Հինգշաբթի, 18. 04. 2024

spot_img

2022-ի Լիբանանեան Քաղաքական Դաշտի Բերքը. Նախագահական Թափուր եւ Պետական Ամլութիւն

Կ՛ենթադրուէր, որ 2022 տարին լիբանանեան ըլլար, այն իմաստով, որ ան հանդիսանար լիբանանեան խնդիրներու լուծումներու սկիզբին տարին:

Արդարեւ, այն բոլոր իրադարձութիւնները, որուն ականատեսը եղանք անցնող տարուան ընթացքին, ինչպէս խորհրդարանական ընտրութիւնները, նախագահական ընտրութիւններու տարին հանդիսանալու փաստը եւ միջազգային կառոյցներու հետ համաձայնագրեր ստորագրելու յոյսերը, որոնք կրնային փոխել 2019էն սկսեալ ստեղծուած իրավիճակը:

Սակայն հակառակ սպասումներուն, չեղաւ այն ինչ, որ կ՛ակնկալուէր: Խորհրդարանական ընտրութիւնները, ոչ միայն լուրջ փոփոխութեան մը չյանգեցան, այլ՝ աւելի եւս բարդացուցին քաղաքական իրավիճակը:

Նորընտիր խորհրդարանը չյաջողեցաւ ընտրել երկրին նոր նախագահը: Կառավարութիւն չկազմուեցաւ: Տնտեսական, թէ այլ բարեփոխումներ չառաջացան:

Ըլլալով շատ աւելի վատը քան իր նախորդները, 2022 տարին մեզի այսօր կ՛առաջնորդէ դէպի 2023 աւելի եւս անդամալուծուած վիճակով:

Սակայն մարդկային յոյսը միշտ կը մնայ առկայ: Այդ յոյսով ենք, որ վաղը պիտի դիմաւորենք Նոր Տարին, մաղթելով, որ 2023ը ըլլայ Լիբանանին  ու լիբանանցիին ցաւերը ամոքող տարի մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին