Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Այցելութիւն ԳՈՀԱՐ Գրադարան

Երգը կ’ազնուացնէ հոգին: Հայ մշակոյթը, երգն ու երաժշտութիւնը մեր գոյութեան պահպանման կարեւորագոյն ազդակներն են:  Ուստի, մշակութային ծարաւը յագեցնելու եւ երաժշտական յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի Միջն. Բ. եւ Գ. դասարանի աշակերտները, 4 Ապրիլ 2023-ին այցելեցին «ԳՈՀԱՐ»` աննախընթաց եւ իւրայատուկ, հայերէն երգարաններու եւ բառարաններու գրադարանը, որուն մտայղացումն ու կեանքի կոչումը կատարած է արուեստասէր Խաչատուրեան եղբայրները, յանձինս Տիար Յարութ Խաչատուրեանի:

Մեր վարժարանի աշակերտները գրադարանի պատասխանատու՝ Տիար Կարօ Տէրունեանի օգնութեամբ եւ բացատրութիւններով, ծանօթացան գրադարանի հիմնադրութեան պատմութեան, հարուստ, տեսակաւոր եւ արժէքաւոր երգարաններու, բառարաններու, հայոց ցեղասպանութեան մասին գրուած զանազան ուսումնասիրութիւններու եւ վկայութիւններու, ինչպէս նաեւ պատմական յուշամատեաններու հաւաքածոներուն։ Ապա տեղափոխուելով գրքակազմութեան բաժին, անոնք դիտեցին եւ փորձեցին գիրքերու նորոգման եւ կազմութեան աշխատանքները։ Արժէ յիշել նաեւ, թէ Տիար Յարութիւն Խաչատուրեան գրադարանի բացման արարողութեան ժամանակ՝ 7 Յուլիս 2012-ին ըսած է.- «Այս գրադարանին հաւաքածոն անձնական ջանքերով հաւաքուած է տարբեր երկիրներէ եւ անկիւններէ վերջին 30-40 տարիներուն ընթացքին, ուր որ հայը գոյութիւն ունեցած է: Այս հաւաքածոն կը փաստէ, որ հայը իր հաստատուած կամ ապաստան գտած երկրին մէջ զարկ տուած է հայոց լեզուին, երգ ու երաժշտութեան, որքան որ ալ դժուար եղած են պայմանները»:

Գրադարանի հարուստ հաւաքածոները շարունակական զարգացման մէջ են: Իսկապէս, արժէ այցելել բազմանգամ:

Այցելութեան աւարտին մեր աշակերտները ստացան յատուկ նուէրներ Խաչատուրեան եղբայրներու կողմէ։

Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ՝ Տիար Յարութ Խաչատուրեանին, մեզ սիրայօժար ու սրտաբաց ընդունելութեան համար, ինչպէս նաեւ գրադարանի պատասխանատու՝ Տիար Կարօ Տէրունեանին եւ գրքակազմութեան ու նորոգութեան բաժնի աշխատակիցներուն, իրենց աջակցութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին