Կարելի է ըսել, որ լիբանանցիները, որոնց մտահոգած էր Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ պատահած երկրաշարժը, որուն ցնցումները հասան Լիբանան ինչպէս նաեւ անկէ ի վեր մշտապէս յաջորդող երկրաշարժները պահ մը շեղեցուցած էին լիբանանցին իր առօրեայ տագնապներէն, որ երբեմն համազօր է «երկրաշարժի»: Այս շեղումը, երկար չի տեւեց, երբ տոլարի սակին սանձարձակ բարձրացումը եւ դրամատուներու փակ իրավիճակը մղեցին կարգ մի լիբանանցիներ փողոց իջնելով վրէժխնդիր ըլլալ լիբանանի դրամատնային համակարգէն, որ ահաւոր կացութեան մատնած է հասարակ ժողովուրդը: Պատահեցաւ անխուսափելին, մէկը միւսին ետեւէ հրկիզուեցան շարք մը պանքեր ու անոնց պատկանող սարքաւորումներ:
Այսօր շիկացած պահը շատ կը նմանի Հոկտեմբեր 2019ին, երբ սկիզբ առին ժողովրդային մեծածաւալ ցոյցերը: Սակայն այսօր կայ կարեւոր տարբերութիւն մը: Երբ 2019ին սկիզբ առաւ «յեղափոխութիւնը» Լիբանան ունէր , գոնէ իր ձեւին մէջ, պետական աշխատող համակարգ: Իսկ հիմա, որ պետական համակարգի ստուերն իսկ մնացած է, ժողովրդային պոռթկումը ինչի՞ կրնայ առաջանորդել. Ահա այս է հարցումը: