Շաբաթ, 04. 05. 2024

spot_img

Խստօրէն Կը Դատապարտենք Հանրային Հեռուստաընկերութեան Գործելաոճը․ ՀԺՄ

Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ՝ըսուի․

«Արցախի մէջ տեղի ունեցած ու շարունակուող ողբերգական իրադարձութիւններուն, հարիւրաւոր զոհերու եւ վիրաւորներու, խաղաղ բնակիչներու բռնի տեղահանութեան, ցեղական զտման, հասարակութեան մէջ ամէն ժամ աճող անորոշութեան ու տագնապի համապատկերին մէջ, Արցախին ու Հայաստանին, հայ հասարակութեան ամէնամեծ վնասը, դժբախտաբար, կը հասցնի ՀՀ պետական պիւտճէէն, հարկատուներու միջոցներով ֆինանսաւորուող Հանրային հեռուստաընկերութիւնը՝ իր ղեկավար կազմով, բայց առաջին հերթին՝ լրատուական ծառայութեան պատասխանատուներով ու նիկոլ փաշինեանի քարոզչագործիքին դերը կատարող պետրոս ղազարեանով, ինչպէս նաեւ քարոզիչ-փորձագէտներու բանակով։

Նպատակը ակնյայտ է՝ մեղաւորներ կարգել, հասարակութիւնը մոլորեցնել եւ ՀՀ կառավարութեան պատասխանատուութիւնը նուազեցնել:

Վերջին ամենացայտուն օրինակը Արցախի ՊԲ նախկին հրամանատար սամուէլ բաբայեանի մասնակցութեամբ հարցազրոյցն էր, որուն ընթացքին վերջինս այս զգացմունքային գերլարուած, ողբերգական իրավիճակին մէջ, երբ հազարաւոր արցախահայեր անմարդկային պայմաններու մէջ կը փորձեն կեանքի գնով անցնիլ Արցախէն Հայաստան օրեր երկարող ճանապարհը՝ փորձելով փրկուիլ ցեղասպանուելէ, ան միակողմանի, կեղծ պնդումներով, աժանագին մեթոտներով կը նենգափոխէ իրականութիւնը, թիրախ կը դարձնէ եւ կ՝անուանարկէ յստակ անձեր, հիմնաւորումներ ու ապացոյցներ պահանջող մեղադրանքներ կը հնչեցնէ Արցախի այն իշխանութիւններու հասցէին, որոնք առարկայական պատճառներով այսօր չեն կրնար պատասխանել իրեն, քանի որ, ի տարբերութիւն սամուէլ բաբայեանի, որ արագ եւ ապահով դուրս եկած է Արցախէն՝ այնտեղ ձգելով հազարաւոր արցախցիներ, Արցախի մէջ են եւ կը փորձեն դուրս բերել ժողովուրդը։

Պատահական չէր նաեւ Երեւանի մէջ նիկոլ փաշինեանի հրաժարականի պահանջով բողոքի ցոյցերը, ցոյցերն ու հանրահաւաքները լուսաբանող, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան քաղաքական գիծին աջակցող լրատուամիջոցներուն կողմէ գործածուող խտրական, արցախահայերը թիրախ դարձնող բառապաշարը: Նոյն բառապաշարն էր նաեւ ՀՀ Քննչական կոմիտէի պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ:

Նշեալ լրատուամիջոցները կը հրապարակէին ցուցարարներու արցախեան ծագումը շեշտող լուրեր՝ թիրախ դարձնելով, անուանարկելով անոնց։

Այս ծիրէն ներս խիստ անհանգստացնող է հասարակութեան մէջ Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերէն ատելութեան տարածումն ու սերմանումը Արցախի ներկայ իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ նախկին բոլոր իշխանութիւններու հասցէին։ ՀՀ գործող իշխանութիւնները, որոնք հասարակութիւնը 5 տարի շարունակ սեւերու եւ սպիտակներու, ներկաներու եւ նախկիններու բաժնելով՝ իրարու դէմ ատելութիւն ու թշնամութիւն կը տարածէին՝ գռեհիկ բառապաշար եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելով, այսօր նոյնը կը շարունակեն նաեւ Արցախի ժողովուրդին ու Արցախի իշխանութիւններուն, Հայաստանի նախկին իշխանութիւններուն, հանրային, քաղաքական գործիչներուն հանդէպ։

Խնդիրը տուեալ պարագային ոչ սամուէլ բաբայեանի անձն է եւ ոչ ալ անոր հակապետական գործունէութիւնը (մարդկային յիշողութիւնը անկարող է մոռնալու այն դաժանութիւնները, որմով սամուէլ բաբայեանը կը զբաղէր Արցախի մէջ ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն ետք, իսկ մամուլի արխիւները կը պահպանեն անոր վայրագութիւններուն եւ անոնց զոհերուն մասին վաւերագրութիւնները), այլ այն, որ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւնն է հայկական եթերով սին, միակողմանի մեղադրանքներ, թշնամական նիւթեր ու խարդախութիւններ տարածողը։

ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, Telegram ալիքները երէկուընէ փութաջանօրէն կը տարածեն սամուէլ բաբայեանի՝ Հ1-ին տուած հարցազրոյցին հատուածները, որ մէկ անգամ եւս կ՝ապացուցէ, որ Հ1-ը՝ տուեալ պարագային, ի դէմս սամուէլ բաբայեանի, կը նպաստէ ազրպէյճանական նիւթերու տարածման։

Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Հանրային հեռուստաընկերութեան այս գործելաոճը, կը պահանջէ Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի ազգային յանձնաժողովէն, իրաւասու այլ պետական կառոյցներէ քայլեր ձեռնարկել՝ անյապաղ կանխելու հարկատուներու, պետութեան միջոցներու հաշուին հանրութիւնը ապատեղեկացնելու ոչ մասնագիտական, հակահայկական քաղաքականութիւնը։

Կոչ կ՝ընենք վե՛րջ տալու իշխանութիւններու սանձազերծած քարոզչութեան եւ պետական հանրային միջոցները չմսխելու եւ զայն չծառայեցնելու ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ որդեգրած՝ ատելութիւն սերմանելու, ապատեղեկատուութիւն եւ թշնամանք տարածելու, քաղաքական մրցակիցները հեղինակազրկելու, իրենց պատասխանատուութիւնը այլ մարդոց վրայ բարդելու եւ թշնամի պետութեան նպատակներուն, օրակարգին:

Կը հրաւիրենք լրատուամիջոցներու, խօսքի ազատութեան, մամուլի խնդիրներով զբաղող տեղական ու միջազգային կազմակերպութիւններու, հանրային աշխոյժ գործիչներու ուշադրութիւնը՝ կոչ ընելով դիրքորոշում արտայայտելու հանրային միջոցները իշխանական եւ թշնամական քարոզչութեան ծառայեցնելու այս բացայայտ գործելաոճին վերաբերեալ։

Յայտարարութեան միացած են՝

  1. Սաթիկ Սեյրանեան-Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան նախագահ, «168 Ժամ» թերթի եւ 168.am կայքի գլխաւոր խմբագիր
  2. Բագրատ Եսայեան- «Երկիր մեդիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէն
  3. Արկադի Գրիգորեան – Tert.am կայքի գլխաւոր խմբագիր
  4. Սոնա Տռուզեան – «Pastinfo» լրատուական էջի ղեկավար
  5. Գէորգ Էմին-Տէրեան-Oragir.news լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր
  6. Անժելա Նալբանդեան-PARA TV-ի փոխտնօրէն
  7. Փիրուզա Մելիքսեթեան- «Իրատես» թերթի գլխաւոր խմբագիր
  8. Փայլակ Ֆահրադեան-Irakanum.am կայքի խմբագիր
  9. Ժաննա Ծառուկեան-LIVEnews.am, գլխաւոր խմբագիր
  10. Անժելա Թովմասեան-«Հայելի» ակումբի գլխաւոր խմբագիր
  11. Սեւակ Յակոբեան-Yerevan.Today լրատուական-վերլուծական կայքի գլխաւոր խմբագիր
  12. Տաթեւ Այվազեան-Armday.am կայքի խմբագիր, տնօրէն
  13. Սամուէլ Չախալեան – «Բիզնես 24»-ի տնօրէն
  14. Տիգրան Գալստեան- 24NEWS.am-ի գլխաւոր խմբագիր
  15. Անի Գէորգեան – NewDay.am կայքի խմբագիր
  16. Բեթղեհեմ Արաբեան – Hayastan.news կայքի գլխաւոր խմբագիր
  17. Աստղիկ Մաթեւոսեան – AntiFake.am կայքի գլխաւոր խմբագիր
  18. Լիա Խոջոյեան MediaHub.am կայքի գլխաւոր խմբագիր
  19. Սեւակ Յակոբեան- Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր
  20. «Ժողովուրդ» օրաթերթ
  21. «Եռագոյն» (Yerakouyn.com) Արեւմտահայերէն լրատուական կայք

Յայտարարութիւնը բաց է միանալ ցանկացողներուն համար: Կրնան միանալ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, եւ հանրային գործիչներ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին