Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

ՍՈՆԻԱ ՍԻՍԼԵԱՆ

 Կիրակի, 12 Մարտ 2023-ի երեկոյեան Պէյրութի Հայ Աւետարանական Ա. Եկեղեցիին մէջ տեղի  ունեցաւ Շքադրումի Հանդիսութիւն ներկայիս Հայ Աւետարանական Վարժարաններու մէջ  պաշտօնավարող ուսուցիչներու որոնք վերջերս ամբողջացուցած էին քսանհինգամեայ  կրթական ծառայութիւն որու առնուազն տասնըհինգամեայ վաստակը քաղած էին  Աւետարանական Վարժարաններու մէջ: 

Մեծարանքի այս հանդիսութիւնը ծրագրուած էր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական  Եկեղեցիներու Միութեան (Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ.) Կրթական Խորհուրդին կողմէ եւ կը վայելէր  Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ.ի Կեդրոնական Մարմինի հովանաւորութիւնը: 

Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Քայլերգներէն ետք Հայ Աւետարանական  Կրթական Խորհուրդի ատենապետ Դոկտ. Արտա Էքմէքճի ներկայացնելով այս  հանդիսութեան պատմականը, ըսաւ թէ Կրթական մշակներու երկարամեայ ծառայութեան  այս նշումը սկսած էր 1970 թուականին 5 ուսուցիչներու պարգեւատրումով, եւ այս օրուան 9  ուսուցիչներով կը պարփակէր 150 նուիրեալներ: 

Դոկտ. Արտա Էքմէքճիի բարի գալուստի եւ օրուան յաւուր պատշաճի Հայերէնով եւ  Արաբերենով խօսքերէն ետք Հայ Աւետարանական Ա. Եկեղեցիի հովիւ՝ Վեր. Ժիրայր  Ղազարեան Աստուածաշունչի ընթերցումով եւ շնորհակալական ու աղերսանքի աղօթքով  ժողովուրդն ու յատկապէս ուսուցիչները դրաւ Աստուծոյ գահուն առջեւ: 

Հայ Աւետարանական Գոլէճի աշակերտ՝ Հրակ Մամիկոնեանի Վահան Թէքէեանի  «Հաշուեյարդար»ի ասմունքէն ետք Տիկին Սօսի Պալեան status ներկայացուց  օրուան բանախօս՝ Տիար Կարօ Յովհաննէսեանն որպէս Հայկազեան Համալսարանի,  Պէյրութի Ամերկեան Համալսարանի ու Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի  շրջանաւարտ, ուսուցիչ, տնօրէն,դասախօս, խմբագիր, յօդուածագիր ու հեղինակ:   

Շուրջ յիսուն տարիներու կրթական վաստակ ունեցող Պրն. Կարօ Յովհաննէսեան իր խօսքը  սկսաւ դրուատելով Հայ Աւետարանական համայնքի բեղուն գործունէութիւնը յատկապէս  կրթական մարզին մէջ եւ ապա անդրադարձաւ հայ ուսուցիչին ու անոր դիմակալած  մարտահրաւէրներուն, եւ իր խօսքը ամբողջացուց գեղեցիկ պատկերովը ջուրի մէջ գտնուած  ժայռին՝ ուսուցիչին որ, ժամանակի դաւալումին ու ջուրի զօրաւոր բախունմներուն եւ  ցնցումներուն դէմ յանդէմ քալով հանդերձ, կը պահէ ինքզինք նոյ ՛ ն ջուրի թէկուզ այլ վայրին  մէջ:

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի երրեակ՝ Ռանուա Պէրպէրիի  (դաշնամուր), Յասմիկ Այնթապլեանի (ֆլիւթ) եւ Նարօ Գարաեանի (կիթառ)  Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի «Կտոր մը Երկինք» նուագի մատուցումէն ետք բեմ  բարձրացաւ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ.ի Նախագահի Տեղապահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան  ներկաներուն փոխանցելու Միութեան խօսքը: 

 Վեր. Դոկտ. Հայտօսթեան շեշտեց այն իրողութիւնը թէ կրթական-դաստիարակչական մարզը  իր Քրիստոնէական Դաստիարակութեան ըմբռնումովն հիմնարար դիրք կը գրաւէ Հայ  Աւետարանական Եկեղեցւոյ համապարփակ առաքելութեան մէջ : 

«Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջ վախն է, եւ ամենասուրբին գիտութիւնը հանճառ է:» Առակաց  9.10 եւ ըստ այնմ, Հայ նոր սերունդներուն«Խելամիտ ուղղութիւն» ջամփելու «առաքելութիւնը  կը ստանցնեն իրենց պաշտօնին գիտակից ուսուցիչները, որոնք արժանի են ամէն  մեծարանքի» նշեց ան: 

ՄԱՀԱԵՄի անունով անհուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլոր ուսուցիչ ուսուցչուհիներուն  Վեր. Դոկտ. Հայտօսթեան ընկերակից ունենալով օրուան բանախօս Տիար Կարօ  Յովհաննէսեանն ու Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդի ատենապետ Դոկտ. Արտա  Էքմէքճին, ոսկեայ շքանշաններով պարգեւատրեց 9 մեծարեալները որոնք իրեն կը  ներկայանային Դոկտ. Էքմէքճիի կողմէ ստացած իրենց գնահատագիրերով: 

Առ այդ հերթաբար բեմ բարձրացան կրթական մշակներ 

Տիկ. Անի Ճիկէրեան Դաւիթեան 

 Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանէն  Տիկ. Եսթեր Հայտօսթեան Քիլաղպեան 

 Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանէն  Տիկ. Լիւսի Պէքէրէճեան Հալլաճեան 

 Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանէն  Տիար Հաննա Պշարա 

 Հայ Աւետարանական Գոլէճէն 

Տիկ. Մարալ Քէշիշեան Աւետիսեան 

 Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանէն  Տիկ. Մարի Թիւմպէրեան Քէօֆթէեան 

 Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանէն – Այնճար  Տիկ. Նա՚ամաթ Ա՚արաժի Էլ-Խաթիպ 

 Հայ Աւետարանական Գոլէճէն 

Տիկ. Սոնա Գասապեան Մուղալեան 

 Հայ Աւետարանական Գոլէճէն 

Օրդ. Վարդուկ Պալըգճեան 

 Տնօրէնուհի՝ Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի

Շքադրումի եւ գնահատագիրերու յանձնումէն ետք պարգեւատրեալ եւ այս հանդիսութեան  մասնակից այլ ուսուցիչներ ըմբոշխնեցին իրենց նուիրուած՝ «Սիրելի Ուսուցիչ» (խօսք՝  Արամայիս Սահակեանի, երաժշտութիւն՝ Ալեքսէյ Հեքիմեանի) Երգը, Սոփրանօ Տիկ. Շողիկ  Թորոսեանի առինքնող ձայնով : 

Ուսուցիչներ մեծարելու հանդիսութիւն մը չէր կրնար անմասն ձգել պարգեւընկալ մշակները.  եւ ահա անոնց կողմէ սրտի ու երախտագիտական խօսքերով առ Աստուած ու  շնորհակալական խօսքերով առ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու  Միութեան ու անոր Կեդրոնական Մարմինին ու Կրթական Խորհուրդին եւ պատկան  դպրոցներու մարմիններուն, յաջորդաբար Հայերէնով ու Արաբերէնով խօսք առին Տիկ. Անի  Դաւիթեանն ու Տիար Հաննա Պշարան: 

Ու վերջապէս Աստուծոյ դարձեալ փառք տալու եւ ժողովուրդը առաքելու Տէր Յիսուս  Քրիստոս՝ Վարդապետ Ուսուցիչին օրինակին հետեւելու, Վեր. Դոկտ. Հայտօսթեան  Օրհնութեան աղօթքով հանդիսաւորապէս փակեց օրուան յայտագիրը: 

Յայտագիրի աւարտին պաշտօնական շնորհաւորանքի ու խմբային լուսանկարներ ունենալու  պահերէն ետք, ազգականներ, պաշտօնակիցներ ու բարեկամներ իրենց զրոյցն ու  խանդավար շնորհաւորութիւնները շարունակեցին ներկայացնել իրենց սիրելիներուն  եկեղեցիի շրջաբակին մէջ նաեւ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին