Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Անժամանցելի Աւարայրը

Հայ ժողովուրդին բազմադարեայ գոյերթին մէջ, Աւարայրի Ճակատամարտը, մեր  ազատագրական պայքարի, ազգային ինքնուրոյնութեան եւ աննկուն կամքի դրսեւորման ամենավառ եւ դիւցազնական էջերէն է:

Մեր պատմութեան մէջ, Վարդանանց պատերազմը մեր ազգին մղած գաղափարական պայքարներուն առաջին օղակն է ՝մահուամբ մահին յաղթելու ներքին պահանջի մը փայլուն մէկ արտայայտութիւնը, որ նոր մակարդակի մը վրայ բարձրացուց հայ մարդը եւ հայթայթեց անոր կեանքը գնահատելու բոլորովին նոր չափանիշ մը:

Արդարեւ, եթէ մեր հայրենիքին մէջ լուսաւորութեան պայքարը սկսաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով, իսկ մինչ Մեսրոպ Մաշտոց տուաւ անոր ազգային հիմք մը, ապա Վարդանանց քաջերը իրենց արեամբ նուիրագործեցին հայրենիքին համար անհրաժեշտ նոր գաղափարները, եւ դէպի դարերը սլացող վսեմ նկարագիր մը:

Վարդանանց գոյամարտը իր մէջ պարունակող տպաւորիչ եւ չխամրող խորհուրդով դարեր շարունակ ոգեշնչած է եւ ուղեկցած է Հայ ժողովրդին՝ թշնամիին դէմ իր մղած, շատ յաճախ անհաւասար գոյամարտերուն մէջ:

Դարեր անցած են Վարդանանց պատերազմէն սակայն հայուն համար  վերջ չէ գտած Աւարայրի ճակատամարտը, որովհետեւ հայուն սպառնացող վտանգը տակաւին առկայ է, հետեւաբար Վարդանանց զոհաբերութեան խորհուրդը, պէտք է սերունդէ սերունդ գոյատեւէ մեր հոգեկան իմացականութեան մէջ, որպէս հաւատքի ուժ եւ ազգային ոգի, ու մեր մէջ զօրանայ անոնց հաւատարիմ մնալու մեր ուխտը:

Այսօր, եւ մինչ Հայ ժողովուրդը իր արդի պատմութեան ամենավտանգաւոր օրերը կ՛ապրի, Աւարայրի խորհուրդն է, որ մեզի պիտի առաջնորդէ դուրս գալու այս մղձաւանջէն, որուն հեղինակը այս անգամ, ո՛չ թէ միայն արտաքին թշնամին է, այլ նաեւ՝ ներքին թշնամին:

Վերջին աւելի քան 5 տարիներուն պատմական թիւրիմացութեան մը իբրեւ արդիւնք խումբ մը անհայրենիք արկածախնդիրներ մեր հայրենիքին իշխանութիւնը կորզեցին: Անոնք իրենց ապազգային ղեկավարութեամբը, ամէն ինչ կ՛ընեն ճզմելու մեր ժողովուրդի պայքարելու ոգին: Հայրենիքէն հողեր կը զիջին թշնամիին, իրենց դիրքերը պահելու համար պատրաստ են կնքելու այսպէս կոչուած խաղաղութիւն, այն թշնամիին հետ, որուն հետ բարեկամութիւնը աւելի վտանգաւոր է, քան թշնամանքը: Իշխանութիւն մը, որ բացայայտ կը պայքարի չէզոքացնելու ազգային մեր արժէքները. Հայոց Պատմութեան դասագիրք կը խեղաթիւրէ, Հայ Գրականութեան դասագիրքէն դուրս կը բերէ հայրենաշունչ Րաֆֆիի նման մեծեր, Հայերէն լեզուի նախակրթարանի դասագիրքերուն մէջ կը ներմուծէ ազերի գրողներու պատմուածքներ, կը փորձէ նսեմացնել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին եւ ապիկար նշանակումներով եւ անհասկնալի հրամանատարութեամբ, դիտաւորեալ կ՛անդամալուծէ մեր հպարտանքն ու փառքը հանդիսացող Հայկական Բանակը:

Այսօրուայ դառն իրավիճակը աւելի եւս կարեւոր կը դարձնէ Աւարայրի խորհուրդով առաջնորդուելու անհրաժեշտութիւնը, ուր հայ ժողովուրդը մարտնչեցաւ վասն կրօնի իր հաւատքով եւ վասն հայրենեաց իր տեսիլքով:  Աւարայրի ճակատամարտին, Հայ ժողովուրդի բանակին ու աշխարհազօրայինին առաջնորդեց իր ազգային ընտրանին (էլիթը), որ իրենց հողին տէր ու պաշտպան կանգնող ազնուական տոհմերու առաջնորդներն ու իշխանազուններն էին, քրիստոսի խաչովը իր ժողովուրդը առաջնորդող հայ եկեղեցականը, իր հոգեհատորներուն հայրենիք ժառանգելու համար պայքարող գիտակից հայ մայրերն ու անձնազոհ քոյրերը, ազգային մեր իւրայատուկ մշակոյթն ու արժէքները, մեր ժողովուրդին անկախութիւնն ու ազատութիւնը  անձեռնմխելի պահելու հաստատակամութիւնը ունեցող վեհ ընտրանի մը: Այս բանը աւելի եւս պատկերացնելու համար համար կ՛արժէ մտաբերել Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակի «Վարդանանք», պրոնզաձոյլ արձանախումբը (տես նկարը)՝ Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած բազմատարր յուշարձանը: Վերը, իր ձիուն վրայ, Հայոց Այբ ու Բեն-ով դրոշմուած պատուանդանին վրայ ՝  Վարդան Մամիկոնեանն է՝ մէկ ձեռքին խաչ եւ դրօշ, միւսին՝ սուրը։ Միւս պատուանդաններուն  վրայ հայոց կաթողիկոս՝ Յովսէփ Ա Վայոցձորցին է, Ղեւոնդ Երէցը, Սահականուշ իշխանուհին եւ Արշաւիր Կամսարական ազնուատոհմ իշխանը:

Մեր երկիրը ասպատակող իւրաքանչիւր ցեղ ու ազգ իր առաջին խնդիրը ըրած է մեր պատմական ազգային ընտրանին գլխատելն ու ոչնչացնելը: Եւ այսպէս, դարերու ընթացքին առաջին հերթին հարուածուած  են մեր նախարարական տոհմերը, եկեղեցին, հայկական մշակոյթն ու մտաւորականութիւնը: Այսինքն, Վարդանանց նման այն գաղափարապաշտ մարդիկը, որոնք քաջ գիտէին հայրենի հողին ու մշակոյթին արժէքը եւ որպէս իրենցը՝ ոգի ի բռին կը պաշտպանէին զայն, կառչած մնալով անոր:

Այսօրուայ մեր դժբախտութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ չունինք նմանօրինակ ազգային ընտրանի: Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան ընտրանին, ի տարբերութիւն Ծիծեռնակաբերդը, Օփերայի շէնքը, Մայր Հայաստանի յուշակոթողը, Մաշտոցի անուան Մատենադարանը ու նմանօրինակ ազգային յիշողութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչող կառոյցներ կանգնած Բ. Հանրապետութեան, պետականամէտ եւ ի հեճուկս սովետական կաշկանդումներուն՝ հայրենասէր ընտրանիին, մեծաւ մասամբ առեւտրականներ ու կապալառուներ են (եթէ չհաշուենք շատ փոքր թիւով որոշ բացառութիւններ): Առեւտրական «ընտրանիի» մը միակ նպատակը իր սեփական հարստութիւնը բազմապատկելն է: Շարքային առեւտրականին հայրենիքը իր պանքային հաշիւն է: Ան նուաստացուցիչ համակերպումի յատուկ ունակութեամբ մը, պատրաստ է յանուն իր սեփական հաստատութիւններուն բարգաւաճումին, զոհել ազգային գաղափարախօսութիւնը: Առեւտրական ընտրանին, «ուր հաց, հոն կաց»ի ռահվիրայ էլիթն է…: Մեր հայրենիքի այսօրուայ անհայրենիք «ընտրանին» վերջին 30 տարիներու կրթական եւ մշակութային սխալ քաղաքականութեան մը արտադրածներն են: Եւ ի տարբերութիւն Բ. Հանրապետութեան արտադրած Արցախը ազատագրող սերունդին, վերջին երեք տասնամեակներու իրերայաջորդ իշխանութիւնները, գիտնալով կամ առանց գիտնալու, արտադրեցին նիկոլն ու նիկոլիզմը…: Արտադրեցին այսօրուայ խնդրայարոյց պատմութեան դասագիրքը պատրաստող, իբր թէ պատմաբան՝ ապազգային մակաբոյծներ, անոնց պաշտպանողներ եւ նմանօրինակ ոչնչութիւններ:

Ինչպէ՞ս շրջել այս դառն իրականութիւնը: Մեզի պէտք է օրինակ, Դիլիջանի կլոպալիստական քոլէճին հնարաւորութիւնները ունեցող, սակայն ճիշդ հակառակին միտող ձեռնարկութիւնը՝ «Հայ Ազգային Քոլէճ» մը հիմնադրել, ուր գիշերօթիկային պայմաններու մէջ մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան (ազգային գաղափարական ոգիով առլցուն ուսուցիչներու շունչով (որոնց տերեւաթափը դժբախտաբար արդէն սկսած է) թրծուին Վարդանանց ոգիով, ազգային-գաղափարական, ինչո՛ւ չէ՝ ազգապաշտ արմատական մտահորիզոնով սերունդներ, որոնց ապագային՝տրուի ամէն հնարաւորութիւն տեղաւորուելու ազգային, պետական ու զինուորական բարձր դիրքերու վրայ: Իրենց տրուի, առանց օրուայ հացի կամ ընտանիք պահելու մտահոգութեան, հայրենիքի մէջ կենսագործելու ամէն հնարաւորութիւն եւ միջոց:

Որո՞նք պիտի ընեն այս, եթէ ոչ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի ազգային կառոյցներու մէջ դեռեւս ամուր կանգնած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին նուիրապետական աթոռները, նախորդ մեր մութ դարերը հայկականութեամբ լուսաւորած Մխիթարեանները, իր հիմնադիրներուն տեսիլքին հաւատարիմ մնալու հրաւիրուած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան այսօրուայ ղեկավարութիւնը,  իրենց ունեցած անշարժ կառոյցներով եւ ֆինանսական  հնարաւորութիւններով: Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութեան, Վենետիկի Ս. Ղազարի, Ֆրանսայի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանի, կամ ՀԱյրենիքի մէջ համապատասխան պատմական շէնքերը, իրենց աւանդական շուքով, ինչի՞ համար են, եթէ ոչ նման հիմնարկներու հաստատմանը:

Անժամանցելի Աւարայրի՝ Վարդանանց հերոսներու խորհուրդը այսօր մեզի կը պարտադրէ անյապաղ լծուիլ ազգային ոգիով դաստիարակուած քաղաքական, տնտեսական, ֆինանսական, գիտական, մշակութային եւ ռազմական ընտրանի պատրաստելու սուրբ պարտականութեան: Վարդանանց խորհուրդին հաւատարիմ, նորահաս ազգային իրաւ ընտրանին է միայն, որ ատակ կրնայ ըլլալ միասնաբար ստանձնելու  պատասխանատուութիւնը մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին ներկան բարելաւելու եւ պայծառ ապագան ապահովելու աշխատանքին, մինչ մենք կը յիշենք մեծն Թէքէեանի ոգեշունչ ու անժամանցելի, հետեւեալ անմահ տողերը.

…Սեւցած երկնքին ներքեւ` երկնքի
Ճաճանչ մը յանկարծ գետնէն կը ծագի:

Վարդանի հոգին, հրագո՛ւնդ անշէջ,
Կը մտնէ՜ մըռայլ ապագային մէջ:

Հոգիներուն մէջ ան կ՛երթա՜յ առաջ`
Հոգիներէն դուրս ցըցած սուր ու խաչ:

Կը զարնէ խաչովն ու սուրովը գիր
Կը գրէ, կ՛օրհնէ՜ Վարդանը կարմիր:…

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին