Հինգշաբթի, 18. 04. 2024

spot_img

Յիշատակն Արդարոց Օրհնութեամբ Եղիցի

                                     ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Քալիֆորնիոյ Սանուց Միութեան նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 15 Յունուար, 2023-ին, Յովհաննու Կարապետի տօնին, Ս. Պատարագի աւարտին ըստ աւանդութեան տեղի ունեցաւ ազգային բարերարներ՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու հոգեհանգիստը Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Կիրակնօրեայ թերթիկին երկու էջերը կը ներկայացնէին բարերարներու հակիրճ կենսագրականը (անգլերէն-հայերէն), իսկ հոգեհանգստեան խնդրանքը կը ներառնէր նաեւ անցնող վերջին տարիներուն մեզմէ յաւէտ բաժնուած Մելգոնեանցիները: Իր քարոզին մէջ մեծ բարերարներուն անդրադարձաւ նաեւ պատարագիչ քահանան:

Եկեղեցական արարողութենէն վերջ անցանք կից Կիրակոս սրահ, ուր պատրաստուած էր հոգեճաշ: 1950-ական տարիներէն մինչեւ 2000-ական առաջին տարիներու շրջանաւարտներ բոլորուեցանք սեղաններուն շուրջ, երախտագիտութեամբ յիշելու, յիշեցնելու, իրարմէ կարօտ առնելու: Անցնող երեք տարիներուն ոմանց հետ բնաւ չէինք տեսնուած:

Յոտնկայս երգեցինք ՄԿՀաստատութեան քայլերգը, մեզ շաղկապող այն քայլերգը՝ զոր կ’երգէինք ամէն առաւօտ դասարաններ անցնելէ առաջ: Հաստատութեան փակումին նախորդող տարիներուն աւելորդ նկատուած էր քայլերգը: Ինչու՞ արդեօք:

Հանդիսավարն էր Րաֆֆի Ցնծալեան, որ իր բացման խօսքին մէջ ներկայացուց օրուան յայտագիրը եւ անդրադարձաւ Մելգոնեանցիներու անցնող երկու-երեք տարիներու ազգօգուտ գործունէութեան, Հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, կրթական եւ բարեսիրական դաշտէն ներս (Այտա եւ Ասպէտ Փողարեաններ, Ալիս եւ Վարդգէս Գուրուեաններ, Յակոբ եւ Թամար Թութճեաններ, Արսինե եւ Պենօ Շիրվանեաններ, Քալէնտէրեաններ, 1968-ի շրջանաւարտներ):

Խօսք առաւ երկարամեայ ուսուցիչ Գէորգ Յակոբեան, որ դրուատական արտայայտութիւններով անդրադարձաւ նորոք հանգուցեալ Պօղոս Փոլ Գուշարեանին՝ Քալիֆորնիոյ ՄԿՀ Սանուցի հիմնադիրներէն եւ առաջին երեք տարիներու անոր ատենապետին:

Այտա եւ Ասպետ Փողարեանները, հայրենի Գոշ գիւղի հրեշտակները, սահիկներով ներկայացուցին տեղւոյն վրայ տարած իրենց թանկագին, ինքնանուէր, բազմապիսի աշխատանքը, որ արդէն սկսած է իր պտուղները տալ: Շեշտեցին, անշուշտ, թէ ամէն ինչ կարելի եղած էր շնորհիւ ուրիշ Մելգոնեանցիներու ալ, որոնցմէ շատեր ներկայ էին: 1959-ի շրջանաւարտ, ճարտարապետ Սամ Եուսուֆեան մօտեցաւ ամպիոնին ու յայտնեց թէ կը ծրագրէ ցուցահանդէս մը, իր գործերով եւ տարիներու ընթացքին կուտակած իր հաւաքածոյով, որու հասոյթով պիտի օժանդակէ Փողարեաններու աշխատանքին:

Ուսուցիչ, Արշակ Տիգրանեան վարժարանի երկարամեայ տնօրէն Վարդգէս Գուրուեան եւս ներկայացուց իր եւ տիկնոջ Ալիսին տարած աշխատանքը՝ կրթական եւ բարեսիրական օգնութիւն հասցնելու Վանաձոր եւ այլուր: 

Վարձքը կատար բոլորին:

Մելգոնեան մեծ բարերարներու իշխանական նուիրատուութեան շնորհիւ հասակ առին ու կրթուեցան հազարաւոր հայորդիներ: Անոնցմէ շատեր ծառայութեամբ եւ նիւթապէս հասան, կը հասնին հայրենիքի եւ սփիւռքի կարիքներուն: Կա’նք, պիտի լինենք, ու դեռ շատանանք, գրեց Պարոյր Սեւակ: Մելգոնեանցիներս կանք: Պիտի լինենք, դեռ երկար ժամանակ, ու մինչեւ վերջին Մելգոնեանցին պիտի ոգեկոչենք մեծ բարերար Մելգոնեան եղբայրները: Դժբախտաբար, սակայն, պիտի չշատանանք: Ազգին Մելգոնեանցի տուող աղբիւրը ցամքեցաւ 2005-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին