Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Մայր Աթոռը Արցախի Շրջափակման Պայմաններուն Եկեղեցւոյ Յառաջիկայ Ընելիքները Քննարկած է

Մայր Աթոռի Իրաւախորհրդատուական յանձնախումբը քննարկեց Արցախի շրջափակման պայմաններուն Եկեղեցւոյ իրականացուցած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ընելիքները։

Յունուար 19-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռի իրաւախորհրդատուական յանձնախումբին նիստը։

Նիստին քննարկուեցան Արցախի շրջափակման պայմաններուն Եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող քայլերուն, մասնաւորաբար՝ իրաւական անհրաժեշտ գործիքներու կիրառման, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ընելիքներուն հետ կապուած հարցեր:

Զեկոյցով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Դիւանապետ Գերաշնորհ Տ․Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան` արձանագրելով, որ Դեկտեմբեր 12-էն Արցախը Հայաստանի հետ կապող Բերձորի (Լաչին) միակ ճանապարհի արգելափակման հետեւանքով արցախահայութիւնը կը շարունակէ գտնուիլ մարդկայնական աղէտալի իրավիճակի մէջ։ Բնապահպանական կեղծ պատճառաբանութիւններով կ՝ոտնահարուին Արցախի հայերուն տեղաշարժի, սնունդ ու բժշկական աջակցութիւն ստանալու եւ կենսական միւս իրաւունքները:

Ներկայացուեցան ճգնաժամային նման իրավիճակի ժամանակ Վեհափառ Հայրապետի եւ Մայր Աթոռի կողմէ իրականացուած աշխատանքները, մասնաւորապէս անդրադարձ եղաւ այն հանգամանքին, որ դեռ Դեկտեմբեր 14-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յիշեալ հարցին վերաբերեալ շարք մը գրութիւններով դիմած էր Քոյր Եկեղեցիներու պետերուն եւ միջազգային կառոյցներուն, որպէսզի իրենց աջակցութիւնը բերեն արցախահայութեան: Նորին Սրբութիւնը արձանագրած է, որ Արցախը, մնալով շրջափակման մէջ, կանգնած է մարդկայնական լիակատար աղէտի առջեւ։ Ի պատասխան Նորին Սրբութեան կոչին, արձագանգներ եղած են Ռուս Եկեղեցւոյ Պետի, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի, Եւրոպական Եկեղեցիներու Խորհուրդի եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարներուն կողմէ:

Միաժամանակ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Արցախի արգելափակման առնչութեամբ ունեցած է շարք մը հանդիպումներ պետական, քաղաքական, միջազգային եւ դիւանագիտական տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ:

Նորին Սրբութեան կողմէ շրջաբերական գրութիւն ուղղուած է նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր թեմերու առաջնորդներուն, առ այն, որ թեմական, համայնքային, ազգային կառոյցներու ջանքերուն համադրումով Արցախի մէջ ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին խնդիրը բարձրացուի ու ներկայացուի պետական, միջազգային, դիւանագիտական ու մարդասիրական պատկան կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու առջեւ:

Զեկոյցի աւարտին ծաւալուեցաւ մտքերու փոխանակում, ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնք կեանքի պիտի կոչուին յառաջիկային։ Առանձնայատուկ կերպով ընդգծուեցաւ արցախահայերը սնունդով եւ կենսական անհրաժեշտութեան պարագաներով ապահովելու կարեւորութիւնը:

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, ամփոփելով խորհրդակցութեան արդիւնքները, համապատասխան յանձնարարականներ ուղղեց Մայր Աթոռի պատկան կառոյցներու ղեկավարներուն՝ արձանագրելով, որ Հայոց Եկեղեցին հնարաւոր բոլոր ջանքերը պիտի շարունակէ գործադրել մարդկայնական ճգնաժամը յաղթահարելու եւ պաշտպանելու արցախահայութեան հայրենի հողին վրայ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը:

Խորհրդակցութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը աղօթք հնչեցուց աշխարհի խաղաղութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգ ու ապահով կեանքի եւ համայն հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին