Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Լիբանանի Նախագահական Աթոռի Թափուրը Ինչո՞ւ եւ Մինչեւ Ե՞րբ

Ոչ անպայմանօրէն անակնկալ, սակայն Լիբանանի Շիաա համայնքի ներկայացուցիչ զոյգ կուսակցութիւններու (Ամալ-Հըզպալլա) յստակ դիրքորոշումը նախագահական խնդրայարոյց թեկնածուի մը կողքին, իմա Սուլէյման Ֆրանժիէին, կարգ մը տեղին  հարցադրումներու առիթը կու տայ:

Լիբանանեան պետական համակարգին գրեթէ բոլոր լծակներուն վրայ զէնքի ուժով իշխող կողմը, արդեօ՞ք չանդրադառնար թէ, նշեալ թեկնածուին յաջողութիւնը, լիբանանեան հարցին լուծման չառաջնորդեր, այլ ընդհակառակը: Ֆրանժիէի ընտրութիւնը, տուեալ անձին անունին հետ կապուած ըլլալէ անդին եւ վեր  կը ներկայացնէ քաղաքական ուղեգիծի մը շարունակութիւնը, որ ներկայ ճգնաժամին պատճառներէն է: Հետեւաբար անոր ընտրութիւնը, իրավիճակը դժուար թէ բարեփոխէ:

Կը մնայ մտածել, թէ նման կեցուածքով մը նշեալ զոյգը նախագահական աթոռի թափուրը աւելի եւս երկարաձգելու միտում ունի, մինչեւ արտաքին ուժերը (որոնք միշտ որոշիչ դեր ունեցած են Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն մէջ) ներքին ուժերէն առաջ յոգնին եւ մղեն Ֆրանժիէին ընտրութեան ընդդիմացող ներքին ուժերուն, զիջումներու երթալու, որմէ ինչպէս միշտ, միակ օգտուողը դարձեալ վերոյիշեալ զոյգը կրնայ ըլլալ:

Ուրեմն հարցը կը կայանայ ժամանակ շահելուն մէջ: Մինչ այդ նախագահական պալատին դատարկութիւնը կը շարունակէ ինքզինք պարտադրել կրակը ինկած երկրին մէջ, իր յառաջացուցած քաղաքական տնտեսական եւ ընկերային անդամալուծութեամբ մէկտեղ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին