«Արցախը Ներսէն» Հաղորդաշար 2
8րդ օրուայ գիշերն ալ վրայ հասաւ մինչ Արցախը կը մնայ շրջապատուած: Ազերի վոհմակներ շինծու պատճառաբանութիւններով տակաւին փակ կը պահեն Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը, Արցախը զրկելով արտաքին աշխարհի հետ իր կապէն:
Սոյն մարդկային աղէտին ու անոր հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ այս պայմաններուն տակ արցախահայութեան առօրեայ կեանքի պայմաններուն մասին իմանալու եւ մեր ընթերցողներուն ու հետեւողներուն ծանօթացնելու, համար ԶԱՐԹՕՆՔ նախաձեռնած է յատուկ հաղորդաշար մը՝ «Արցախը Ներսէն»:
«Արցախը Ներսէն» հաղորդաշարի երկրորդ հիւրն է Շուշիի Մեծ Շէն գիւղին մէջ քաջաբար ապրող ու կենսագործող, մասնագիտութեամբ բոյժքոյր՝ Տիկ. Սեւան Մանճիկեանը: