Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Նոր Հաղորդաշար. «Արցախը Ներսէն»

Մինչ Արցախ աշխարհը կը մնայ շրջափակուած հայ ժողովուրդին թշնամիին կողմէ, ԶԱՐԹՕՆՔ նպատակայարմար տեսաւ «Արցախը Ներսէն» անուան տակ լսատեսողական հաղորդաշար մը սկսիլ:

Հաղորդաշարին նպատակն է, իր ձեւով կոտրել ազերի վոհմակներու շինծու պատճառաբանութիւններով Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը արգելափակող շղթան:

Մեր նպատակն է հեռակայ կարգով մտնել շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մեր սիրելի հայրենակիցներուն տուներն ու դպրոցները, գիւղերն ու քաղաքները, զրուցելու այնտեղի մեր հոգեհարազատ քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ, մօտէն իմանալու եւ մեր ընթերցողներուն ու հետեւողներուն ծանօթացնելու, թէ քաջարի արցախահայութիւնը ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ այս հակամարդկային աղէտը:

Մինչեւ այս պահը արդէն հրապարակած ենք  Արցախի Մարտակերտ քաղաքի Վարդան Մինասեանի անուան դպրոցի տնօրէնուհիին՝ Տիկ. Մելսիթա Քարտումեանին եւ Շուշիի գիւղերէն Մեծ Շէն գիւղի բնակիչ՝ բուժքոյր Սեւան Մանճիկեանին հետ մեր առցանց զրոյց-հանդիպումները:

Հետեւելու համար կարելի է այցելել ԶԱՐԹՕՆՔի կայքը՝ www.zartonkdaily.net եւ կամ Zartonk Daily անուամբ մեր Youtube chanelը:

Հանդիպումներն ու զրոյցները կը շարունակուին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին