Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Սուրբ  Էջմիածնի  Կրօնասէր Տիկնանց  Համախմբումին  Ընդհանուր  Ժողովը

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի  ընդհանուր ժողովը  տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 5 փետրուար  2024-ին, ՀԲԸՄ-ի  Տեմիրճեան կեդրոնի 5-րդ յարկի սրահին մէջ: 

Հանդիպումը  զուգադիպելով  Աւարայրի   հերոսամարտի  տարելիցին,  Համախմբումի վարչութիւնը յատուկ  հրաւիրած էր  Գերպ.  Տէր  Ստեփանոս  Ծայրագոյն  Վարդապետ   Փաշայեանը, որպէսզի  Վարդանանցի  պատգամներով  ոգեւորէ  ներկաները:

Համախմբումի  վարչականուհի  տիկին Յասմիկ Քէշիշեանի  բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ամփոփ  ներկայացուց  հաւաքին առիթով յատուկ   հրաւիրուած Գերպ.  Տէր  Ստեփանոս  Ծայրագոյն  Վարդապետը։ Ապա բեմ հրաւիրեց   գերապատիւ  հայր սուրբը:  

«451-ին  թուականին քաջն  Վարդանը եւ հայոց  բանակի  1036  մարտիկներ իրենց արեամբ ներկեցին Աւարայրի դաշտը, որպէսզի հայը  կառչած մնայ   իր հաւատքին,  պահպանէ  իր  քրիստոնէական  հաւատքը: Իսկ  սրբազնագոյն  հոգեւորական Ղեւոնդ Երէցը  մասնակցելով  Աւարայրի  ճակատամարտին, իր   ելոյթներով ոգեւորեց    հայ մարտիկները, որուն համար ստացաւ  «Աւարայրի Արծիւ»  պատուանունը: Դառն եղաւ նաեւ Ղեւոնդ  Երէցի  ճակատագիրը:  Ան գերեւարուեցաւ եւ  նահատակուեցաւ Պարսկաստանի մէջ». ըսաւ  հայր սուրբը, աւելցնելով՝ հայ  ժողովուրդը    մերժեց    զրադաշտական կրօնքը եւ   հաւատափոխ  դառնալու  փոխարէն  իմացեալ մահով  պահպանեց իր   կրօնքն ու ինքնութիւնը: 

«Այսօր ոգեկոչելով  Վարդանանց   հերոսամարտը, մենք  կը նշենք   քրիստոնէական  հաւատքին հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը» ըսաւ հայր սուրբը:  Ան շեշտեց՝  «ոչ միայն  պարզապէս տօնենք, այլ մեր առօրեայ կեանքին մէջ ապրինք Սուրբ Վարդանի եւ  Ղեւոնդ Երէցի  հայրենասիրութեան եւ հաւատքի  հանդէպ   նուիրումի  ոգիով:»

Համախմբումի ատենապետուհի տիկին  Անահիտ Պուլտուքեան Տանձիկեանը  գրաւոր եւ power point-ի  միջոցով   ներկայացուց, տասներկու  գլխաւոր մասերէ բաղկացած,  միութեան վերջին երկու տարիներու գործունէութիւնը:    

Գերպ.  Տէր  Ստեփանոս  Ծայրագոյն  Վարդապետ   Փաշայեանը հաւաքը   եզրափակեց   «Պահպանիչ»ով:

*****

Ատենապետուհիին խօսքը՝

Գերապատիւ Տէր Ստեփանոս Ծայրագոյն  վարդապետ Փաշայեան,

Ազնուափայլ Տիկին Նարինէ Աթաբեկեան, կողակիցը՝ Լիբանանի մէջ ՀՀ  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն․ Վահագն Աթաբեկեանի,

Յարգելի  ներկաներ,

Բարի եկած էք  բոլորդ.

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին եւ Ձեր  բոլորին անունով  կը  փափաքիմ  շնորհակալութիւն յայտնել, 

  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ  Ծայրագոյն   պատրիարք  եւ Ամենայն  Հայոց կաթողիկոսին, որ այս դժուար օրերուն կը պայքարի հայրենիքի բարօրութեան եւ նաեւ, գործնապէս ու  նիւթապէս օգնութեան  ձեռք կը մեկնէ մեր Համախմբումին բարեսիրական  աշխատանքներուն: 
  • Մեծի  Տանն  Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Վեհափառին, որ մնայուն կերպով թիկունք կը կենայ սփիւռքահայութեան այս դժուարին օրերուն։
  • «BASSMA» բարեսիրական միութեան, շաբաթական տաք ճաշի դրութեամբ սպասարկութեան համար:
  •  «Rotary Club Beirut Cedars» food box-եր բաժնելու, «Innerwheel» եւ «Grassroot Lebanon» բժշկական պիտոյքներ տրամադրելու համար։
  • Բարերար բժիշկ Վարուժ Ալթեպարմաքեանին, որ կը տնօրինէ «Քլարա Մարկոսեան» հիմնադրամը, Միացեալ Նահանգներու  Ֆրեզնօ նահանգին մէջ, անոր բազմազան օժանդակութիւններուն համար։
  • Հրայր Տանձիկեան Հաստատութեան հիմնադիր տիար Հրայր Տանձիկեանին եւ ընդհանուր  տնօրէն պարոն Յակոբ  Տանձիկեանին իրենց մնայուն աջակցութեան համար։
  • Մեր  բոլոր վարչականներուն եւ ծառայողներուն, որոնք  անշահախնդրօրէն վառ կը պահեն Համախմբումին ջահը՝ առաքելութիւնը:

Այժմ պիտի ներկայացնեմ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր  Տիկնանց  Համախմբումին վերջին երկու տարիներու գործունէութիւնը․

Առաջին՝ 63-ամեակի նշում

Համախմբումին 63-ամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, 20 Նոյեմբեր, 2022-ին։

Իրենց ներկայութեամբ մեզի պատուեցին՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ՝ ներկայացուցիչներ, Գերաշնորհ Տէր Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեան՝ Լուսարարապետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Գերաշնորհ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան՝ Առաջնորդ Դամասկոսի թեմի եւ Բարձրաշնորհ Տէր Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեան՝ Լուսարարապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր դեսպան Պրն․ Վահագն Աթաբեկեանը իր տիկնոջ հետ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ազգային բարեսիրական միութիւններու, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ, հիւրեր եւ Համախմբումի անդամներ՝ որոնցմէ 65 նուիրեալներ ստացան յուշանուէրներ ուղարկուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն:

Երկրորդ՝ տաք ճաշի սպասարկութիւն եւ Կաղանդի տօնակատարութիւն

Գործակցաբար «BASSMA» բարեսիրական միութեան հետ, 

16 Փետրուար 2022-էն սկսեալ տեղի կ՚ունենայ շաբաթական դրութեամբ տաք ճաշի սպասարկութիւն եւ տարբեր  տեսակի  սննդեղէններու բաշխում՝ բանջարեղէն եւ ընդեղէն, տրամադրուած բարերարներու կողմէ։

Տարի մը, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ քահանայ Լօշխաճեանի հետ միասին։

Ապա, շնորհիւ Համախմբումի վարչութեան շարունակական աշխատանքին,  1 Փետրուար 2023-էն սկսեալ Սուրբ  Գէորգ  եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Նարեկ քահանայ Հաճինեանի հետ միասին։ Զոյգ եկեղեցիներու Տիկնանց Օժանդակ մարմինինները սիրայօժար կը գործակցին մեզի հետ։

Համախմբումի ատենապետուհին մասնակցեցաւ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցիի Կաղանդի տօնակատարութեան՝ 2022-ին։

«BASSMA» բարեսիրական միութիւնը 6 Յունուար 2022-ին հարիւր փոքրիկներու ներկայութեամբ կաղանդը տօնեց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։

Երրորդ՝ դեղորայքի հայթայթում 

Մայիս 2023-էն սկսեալ, Համախմբումի վարչութիւնը, ստանձնած է բարեսիրական նոր առաքելութիւն մը, շնորհիւ բժիշկ Վարուժ Ալթեպարմաքեանին,  օժանդակելու դեղորայքի կարիք ունեցողներուն, Լիբանանի տնտեսական ծանր պայմաններու պատճառով։

Ատենապետուհին նախանձախնդիր աշխատանքի կը լուծուի եւ կ՛ապահովէ անհրաժեշտ դեղորայքը, լիբանանեան  տարբեր դեղարաններէ, բաւարարելու համար դիմողներուն խնդրանքը՝ երկու ամսուան տեւողութեամբ գործածութեան համար, մասնայատուկ անհատական պարկերու մէջ։ Դեղորայքի հայթայթումը  մինչեւ  օրս տեղի ունեցած է հինգ առիթներով՝Շաբաթ  առաւօտները ժամը 9:00 – 12:00, Հրայր Տանձիկեան Հաստատութեան մէջ, Մըքալլէս, Լիբանան, հետեւեալ ամիսներուն՝

  1. 6 եւ 13 Մայիս,
    1. 8 եւ 15 Յուլիս,
    1. 2 եւ 9 Սեպտեմբեր,
    1. 4 եւ 18 Նոյեմբեր,

Իսկ, 2024-ին

  • 13 եւ 20 Յունուար,

Յաջորդ բաշխումը տեղի պիտի ունենայ՝ 9 եւ 16 Մարտին

Դեղորայքի դիմողներուն թիւը՝ սկիզբը հարիւր անհատ էր:    Ներկայիս   հարիւր երեսունի   հասած է թիւը:  

Բոլորն ալ ուրախ  տրամադրութեամբ  եւ գնահատական խօսքերով  կը մեկնին՝ Համախմբումին ծառայութեան հանդէպ յայտնելով իրենց երախտագիտութիւնը։

Նոյն առիթով, մենք առողջութիւն կը մաղթենք դեղորայք ստացողներուն եւ անոնց կը նուիրենք Սուրբ Էջմիածինէն հասած օրհնուած մոմեր։

Չորրորդ՝ օժանդակութիւն եկեղեցի ծառայողներուն

Կիրակի, 17 եւ 24 Սեպտեմբեր 2023-ին Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի անդամները ներկայ  գտնուեցան Սուրբ Գէորգ, ապա Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիներու մէջ մատուցուող պատարագներուն;

Ապա, երկու եկեղեցիներու սրահներուն մէջ տեղի ունեցան հաւաքներ, որուն ընթացքին Մ. Նահանգներու  Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ բժիշկ Վարուժ Ալթեպարմաքեանի  յատկացումով, Համախմբումի ատենապետուհին երախտագիտական ծրարներ բաժնեց դպրաց դասին եւ երգչախումբի անդամներուն։

Հինգերորդ՝ Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ  գմբէթի նորոգութիւն

Եկեղեցւոյ գմբէթին ճեղքերը ակնյայտ էին։ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը՝ պատճառ դարձած էր որ ձմրան՝ կաթիլ կաթիլ ջուր լեցուի եկեղեցւոյ նստարաններուն վրայ։  Համախմբումի ատենապետուհին դիմեց  բարերար բժիշկ Վարուժ  Ալթեպարմաքեանին, որ օժանդակէ նորոգութեան ծախսերուն։ Ան սիրայօժար մասնակցեցաւ գումարով մը։ Արժանապատիւ Տէր Նարեկ քահանայ Հաճինեանը հետապնդեց աշխատանքները, օժանդակութեամբ եկեղեցւոյ թաղական մարմինի  անդամներուն։ Մի քանի ամիս բծախնդիր աշխատանքէ ետք, գմբէթին եւ պատերուն ճեղքերը ինչպէս նաեւ ընդհանուր նորոգութիւնը ամբողջացաւ։

Վեցերորդ՝ պաշտօնական ընդունելութիւններ

Հանդիպումներ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Լիբանան ժամանած սրբազան հայրերու,  Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2022, կէսօրէ ետք ժամը 4֊-ին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, Գերշ. Մուշեղ Եպիսկոպոս Բաբայանի՝ Լուսարարապետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Գերշ. Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեանի՝ Առաջնորդ Արցախի թեմի հետ։

Սրբազան հայրերը ներկաներուն ծանօթացուցին իրենց կատարած աշխատանքները։  Այս առիթով, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական  կոկիկ յայտագիր մը։ Ապա ներկաները հարցումներ ուղղեցին Սրբազան հայրերուն։ Հանդիպումը  փակուեցաւ Պահպանիչով։

Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2022, առաւօտեան ժամը 10։30-֊ին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, Գերշ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի հետ՝ Առաջնորդ Շիրակի թեմի:Արժանապատիւ  Տէր Ղեւոնդ Քահանայ Լոշխաճեան,  ներկայացուց սրբազան հօր կենսագրականը և վարեց մէկ ժամ տեւող յայտագիրը։

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրին մաս կազմեցին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի սաներ՝տհոլով, ասմունքով, սրինգով, եւ հայկական երգերով։

Սրբազան հայրը ներկաներուն ծանօթացուց  Շիրակի մարզին աշխատանքները ։ Հանդիպումը  փակուեցաւ Պահպանիչով։

Ներկաները  փափաքեցան որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հոգեւորականներ յաճախ այցելեն  Պէյրութ,  մեզ ոգեւորեն հայրենիքի շունչով և ոգիով։

Եօթներորդ՝ պաշտօնական այցելութիւններ

Ուրբաթ, 4 Օգոստոս,  եւ 22 Սեպտեմբեր 2023֊-ին Համախմբումին վարչութիւնը  այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին, Պիքֆայա։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ արծարծուեցան այժմէական հարցեր։

Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2023֊-ին, Համախմբումին կազմը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր  Լուսաւորիչ Մայրավանքին մէջ։ Համախմբումը  շնորհաւորեց   Վեհափառ  տիրոջ Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով խաղաղութիւն համայն աշխարհին, առողջութիւն և միասնականութիւն հայ ազգին։

Համախմբումին վարչութիւնը նաեւ տուաւ ցաւակցական այցելութիւններ եւ  սերտօրէն  կը  գործակցի  Լիբանանի Ընկերային ծառայութեան միութեան հետ։

Ութերորդ՝ աւանդական հոգեհանգստեան պաշտօնի կատարում

Կիրակի 3 Դեկտ․ 2023-֊ին, Ս.Գէորգ Եկեղեցւոյ  մէջ,

հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ մեզմէ յաւերժ մեկնած Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի հիմնադիրներուն, ատենապետուհիներուն, բարերարներուն և անդամներուն յիշատակին։

Իններորդ՝ մասնակցութիւն ՀԲԸՄ-ի “Christmas” պազարին

Ինչպէս անցեալ տարի,  այս տարի եւս, Համախմբումը  մասնակցեցաւ  ՀԲԸՄ-ի Տիկնանցին կազմակերպած Դեկտեմբեր ամսուան  պազարին, որ աւանդաբար տեղի կ՚ունենայ   Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ։

Այս առիթով, Համախմբումին վարչութիւնը ցուցադրեց վաթսուն հինգ  զանազան տեսակի իրեր: Վաճառուած  իրերուն հասոյթը տրամադրուեցաւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ խորանին բարեզարդման, ինչպէս նաև Արցախէն տեղահանուած հայորդիներուն։

Տասերորդ՝ քառասուն երեխաներ

Ներկայ գտնուեցան «CHRISTMAS ON ICE PROGRAM»-֊ին Տպայէյի մէջ, «BASMA» բարեսիրական միութեան հրաւէրով։ Շնորհակալութիւն կը  յայտնենք,  յատկապէս նախագահ տիկին Սանտրա Խլատին և անձնակազմի անդամներուն։

Տասնմէկերորդ՝ օժանդակութիւն արցախահայութեան

Համախմբումի ատենապետուհին Հայաստանի Հանրապետութեան զանազան մարզեր այցելեց եւ օգնութեան ձեռք մեկնեց Արցախէն բռնի տեղահանուած հայորդիներուն։

Սուրբ Էջմիածնի ընկերային ծառայութեան պատասխանատու Տէր Մարկոսի տնօրինութեամբ, 7 եւ 8 Նոյեմբեր 2023-ին, Համախմբումի ատենապետուհին այցելեց՝ ՀՀ Արմաւիրի մարզի Զուարթնոց տարածաշրջանի Դիմակ կեդրոնը,  ինչպէս նաեւ ՀՀ Արարատի մարզի Արտաշատի տարածաշրջանի Մրգաւան գիւղը։

Երկուշաբթի, 8 Յունուար, 2024֊-ին, արժանապատիւ Տէր Գարեգին Սարգիսեանի, հոգեւոր հովիւ Ամասիա գիւղի եւ Հռիփսիմէ Պալեանի հետ այցելեցինք եւ մեր որդիական պարտականութիւնը կատարեցինք բռնի տեղահանուած բազմանդամ տասնվեց ընտանիքներու։

Երեքշաբթի, 9 Յունուար, 2024-֊ին, արժանապատիւ Տէր Մակար քահանայ Գալամդարեանի՝ հոգեւոր հովիւ Ազատան գիւղի եւ Հռիփսիմէ Պալեանի հետ այցելեցինք Շիրակի մարզի հետեւեալ գիւղերը՝ Հայկաւան, Երազգաւորս, Գետք, Ղարիպճանեան, Ախուրիկ որոնք սահմանամերձ են Թուրքիոյ հետ։ Մեր որդիական պարտականութիւնը կատարեցինք բռնի տեղահանուած բազմանդամ տասներկու ընտանիքներու։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը յառաջիկային Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ ապրող արցախցիներուն ։

Համախմբումի վարչութեան համար  հոգեկան գոհացում  դարձած  է նուիրումը եւ բարեսիրական ծառայութիւնը: Շնորհակալութեան խօսք ունիմ  բոլոր անոնց, որոնք  կը  հաւատան մեր առաքելութեան,  նիւթապէս, բարոյապէս սատար կը  կենան եւ կ՛օժանդակեն  մեր Համախմբումին ծրագիրներուն յաջողութեան:

Տասներկրորդ՝  

Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչութիւնը եւ բոլոր անդամները սրտի դառն կսկիծով  կը գուժեն իրենց  երկարամեայ անդամուհիներուն մահը։

                        2020-ին

  1.     Տիկին Արմէնուհի Ռուսիալեան, 10 Նոյեմբեր

                        2021-ին

  •      Տիկին Սեդա Քօլանճեան 27 Փետրուար
  •      Տիկին Աղաւնի Ասիլեան, 15 Մարտ

                        2022-ին

  •        Տիկին Սարիթա Թօմպուլեանի, 12 Հոկտեմբեր
  •        Օրդ. Ռուբինա Ճիկերեանի, 28 Հոկտեմբեր
  •        Տիկին Արշալոյս Գուրդեանի, 1 Դեկտեմբեր

                        2023-ին

  •         Տիկին Անժէլ Քիւբէեան, 24 Յունուար
  •         Տիկին Լենա Եարտմեան, 12 Մարտ
  •          Օրդ. Լուսին Թապագեան, 22 Մարտ
  • Օրդ. Թէրէզ Մութրան, 16 Օգոստոս
  • Տիկին Մարիամ Չօպանգրիգորեան,  8 Սեպտեմբեր

2024-ին

  1. Տիկին Յասմիկ Պապահեքեան, 2 Յունուար։

Հանգուցեալ անդամները բաժնուեցան մեզմէ, բայց անոնց  յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ։ Աստուած հոգիները լուսաւորէ։ Խունկ և աղօթք իրենց յիշատակին։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին