Վերջերս իրագործուած Սէուտական Արաբիա – Իրան համաձայնութիւնը բնականաբար կրնայ դրական արդիւնք տալ տարածաշրջանի իրավիճակին վրայ, նկատի առնելով երկու երկիրներուն ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը շրջանի երկիրներուն մեծ մասին վրայ, ընդ որում Լիբանանի, որուն կացութիւնը նուրբ էր մինչ հակամարտութիւն կար վերոյիշեալ երկուքին միջեւ:
Իրականին մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տարածաշրջանային մրցակցութիւնը ձեւաւորած էր 2011էն ի վեր Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւններուն մեծ մասը: Այս մրցակցութիւնը 2015ին պատերազմ ստեղծեց Եմէնի մէջ: Նոյն պատճառով անկայունութիւնը շեշտաւորուեցաւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ եւ աւելի եւս բորբոքեց Լիբանանեան քրոնիկ եւ բազմաշերտ ճգնաժամը, որ տակաւին կը շարունակուի:
Չինաստանի միջնորդութեամբ կայացած համաձայնագիրը, կը ձգտի դադրեցնել տուեալ երկու երկիրներուն միջամտութիւնները հարեւան երկիրներուն ներքին գործերուն վրայ եւ նպաստել տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան ու ապահովութեան:
Հետեւաբար, յոյսերը մեծ են, որ այս համաձայնագիրը կ՛օգնէ ճեղքել Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական փակուղին:
Լիբանանի համար, այսօրուայ վիճակը նման է 2009ին Սէուտական Արաբիա – Սուրիա (նախքան Սուրիոյ ճգնաժամին բռնկումը) մերձեցումի օրերուն երբ այդ օրերուն հանգուցալուծեց Լիբանանի խնդիրները:
Երբ սոյն համաձայնագիրը դադրեցաւ գործելէ, Լիբանանն ու շրջանը դարձեալ մտան հակամարտութեան ժամանակաշրջան:
Հակառակ մեծ յոյսերու առկայութեան, մինչ այժմ Լիբանանի մէջ բոլոր կողմերը դիտորդական եւ սպասողական դիրքերու վրայ են տակաւին, եւ ոչ մէկ կողմ հետընթաց քայլ չըներ սպասելով յետագայ զարգացումներուն։