Մինչ լիբանանեան դրամանիշի արժէքը խելայեղ կը գահավիժի, Լիբանանի խորհրդարանը եթէ մինչ այդ ոեւէ դիրքորոշում չընդունի վարձակալութեան պայմանագիրներու օրէնքին վերաբերեալ, ապա յառաջիկայ Մայիսը դռները կը բանայ սահմանադարական հին-նոր բանավէճի մը: Յիշեցնենք, որ յառաջիկայ տարի կը լրանայ վարձակալութեան նոր օրէնքին ճշդած իննամեայ ժամկէտը, որ հրապարակուած էր 2014-ին:
Սոյն օրէնքով, Լիբանանի անշարժ գոյքի այն պայմանագրերը, որոնք թողարկուած էին 23.07.1992էն առաջ, 2023ի Մայիսէն սկսեալ, չեղեալ կը նկատուին: Հետեւաբար վարձուորներ ստիպուած պիտի ըլլան, նոր եւ շուկայի ներկայ գինով պայմանագրեր կնքել տանտէրերու հետ:
Անկասկած, որ նման բան պատահելու պարագային երկիրը վարձուորներու եւ տանտէրերու միջեւ հակամարտութեան դաշտի կրնայ վերածուիլ, բան մը, որ կը տանի համաժողովրդական ճգնաժամի: Շեշտենք, որ հազարաւոր ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը տարեցներ են, կրնան իրենց ապրած բնակարաններէն դուրս մնալ տանտիրոջ կողմէ ճշդուած շուկայական բարձր գինով վարձք չկարենալ վճարելու համար:
Բնակարանային պետական ծրագրի կամ վարձակալութեան հիմնադրամի մը բացակայութիւնը նաեւ տանտէրերը զրկուած կը պահէ արժանապատիւ գումար ստանալէ իր տրամադրած գոյքին համապատասխան:
Երկրին դիմագրաւած լուրջ խնդիրներուն վրայ, ահաւասիկ պիտի գայ գումարուելու նոր խնդիր մը եւս, որուն լուծումին համար առ այսօր, ոչ մէկ ճիգ թափուած է: