Շաբաթ, 04. 05. 2024

spot_img

Հանդիսաւոր Նշում՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան 75-Ամեակին եւ «ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթի 47-րդ Տարեդարձին` Առնօ Բաբաջանեանի Նուիրուած Բացառիկ Երգահանդէսով

ՊԵՐՃ ԳՈԳՈՐԵԱՆ

            Արդեօք կարելի՞ է նկարագրել գեղեցկութեան մը անթերիութիւնը. թերե’ւս:

            Արդեօք կարելի՞ է բնութագրել հարազատ վիճակը այդ գեղեցկութեան. դարձեալ թերե’ւս:

            Արդեօք կարելի՞ է նկարագրել «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի նախաձեռնութեամբ՝ Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնը – անզուգական վայելքի փառաւորութիւնը – ըսել կուզեմ:

            Չե’մ կարծեր:

            Փորձելը, նոյնիսկ, արկածախնդրութիւն է:

            Բայց՝ փորձենք:

            Երեւակայենք պահ մը – եթէ բացակայ «ներկաները» կարենային երեւակայել – Թէքէեան Մշակ. Միութեան՝ Յ. եւ Ս. Արզումանեան Սրահը, գունագեղ լոյսերով ողողուած, բեմը գեղեցկօրէն յարդարուած՝ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի, Թ.Մ.Մ-եան եւ ՌԱԿ-ի խորհրդանշաններով, մանաւանդ նուրբ ճաշակի յարմարութիւններով… եւ այս բոլորը ձեռագործն են արուեստագիտուհի տիկ. Աստղիկ Եազըճեանի: Անակնկալ մը չէր մեզի համար. տարիներէ ի վեր, Նեղոսի ափերէն մինչեւ Սէն Լորանի ափերը, տիկ. Եազըճեան, միշտ, ի սպաս դրած է իր իւրայատուկ կնիքը գեղեցկութեան:

Երեկոյէն ընդհանուր պատկեր մը

            Հայրենի արուեստագէտ, հանճարեղ երգահան Առնօ Բաբաջանեանի 100-ամեակի հանդիսութիւնը արժեւորեցին, գանատահայոց բարեխնամ առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանն իր օրհնութեան գիրով ու Գանատայի մօտ Հ.Հ.-ի լիազօր եւ արտակարգ վսեմաշուք դեսպան՝ Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանը իր բարձր ներկայութեամբ:

            Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ օրհնութեան գիրով առաքած շնորհաւորութիւնները, փոխանցուեցան Տէր Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեանի միջոցաւ, բնութագրելով՝ «ԱՊԱԳԱՅ»ի հրատարակչութեան եւ Թ.Մ.Մ.-ի հիմնադրութեան զոյգ իրականութիւնները, «որպէս անձնական նուիրումով շաղախուած, հաւաքական աշխատանքի արդիւնք՝ ի նպաստ հայ աշխարհի ապագայի տեսիլքներու իրագործման, հայկական մշակոյթի ժառանգման պահպանման, ինչպէս նաեւ հայ ինքնութեան ու ազգային սրբազան արժէքներու պաշտպանման»:

Տէր Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեան

            Միութեան ժրաջան վարչական՝ Յարութ Գույումճեանի հանդիսավարութիւնը համեմուած էր՝ յայտագիրը զիրար կապող անհրաժեշտ մէջբերումներով: Նկատելի էր յաջորդականութեան սահուն արագութիւնը, պահելով միշտ թարմ ու կենսունակ յայտագիր մը:

Հադիսավար՝ Յարութ Գույումճեան

            Յարութ Գույումճեանի հրաւէրով այս անգամ բեմ բարձրացաւ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագիր պրն. Աւետիս Պագգալեան:

            Յարգելի խմբագիրին նկատողութիւնը հետաքրքրական էր: «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի՝ սովորութիւն դարձած տարեկան հանդիսութիւնը կը համընկնէր, մի’շտ, Հոկտեմբերին, Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին:

            Ան անդրադարձաւ – հայ մշակոյթի, դպրոցի, գիրքերու եւ մանաւանդ մամուլի անհրաժեշտութիւնը՝ պայքարելու լեզուի նահանջին դէմ:

«ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Պրն. Աւետիս Պագգալեան

            Պրն. Պագգալեան, յիշեց այն գեղեցիկ սովորութիւնը, որ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, ուր տարին օր մը, իրարու գիրք մը կը նուիրեն: «Ուրեմն մենք ալ, նոր սերունդը քաջալերելու ու լաւ օրինակ հանդիսանալու համար, կրնանք «ԱՊԱԳԱՅ» թերթի բաժանորդագրութիւն նուիրելու սովորութիւն մը յառաջացնել» .- եզրակացուց ան:

            Խորապէս զգացուած, յարգելի խմբագիրը, մեծապէս գնահատեց, բոլոր այն ազնիւ հոգիները, որոնք անսակարկ կը մասնակցին այս պայքարին՝ նիւթական կամ այլ օժանդակութեանց անվերապահ զոհողութիւններով:

            Պրն. Պագգալեանինը՝ լոկ սրտի խօսք մը չէր, այլ կոտտացող սրտի մը ցաւը, այն մշուշապատ ապագային նկատմամբ, ուր հայերէն լեզուի մեր շուարումը կը զգենուր տարտամ գոյներ:

            Ինչպէս մամուլին միջոցաւ վերջերս մեծ հպարտութեամբ տեղեկացանք, Գանատայի Ընդհ. Կառավարիչին՝ Mary Simon-ի ձեռամբ, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան կը պարգեւատրուէր Գանատայի բարձրագոյն քաղաքացիական (civilian) շքանշանը հանդիսացող Order of Canada շքանշանով: Պետական պաշտօնական կոչնագիրը կ’ըսէ «Աւելի քան 50 տարիներու ընթացքին ան խարսխած է Գանատահայ գաղութը, գլխաւորելով՝ հիմնադրութիւնը Ալեք Մանուկեան վարժարանին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմին եւ սփիւռքատարած համայնքներուն, 10-ամեակ մը ծառայելով իբրեւ փոխնախագահ Հ.Բ.Ը.Մ.-եան Կեդրոնական Վարչութեան»:

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

            Հուսկ ուրեմն, բեմ հրաւիրուեցաւ շքանշանակիր Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան:

Նախ՝ յանուն Թ.Մ.Մ.-ի Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան, ան տուաւ իր ջերմագին շնորհաւորութիւնները Թ.Մ.Մ.-ի Մոնթրէալի մասնաճիւղին կիսադարեան մեղուաջան գործունէութեան: Յատուկ շնորհաւորութիւններ եւս Գանատայի առաջին եռալեզու շաբաթաթերթ «ԱՊԱԳԱՅ»-ի 47-րդ տարեդարձին :

            Երկրորդ՝ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան անունով, եւ մեծագոյն հպարտութեամբ, ողջունեց Թ.Մ.Մ.-եան հիմնադրութեան 75-րդ տարեդարձը, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ, 1947 թուին, որպէս խորիմաստ յղացումը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան այդ օրերու գերագոյն ղեկավարութեան: Արդարեւ նորաստեղծ Թ.Մ.Մ.-ի հիմնական նպատակն էր բարձրագոյն մակարդակի մշակութային գործունէութեամբ կամուրջ հանդիսանալ Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքին միջեւ այն օրերուն ուր աշխարհը խստօրէն բեւեռացած էր Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, լրջօրէն վտանգելով հայութեան միասնականութիւնը:

Թ.Մ.Մ.-ը փայլուն կերպով յաջողեցաւ իր այս առաքելութեան մէջ:

            Հոս կ’արժէ արձանագրել, որ Դոկտ. Կէօնճեան, թէեւ զուսպ յուզումով, սակայն երախտագիտաբար յիշեց, տակաւին մօտ անցեալին, յաւէտ բաժնուած երկու լուսաւոր անձնաւորութիւնները, հանգուցեալներ՝ Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեանն ու Վարդուհի Պալեանը: Դոկտ. Կէօնճեան նկարագրեց զանոնք իբրեւ «անփոխարինելի, աննկուն եւ օրինակելի» հատուցողներ Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակ. Միութեան 50-ամեայ վաստակին:

            Ապա՛ երաժշտական բաժինի յայտագիրէն՝ աներկբայ յաջորդականութեանը, ամբողջի մը յաջող դասաւորութեանը, նուագի ու ձայներու ախորժելի միութեանը հմայքին տակ՝ ապրեցանք մինչեւ վերջ:

            Միայն որոտընդոստ ծափերու ընդմիջումը կը սթափեցնէր մեզի, կրկին մխրճուելու համար յաջորդ երգի թմրեցուցիչ վայելքին մէջ:

            Երաժշտական խնջոյք մըն էր:

            Առնօ Բաբաջանեան էստրադայինի ճարտարապետներէն մին եղած է. ուրեմն, ձայնի ու նուագախումբի փոխադրութեան աշխատանքը (transportation voix et orchestre) յանձնուած էր յարմարագոյն անձին, «ճազ»-ի մասնագէտ՝ Արտէն Արաբեանին. մինչ դաշնամուրի ասեղնաշարերը հլու-հնազանդ կը հպատակէին անոր ոսկեայ մատներուն: «ճազ»ը կրկնակի արդիականացած էր՝ իրմո’վ:

            Դրախտային ձայնը՝ Սաշա Ճիհանեանի (Soprano Colorature), մերթ մեղմ, մերթ ուժգին, պատշաճ պահանջուած մեկնաբանութեան, կարծես երկնառաք մըն էր:

Սաշա Ճիհանեան

            Սաշայի ներկայութիւնը հաճելի էր բեմահարթակին վրայ: Անոր զուարթ ու խայտաբղէտ պոռթկումները աւելի կը շեշտէին երգին հրապոյրը.

            Հմա՜յք… թովչութի՜ւն…

            …Եւ ուրեմն փշաքաղութի՜ւն:

            Սարգիս Պարսեմեան՝ քնարական թէնօրի իր ձայնով, (te’nor lyrique) մեզ գերեց: Անոյշ ու թաւշային հազուագիւտ ձայնի որակ մը, որը կարծես աւելի շեշտակի դարձաւ վիպասանական (romantic) երգերու մէջ՝ ինչպէս «Սիրոյ երգ»ը եւ «Երեւանի սիրուն աղջիկ»ը:

Սարգիս Պարսեմեան

            …Սակայն երբ հասաւ եզրափակիչ երգի պահը՝ «Ազգ Փառապանծ» զուգերգը, Սարգիս Պարսեմեանի ու Սաշա Ճիհանեանի ձայները գերազանցեցին յայտագիրին նկարագրականէն առաջնորդուած մեր ակնկալութիւնները: Եւ առանց երկմտանքի անոնց վրայ կ’աւելցնենք Առնօ Բաբաջանեանի (երաժշտութիւն) եւ Ա. Գաշի (խօսք) միաձուլուած ու միագագաթ երկու տիտաններու ստեղծագործութիւնը, որուն հմայքին տակ վայելեցինք արուեստի բարձունք մը:

Սաշա Ճիհանեան եւ Սարգիս Պարսեմեան

            «Ազգ Փառապանծ» երգի տեւողութեան-թերեւս այդ չորս վայրկեաններուն – վերացանք, պահ մը մոռնալով մեր այժմու ազգային ցաւերն ու յուսախաբութիւնը, դառնութիւնն ու պատրանքը, մտահոգիչ ներկան ու անստոյգ ապագան:

            Ա’զգ Փառապանծ:

            Ազգ Փառապա’նծ:

            Եթէ պահ մը գոցէինք մեր աչքերը, թերեւս մտքի նայուածքով պիտի երեւակայէինք հսկայ նուագախումբ մը, անթիւ ու այլազան երաժշտական գործիքներով: Անոնց ներդաշնակութիւնն ու համաձայնութիւնը, որ կը տիրապետէր, նոյնիսկ աւելի կը զօրացնէր, քաղցր ու ախորժելի միութիւնը՝ ձայներու, մեզի հասցնելով նրբութեան մը գագաթնակէտին:

            Յետոյ… բանայինք մեր աչքերը եւ պիտի տեսնէինք աներեւակայելի իրականութիւնը: Հսկայ նուագախումբ մը չէ’ր, այլ միա՜յն, Արտէն Արաբեան մը (դաշնամուր), Olivier He’bert մը (բամբ ջութակ՝ contrebass), Samuel Blais մը (saxophone ու clarinet) եւ թմբկահարը՝  Sacha Daoud… միա’յն այսքան, եւ վե’րջ:

            Բոլորն ալ արհեստավարժ ու ընտրեալ արուեստագէտներ, տիրապետելով իրենց երաժշտական գործիքներուն ու անմիջականօրէն կազմելով համադրեալ ամբողջութիւն մը: Անոնք ներկայ էին ոչ թէ «Տօ-րէ-մի»-ով, այլ իրենց սրտի լարերով, զգացումի դափիւնով եւ մանաւանդ հայկական շունչով:

            Գնահատանքի մեր խօսքերը վերապահած ենք գեղարուեստական պատասխանատու, աւելի ճիշդը» ղեկավար, Սամուէլ Քէօշկէրեանի:

            Արհեստավարժի մակարդակով, ան, բծախնդրօրէն ու հմտութեամբ, ընտրած էր Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործական երկար երգացանկէն՝ պատշաճ կտորներ, մանաւանդ յարմարագոյնները՝ երգիչ – երգչուհիի մեկնաբանական կամ ձայնային կատարումի սահմաններուն համեմատ: Այս արդէն կը պահանջէր ընտրուածներու ժողովրդականութեան գիտակցութիւն:

            Չբաւարարուելով ու անցնելով իր հմտութեան անսահման սահմանները, Սամուէլ Քէօշկէրեան յաջողեցաւ այդ արուեստը դասաւորել, հասկնալի դարձնել ու պատշաճօրէն հրամցնել: Ան ոչ միայն յաջողեցաւ այլեւ գերազանցեց: Սա», թէ» բնազդ է, թէ» տաղանդ:

            Գալով, զոյգ հանդիսավարներ՝ Սիլվա Ամատունիի եւ Ցոլինէ Մուղալեանի ներկայացումը, իբրեւ ոճ ու ձեւ, յայտնութիւն մը եղաւ (թերեւս աւելի ընդհանրացած է հայրենիքի գեղարուեստի աշխարհին մէջ): Անոնք լոկ խօսնակներ չեղան: Անոնք, կարծես, հանդիսատեսները ներկայացնող երկու պատգամաւորներ էին՝ բազմած բեմին վրայ, մասնակցելով արուեստագէտներուն ու միաձուլուած ներկաներուն, թարգմանելով այս վերջիններուն զգացումները, յուզումը, խանդավառութիւնը, մինչեւ իսկ ծափահարութիւնները. մեզի աւելի տպաւորելով անհրաժեշտ տեղեկութիւններով, հրամցուած՝ մաքուր առոգանութեամբ:

Ձախէն՝ Ցոլինէ Մուղալեան եւ Սիլվա Ամատունի

            Թէքէեան Մշակութային Միութիւնն ու «ԱՊԱԳԱՅ»ն ոչ միայն գիտեն արուեստի երեկոյթներ պատրաստել այլեւ արժէքներ՝ արժէքաւորել:

            Հուսկ ուրեմն Միութեան ժրաջան ատենապետին՝ տիար Նուպար Պապիկեանի խնդրանքով բեմ հրաւիրուեցաւ գեղարուեստական ղեկավար՝ Սամուէլ Քէօշկէրեանը: Շնորհակալական արտայայտութիւններու ընդմէջէն, անոր յանձնուեցաւ յուշատախտակ մը, որուն վրայ արձանագրուած էր. «Տիար Սամուէլ Քէօշկէրեանին առ ի գնահատանք՝ իր մատուցած երկարամեայ ներդրումին Մոնթրէալահայ երաժշտական կեանքէն ներս:»

Տիար Նուպար Պապիկեան կը պարգեւատրէ գեղարուեստական ղեկավար՝ Սամուէլ Քէօշկէրեանը

            Յուզուած՝ պրն. Քէօշկէրեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց:

            Հանդիսութենէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, աւելի» պատուասիրութիւն:

            Ճոխ սեղաններու շուրջ, նոյնպէս գեղեցկօրէն սարքուած, ախորժահամ պատառիկներ, քաղցրեղէններ, գինի՝ առիթ կու տային ներկաները շնորհաւորել մասնակցողներն ու կազմակերպողները:

            … Եւ վե’րջ…

*   *   *

            Վե՞րջ: Չե’մ կարծեր:

            Անթերի գեղեցկութիւն մը վերջ չունենար:

            Վերջ չունի եւ «ԱՊԱԳԱՅ»եան առաքելութիւն մը քանի՝ իր ետին ունի ընթերցողներ, բարեկամներ եւ օժանդակներ…:

            Եթէ «ԱՊԱԳԱՅ»ն ունենար, մէկ րոպէ, վերջին հրճուանքը տալու իր ընթերցողներուն…:

            Եթէ «ԱՊԱԳԱՅ»ն ունենար միայն մէկ րոպէ, գոհացման վերջին կաթիլը տալու իր բարեկամներուն…:

            Եթէ «ԱՊԱԳԱՅ»ն ունենար գէթ վերջին րոպէն, հոգիի ցնծութիւն պարգեւելու իր գերազանց օժանդակներուն…:

            Ատիկա», պիտի չ’ըլլար միա՜յն մէկ րոպէ…:

            Ատիկա» , պիտի ըլլար Յաւիտենականութի՜ւն…:

«ԱՊԱԳԱՅ»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին