Երեքշաբթի, 16. 04. 2024

spot_img

Այսօր Բանաստեղծութեան Իշխան Վահան Թէքէեանի Ծննդեան Տարեդարձն Է

Հայ բանաստեղծութեան իշխան, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ , լրագրող եւ խմբագիր Վահան Գալուստ Թէքէեան ծնած է 21 Յունուար 1878-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ:

Կրթութիւնը ստացած է է Պոլսոյ Ներսէսեան, Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ: Աշխատած է իր ծննդավայրի ապահովագրական ընկերութիւններէն մէկուն մէջ, ապա, որպէս առեւտրական պաշտօնեայ, մեկնած է Անգլիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Եգիպտոս:

1896-ին` 18 տարեկանին, Թէքէեան Պոլսոյ մէջ կ՛անդամագրուի  Հնչակեան Կուսակցութեան շարքերուն:  1904-ին, Աղեքսանդրիոյ մէջ կը միանայ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան, որմէ աւելի ուշ կը հրաժարի։ Յետագային ու անոր հիմնադրութենէն ետք Թէքէեան կ՛անցնի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, շարքերը, ստանձնելով ղեկավարներ պաշտօններ: Ան ՌԱԿ-ին կը ծառայէ մինչեւ կեանքին վերջը։

1905 թուականին Աղեքսանդրիոյ մէջ, Եգիպտոս, Միքայէլ Կիւրճեանի հետ հիմնադրած է «Շիրակ» հանդէսը: 1908-ին զայն փոխադրած է Պոլիս եւ լոյս ընծայած է որպէս շաբաթաթերթ: Եղած է «Արեւ», «ժողովուրդի Ձայն» եւ այլ պարբերականներու խմբագիրը: Ասուպ, Համշիրակ Բ., Սկայորդի եւ այլ ծածկանուններով աշխատակցած է այդ ժամանակուան պարբերականներուն:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք մասնակցած է որբահաւաքի գործին: Իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է Կ.Պոլսոյ, Կիպրոսի եւ այլ վայրերու հայկական վարժարաններուն մէջ: Թէքէեան գրական ասպարէզ մտած է 19-րդ դարու 90-ական թուականներուն: Ան արեւմտահայ դասական բանաստեղծութեան վերջին եւ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան առաջին մեծ դէմքն է:

Առաջին ստեղծագործութիւնը՝ «Կաղանդը Կեսարիոյ մէջ» տպագրուած է 1894-ին, Պոլսոյ «Հայրենիք» թերթին մէջ: 1901-ին Փարիզի մէջ լոյս տեսած է Թէքէեանի բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն՝ «Հոգեր»ը: Երկրորդ ժողովածուին՝ «Հրաշալի Յարութիւն», 1914-ին, որոշ ստեղծագործութիւններու մէջ («Արարատի Դաշտին Մէջ», «Հայրենի Զրոյցներու Վրայ» շարքերուն մէջ) հեղինակը հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալը կը հակադրէ իր ժամանակի իրականութեան հետ:

Վահան Թէքէեանի «Կէս Գիշերէն Մինչեւ Արշալոյս» (1918-ին) գիրքին մէջ արտայայտուած են Եղեռնի սարսափները, բնաջնջուող ժողովուրդի տառապանքի հոգեբանութիւնը: Անհատի զգացմունքներն ու ձգտումները համամարդկային հնչեղութեան կը հասնին 1933 ին լոյս տեսած «Սէր» խորագրեալ ժողովածուին մէջ:

Թէքէեան բանաստեղծութիւններ գրած է Սովետական Հայաստանի մասին ( «Ներկայ Հայաստանին» շարքը), ոգեւորուած է Մայր Հայրենիքի յառաջդիմութեամբ, Հայրենական Մեծ պատերազմին (Համաշխարհային Բ. պատերազմը) հայորդիներուն հերոսական գործերով: 1943-ին հրատարակած է հայրենասիրական «Հայերգութիւն» ժողովածուն, 1945-ին՝ «Տաղարան» ը:

Եգիպտոսի մէջ մինչեւ օրս լոյս տեսնող «Արեւ» թերթին մէջ տպագրուած է Թէքէեանի «Եթէ Տէրը Կամենայ» վէպը, իսկ «Բարձրավանք»ի մէջ՝ «Մարք Ֆուրթունի Արկածը» վիպակը, 1922 թուականին: Գրած է պատմուածքներ եւ քրոնիկներ, որոնց նիւթը կ’առնչուի գաղութահայ կեանքին, ինչպէս նաեւ ազգային-ազատագրական շարժումներու հետ:

Թէքէեան թարգմանած է Շէյքսփիրի սոնէտներէն, Պոտլէրի, Վեռլէնի եւ ուրիշներու բանաստեղծութիւններէն: Գրած է հրապարակախօսական եւ գրական բազմազան յօդուածներ:

Մեր թերթին հետ առնչուող, կարեւորագոյն  իրադարձութիւնը եղած է այն, որ մեր թուականէն 85 տարիներ առաջ, Վահան Թէքէեան աջակցած է «ԶԱՐԹՕՆՔ»ի հիմնադրման գործին, որուն անդրանիկ թիւը լոյս տեսած է Կիրակի, 26 Սեպտեմբեր 1937-ին, նոյնինքն ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆը ունենալով իբրեւ իր առաջին խմբագրապետը:

Թէքէեան մահացած 4 Ապրիլ 1945-ին, Գահիրէի մէջ, 67 տարեկանին:

Բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանի անունով 1947-ին Պէյրութի մէջ հիմնադրուած է Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը: Այսօր, ինչպէս Լիբանանի, նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ Հայրենիքի մէջ կը գործեն Վահան Թէքէեանի անունը կրող միութենական մարմիններ, կեդրոններ եւ վարժարաններ:

Վահան Թէքէեանի ժառանգին հաւատարիմ անհատներ, կուսակցական եւ միութենական մարմիններ, տարիներու ընթացքին եւ զանազան առիթներով հրատարակած ու վերահրատարակած են այս մեծ մարդուն բանաստեղծական, գրական ու հրապարակագրական գործերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին