ընդգծելով իր արժէքը եղանակի յառաջդիմութեան հետ:

            Ծրագրի մասնակից բարերարներ յաջորդաբար խօսք առին: Տիկին Անահիտ Տանձիկեան փոխանցեց, թէ ծրագիրը իր աջակցութիւնը ստացաւ նաեւ “Clara Margossian Trust” խնամակալութեան կողմէ, որ կը հանդիսանայ Վահան Թէքէեան վարժարանի կարեւոր գործընկերներէն՝ կրթական համակարգի զարգացման եւ ենթակառուցուածքի նորոգութեան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ  համայնքի կարիքները բաւարարելու անոր աւելի լայնածաւալ առաքելութեանը՝ առողջապահութեան ոլորտին ի մասնաւորի դեղորայք հայթայթումի մէջ: Ան նշեց թէ Տոքթ. Վարուժ Ալթըրպարմաքեան հոգաբարձութեան խնամակալն է թէ» սփիւռքի, թէ» ալ Հայաստանի համայնքներուն։ Մինչ, Տիար Արա Գալֆայեան , որ կը ներկայացնէ “ Los Angeles Beirut Sister Cities ”-ին, լուսարձակի տակ առաւ իրենց կեդրոնացումը` աւելցնելու կրթական հնարաւորութիւնները եւ կամրջելու սովորելու փորձառութիւնները Լիբանանի եւ Ամերիկայի պահանջարկին վրայ։

Նախագահ Տիար Ռամզի Ապու Սամահը համապարփակ ներկայացուց տեղական համայնքներուն մէջ “Rotary Club of Beirut Cedars”-ին կատարած նշանակալի ներդրումներու մասին, մինչդեռ շրջանի Փոխ կառավարիչ Տիար Շաուքաթ Հուալան իր խօսքով անդրադարձաւ “Rotary Club of Beirut Cedars”-ին  աջակցութեան ու կայուն զարգացման նախագծերուն՝ արձագանքելով շրջանի Կառավարիչ Տիար Պաշար Հատտատի երաշխաւորութեան:

Միջոցառումը իր աւարտին հասաւ օրուայ հանդիսավարին նշանակալից խօսքով, ուր ան վերահաստատեց “Rotary Club of Beirut Cedars”-ին  կարգախօսը» «Ծառայութիւնը անձնազոհութիւն է» նշանաբանով:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յատուկ հիւրասիրութիւն տրամադրուած վարժարանին կողմէ, որուն ընթացքին ստեղծուեցաւ երկխօսութեան յատուկ միջավայր նախաձեռնելու եւ ընդլայնելու ապագայ համագործակցութեան դաշտը, կազմելու եւ իրագործելու նորանոր ծրագիրներ:

“Rotary Club of Beirut Cedars” իր սրտաբուխ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր այն գործընկերներուն, նուիրատուներուն եւ մասնակիցներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են  սոյն նախագիծին յաջողութեան, որ դարձած է յոյսի փարոս. կայուն եւ  լուսաւոր ապագայի խորհրդանիշ։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար սոյն նախագիծի մասին, կարելի է այցելել  հետեւեալ կայքէջը՝  https://rcbeirutcedars.org/

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին