Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Ուիլիամ Նուն Ազատ Արձակուեցաւ

Ժողովրդական լայնածաւալ զայրոյթին պատճառով Լիբանանի տարածքին յառաջացած բողոքի շարժումները (որոնց նպաստեց նաեւ լրատուական դաշտի ուղեկցումը տեղի ունեցածին), իրենց արդիւնքը տուին: Այսօր յետմիջօրէին ազատ արձակուեցաւ Ուիլիամ Նուն, որ երէկ անարդարօրէն ձերբակալուած էր: Ժողովրդային ճնշումի տակ ձերբակալութեան որոշումը առած դատաւորը ստիպուեցաւ յետս կոչել իր որոշումը նկատի ունենալով այն մեծ ցնցումը, որ անոր այս ձեւով կիրառումը կրնար յառաջացնել: Փոխարէնը, ընդամէնը Նունի ստորագրութիւնը պահանջուեցաւ չկրկնելու պոռթկումի արդիւնք, օրէնքի դէմ իր արարքները:

Ազատ արձակուելէն ետք Նուն յայտարարեց, որ իր ձերբակալութիւնը սպառնական ազդանշան մըն էր իրեն, դատական ​​համակարգին կողմէն: Ան վկայեց, որ ազատազրկուած մնալու միջոցին, պատկան մարմինները իր հետ յարգալիր վերաբերմունք ունեցած են:  

«Մենք պիտի շարունակենք,  Օգոստոսի 4ը բացայայտելու մեր առաքելութիւնը եւ մենք խօսքի ազատութեան իրաւունքը ունինք: Պիտի պայքարինք, մինչեւ այն ատեն, որ հետաքննութիւնը կանգ առած կը մնայ» յայտարարեց ազատագրուած երիտասարդը: «Մեր պայքարը պիտի չմեռնի» եզրափակեց Ուիլիամ Նուն:

Նշենք, որ ոստիկանական կեդրոնէն դուրս գալէն անմիջապէս ետք Նուն այցելեց Պէյրութի Հրշէջ միաւորին կեդրոնատեղին, ուր կը պաշտօնավարէր իր զոհուած եղբայրը, ուղղուելէ առաջ իր ծննդավայրը՝ Ժըպէյլ, ուր իր տան մուտքին դիմաւորուեցաւ մեծ թիւով հարազատներու եւ բարեկամներու կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին