Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ Հայերը Զոյգ Հատորներու Շնորհանդէս՝ Գահիրէի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի հայոց առաջնորդարանին, Ուրբաթ, 24 Մարտ 2023, երեկոյեան ժամը 6:30ին, Հելիոպոլսոյ Պլըքտանեան սրահին մէջ, Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ գեր. Աշոտ սրբ. Մնացականեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Հրաչեայ Փոլատեանի, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ իր տիկնոջ, Գահիրէի թեմական եւ քաղաքական ժողովներու անդամներու, Գահիրէի զանազան հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներու, հատորներու խմբագիր եւ Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի (ՀՍՈԿ) տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի, հիւրերու, մտաւորականներու, մշակոյթի մարդոց, բարեկամներու եւ գիտաժողովին մասնակցած անհատներու հոյլի մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ Հայերը զոյգ հատորներուն շնորհանդէսը:

Բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, տոքթ. Սուրէն Պայրամեան համառօտակի անդրադարձաւ գիտաժողովէն իր քաղած տպաւորութիւններուն, շեշտեց երիտասարդ մասնակիցներու դրական պարագան, որ «յոյս ներշնչեց» ներկաներուն: Ան իր «անհուն գոհունակութիւնը» յայտնեց ձեռնարկին առիթին եւ զայն նկատեց «ինքնատիպ»: Տոքթ. Պայրամեան օգտաշատ նկատեց «հայրենամերձ» հայօճախները լուսարձակի տակ առնելու այս ծրագիրը, ընդգծեց «համագործակցական ոգիով ժամանակակից հայօճախներու մարտահրաւէրները միասնաբար լուծելու» անհրաժեշտութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Ան նշեց որ նման ձեռնարկները կը ծառայեն մեր պատմութեան, մշակոյթին, մօտիկ անցեալին ու իրագործածին, եւ այսօրուան մարտահրաւէրներուն հանդէպ գիտակցութիւն կը մշակեն: Ան նաեւ գնահատեց այս ձեւով ամրացուող հայօճախներու ցանցակալումը եւ յարաբերութեանց զօրացումը, որով եւ կը սատարեն «մայր հողին հանդէպ ազգային գիտակցութեան ուռճացումին եւ զօրացման»: Հուսկ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց գիտաժողովներու բոլոր մասնակիցներուն:

Իր սրտի եւ գնահատանքի խօսքը ըսաւ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Փոլատեան, որ վկայակոչեց Գարեգին Ա. կաթողիկոսի հաստատումը, թէ «գիրքը աստուածային ծնունդ է», կարեւորեց Գահիրէի եւ Պէյրութի մէջ կայացաած զոյգ գիտաժողովներով Գահիրէի ազգային առաջնորդարանի եւ Հայկազեան  Համալսարանի միջեւ յառաջացած համագործակցութիւնը եւ գնահատեց ՀՍՈԿի կազմակերպած գիտաժողովներու հատորներուն հրատարակութիւնը:

Ապա զոյգ հատորները ներկայացուց դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, նշելով որ անոնք կը հաշուեն 40 ուսումնասիրութիւն եւ ունին յաւելուածի բաժիններ, ուր տեղ գտած են մամուլէն թէ արխիւներէ քաղուած վկայութիւններ, տեղեկատուութիւն, յուշագրութիւն, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ աւելցուց, որ «այս բոլորը ընթերցողին կը մատուցեն ծաւալուն գիտելիք՝ Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայօճախներուն մասին»: Դոկտ. Տագէսեան յայտնեց որ ուսումնասիրութիւններէն 16ը ստորագրուած են տեղի հայօճախներու ներկայացուցիչներէն, որոնցմէ ոմանք արտագաղթած են, թուեց նիւթերը եւ անոնց ընդգրկած ժամանակն ու օգտագործուած լեզուները:

Դոկտ. Տագէսեան ընդգծեց որ գիտաժողովներու շարքին միայն Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիոյ գիտաժողովը կայացաւ ծննդավայր հայօճախի ու Հայկազեան Համալսարանին մէջ, նոյնպէս եւ գիտաժողովներու հատորներէն միայն այս զոյգ հատորներն էին որոնց շնորհանդէսը կը կայանայ Գահիրէի մէջ: Ապա ան անդրադարձաւ «այս գործակցութեան խորհուրդին օրինակելիութեան», ընդգծեց որ «տանտէր հայօճախի եկեղեցական մարմինը, աջակցութեամբ տեղի միութենական ուժերուն. պատրաստակամութեամբ եւ յանձնառութեամբ մասնակցեցաւ ու սատարեց գիտաժողովին յաջողութեան»: Ան մատնանշեց որ «Հայկազեան Համալսարանը միշտ ու միայն գործակցական ոգիով մօտեցած է իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միացեալ ձեռնարկներուն: Այդ ոգիին նմանող դրսեւորում մըն էր ձեր ըրածը: Եւ ասիկա կը պարտինք եգիպտոսի հայօճախին ասպնջականութեան, ազնիւ ղեկավարութեան, ողջմիտ եւ մեծահոգի արժէհամակարգով, մարդկային, հայանպաստ, հարուստ աւանդներուն, որոնք դրսեւորուեցան հայօճախին միութենական թէ կրօնական տարբեր ներկայացուցիչներուն կողմէ»: Ան նշեց նաեւ թէ «Միջին Արեւելքի բոլոր հայօճախներուն մէջ (բացի ծոցի երկիրներէն) հայութեան թիւը նուազում կ’արձանագրէ, իսկ տեղաբնիկ ժողովուրդներուն թիւը մեծապէս կ’աճի: Ասիկա վախի, փոքրութեան, քիչութեան, տկարութեան, անհետացման եւ նման բացասական ենթագիտակցական մը կը յառաջացնէ մեր մէջ, որ անտեղի է», ու օրինակը բերաւ 1500 հոգի հաշուող Եթովպիոյ հայօճախին, որ սքանչելիօրէն կատարած էր հայապահպանումը եւ հասցուցած օրինակելի սերունդներ: Ան դիտել տուաւ թէ «պայման չէ ունենալ տասնեակ հազարներ հաշուող հայօճախ, որպէսզի պահպանուի եւ գոյատեւէ անոր հայկականութիւնը,- ու եզրակացուց՝- արդ, փոքրաթիւ կազմակերպ հայօճախ (Եթովպիոյ հայօճախին օրինակով), բնիկ երկրին ու ժողովուրդին տրուած վերելքի, զօրացման ու բարեկարգումի անցեալի ու ներկայի նպաստի հանրայնացում եւ գիտակցում, նաեւ յանձնառու, համերաշխ եւ հասուն առաջնորդութեամբ վարուող հաստատութիւններ՝ եկեղեցի ու միութիւններ (Եգիպտոսի հայօճախ), եւ խոհեմ ու շրջահայեաց աջակցութիւն Հայաստանի Գ. Հանրապետութենէն նաեւ կայուն քաղաքական-տնտեսական-ընկերային ու ապահովական կացութիւն՝ նուազագոյն բաղադրատարրերն են որոնց հիմամբ հայօճախ մը կրնայ ունենալ գոյատեւելու առարկայական, էական ու կենսական պայմանները: Մնացեալը՝ հայօճախին անդամներուն փափաքն է»:

Ապա սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան գիտաժողովին ներկայ մասնակիցներ, որոնք փոխանցեցին իրենց փորձառութիւնը: Այսպէս, Ասփէ Ճիզմէճեան արտայայտուեցաւ թէ ինչպէս իր 22 տարեկան հասակին մասնակցած էր գիտաժողովին, որ իր առաջին փորձն էր եւ մեծապէս շահած այդ փորձառութենէն, ապա Այգ Զաքարեան, պատմեց թէ ինչպէս քաջալերուեցաւ ու ներկայացուց եգիպտահայ ուսանողութեան դիմանկարը եւ թէ որքան այդ ուսումնասիրութիւնը խորք ու առաւել գիտակցութիւն տուած է այդ փորձառութիւնը: Ապա խօսք առաւ տոքթ. Արմէն Մազլումեան որ կարեւորեց երիտասարդներու մասնակցութիւնը եւ իրենց տրուած առիթը, շեշտեց պատմութեան հետ հաղորդակցիլը որ «մեզ արթուն կը պահէ»: Խօսք առաւ նաեւ հալէպահայ դոկտ. Մարուշ Երամեան, որ իրեն կատարուած առաջարկով ան ունեցած էր տարբեր փորձառութիւն. դուրսէն (Հալէպ) ըլլալով՝ հիմա ներսէն (Գահիրէ) ստիպուած էր դիտել հայօճախը, եւ շեշտեց թէ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը զինք «մեծ յոյսով լեցուցած էր»:

Ապա խօսք առաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին ցուցաբերած ոգեւորութեան, խանդավառութեան եւ ուժ ու կորով մաղթեց անոր, նաեւ՝ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին, տոքթ. Պայրամեանին եւ բոլոր մասնակիցներուն, ապա ըսաւ թէ ինք Եգիպտոսը կը սեպէ սկզբնաւորութիւն՝ բազմաթիւ առումներով. «…Տէր Յիսուսի սկզբնաւորութեան պատմութեան մէջ Եգիպտոսը կարեւոր տեղ ունի…: Եգիպտոսի սկզբնաւորութիւնը կը տեսնենք նաեւ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու իբրեւ մայրաքաղաք, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան առնչութեամբ Եգիպտոսը նաեւ Արաբական Լիկայի կեդրոնն է»: Ան մատնանշեց նաեւ թէ վերջին երեսնամեակին կազմակերպուած գիտաժողովներէն շատերուն նիւթերը լոյս չտեսան, իսկ Հայկազեան Համալսարանի գիտաժողովները այդ առումով «իւրայատուկ են»: Ապա շարունակեց. «Այս հատորները՝ կարեւոր են: Ասոնք հիմնականին մէջ գիտաժողովներու աշխատանքն են, եւ սակայն ասոնք հանրագիտարաններ չեն տուեալ հայօճախին մասին: Ասոնք հրաւէր են որ ուսումնասիրութիւններ աւելնան, շարունակուին նոր հետազօտութիւններով»: Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան այս գիտաժողովները նկատեց նաեւ «Հայրենիքի եւ Սփիւռքի երկխօսութեան համագումարներ, յարաբերութիւններ ամրապնդելու, հետազօտութիւններ կատարելու, նոր գործակցութիւններ յառաջացնելու մղիչ ուժ,- եւ աւելցուց.- հայօճախներու պատմութեան ուսումնասիրութեան պարագային ընդհանրութիւններու կ’երթանք եւ այդպէս կ’առաջնորդուինք, իսկ պատմութեան ուժը մանրամասնութեանց մէջ է»: Ան կարեւորեց «մասնաւորեցումները… մենք պարտական ենք մեր եղածին եւ ունեցածին: Եթէ մենք տէր չելլենք՝ ինչու՞ գանգատինք ուրիշին տէր չելլելէն»:

Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան անդրադարձաւ նաեւ Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական տեղին, դերին ու առաքելութեան, ու աւարտեց իր խօսքը ընդգծելով թէ «մենք կու գանք Լիբանանէն…երկունքի ցաւով կը ծնին շատ բաներ» եւ կոչ ըրաւ քաջալերուելու՝ «այնպէս մը ապրինք որ եթէ հաշուեմ թէ ինձմէ զատ ոչ ոք մնաց, ի՞նչ պիտի նուիրեմ հայութեան պատմութեան, տեղական ժողովուրդին»: Հուսկ, ան գործակցութիւնը շարունակելու յոյս յայտնեց:

Փակման խօսքին մէջ, եգիպտահայ թեմի առաջնորդ գերշ. Աշոտ սրբ. Մնացականեան պատմեց գիտաժողովի գաղափարին, կազմակերպումին ու գործնականացումին առաջին քայլերուն իր փորձառութեան մասին, թուեց  հարցադրումներ որոնք բարձրացան այդ առթիւ, ու ընդգծեց որ «ամէն բան կարելի է եթէ անոր մէջ կայ ցանկութիւն ու նպատակ»: Ան գիտաժողովները համարեց «յիշեցում՝ թէ ուր կը գտնուիս, ինչ համայնքի մէջ կ’ապրիս, այս համայնքը ինչպէս ստեղծուած է, ինչպիսի նուիրեալ անձինք իրենց գաղափարական կեանքը դրած են եւ այսօր որ մենք հոս կ’ապրինք կը վայելենք անոնց ստեղծածը:- Ապա ան շարունակեց.- … Քրիստոս երբ աշխարհ եկաւ տեղեկութիւններ տուաւ կեանքի մասին, իմաստութեան մասին, ճիշտ ու սխալի մասին, սրբութեան ու պղծութեան մասին բայց այս ամէնը արժէք կը ստանան երբ մարդ գիտակցաբար կ’ընդունի իր կեանքին մէջ եւ կեանք կու տայ այն ամէնուն ինչ որ լաւ է …հետեւաբար գիտաժողովը իր նիւթերով մեզի համար տեղեկութիւն է, բայց եթէ այդ տեղեկութիւնը կեանքի չի վերածուիր, քու ինքնութեանդ նորոգումին, քու պատմութեանդ վերաբերեալ նիւթեր քաղելու՝ որոնք կրնան դաստիարակիչ ըլլալ, ուղղորդող ըլլալ, եւ քու ազգային ինքնութիւնդ հաստատուն դարձնել՝ գիտաժողովը կը դառնայ պարզ տեղեկութիւն: Իսկ եթէ այս տեղեկութիւնները սերմնացանի առածին պէս ծիլ չտան մէջդ եւ չօգնեն որ քու այսօրուան կեանքդ ապրիս, քու հայկականութիւնդ, մշակոյթդ, ինքնութիւնդ պահելու ջանաս՝ դարձեալ կը մնայ անօգուտ քու կեանքիդ համար, թէեւ ինքնին ան արժէքաւոր է: Օգտուողները որոնք չեն օգտուիր՝ իրենք են տուժողը: Կարեւոր է որ մենք գիտնանք ուր ենք, իբրեւ մասնակից, ուր ենք իբրեւ ընդունող եւ ուր ենք այդ բոլորը կատարող-գործադրող՝ այն միջավայրին մէջ ուր կ’ապրինք»: Սրբազանը եզրափակեց՝ «… ոչ թէ լաւ չէ քու մօտիկ անցեալիդ մասին չգիտնալ, այլ լաւ չէ որ գիտնալէդ ետք չես ուզեր աւելի խորանալ, շարունակել եւ աւելին ստանալ որովհետեւ վերջիվերջոյ այս ամէնը հարստութիւն է եւ հարստութիւնը գոյութիւն ունի եթէ կայ փոխանցում, սերնդափոխութիւն, յաջորդական գործադրութեան հնարաւորութիւն»: Հուսկ, ան մաղթեց որ յառաջիկային նման կամ տարբեր ձեռնարկներու համագործակցութիւն ըլլայ, շնորհակալութիւն յայտնեց ատենի եւ ներկայի եգիպտահայ ազգային իշխանութեան անդամներուն, որոնք հաւատացին, վստահեցան եւ համոզուեցան արդիւնքով թէ կարելի է գործ մը սկսիլ ու հասնիլ աւարտին՝ եթէ իրապէս ցանկութիւնը կայ ատոր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան Համալսարանի պատկան մարմիններուն, որոնք «Գահիրէի մէջ ուզեցին կատարել շնորհանդէսը ու վերադարձնել գիրքն ու պատմութիւնը իր տիրոջ»:

Շնորհանդէսի աւարտին, հիւրասիրութեան ընթացքին, ներկաները ծաւալեցին հաճելի խօսակցութիւններ, քննարկումներ, վերյիշեցին գիտաժողվին փորձառութիւնը եւ լիցքաւորուած մեկնեցան սրահէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին