Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

ԱՆԿԱՐԵԼԻՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Պարոնեանին այցելած բանաստեղծին մուսան երկու  ոսկիով կու գայ եղեր («Մեծապատիւ Մուրացկանները»-Խմբ.): «Երբ  Օրը գայ վերջապէս» (Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ) ծանօթ բանաստեղծութիւնը կարդալէս ետք ամբողջ անցեալ մը պարզուեցաւ առջեւս ոչ միայն անձնական այլ՝ համաշխարհային չափանիշով որու պարագլուխն էր Խ. Միութիւնը:

Ալ ի՜նչ բանաստեղծութիւններ, որոնց մէկ մասը երգի-պարի վերածուելով կը թնդացնէին , ոգեւորելով  ժողովուրդները դէպի «Վառ Գալիքը»: Մարդկային՝ չէ այլ մարդկայնական երազներու շարան  որ պիտի իրագործուէր երկրէ երկիր տարածուելով՝ համաշխարհային գոյութեան ի խնդիր «Բիւր ազգի որդիներս երազում ենք խաղաղ կեանք ու սէր…»: Ո՞վ չէր ուզեր. գէթ մենք,որ տառապանքի, արհաւիրքի բովէն անցած պիտի առաջամարտիկը ըլլայինք նման գաղափարախօսութեան մը «Մոռնալով վէրքերն եւ ոխն երէկի, ժամն է որ ըլլանք վաղուան աչալուրջ» որքա՜ն սրտամօտ ու հարազատ …թէ գիւտերու հայրը կարիքն է (Պղատոն):

Հուսկ՝ ամէն ինչ որ մարդու հնարքն է, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ կարիքը: Հիմա որ կը գրեմ գրիչով, առանց զայն կաղամարի թաթխելու, ինչ է այդ եթէ ոչ՝ աւելի արագ եւ հեզասահ թուղթին յանձնելու մտածումներս: Ի՜նչ բանաստեղծներ չենք ունեցած, որ չ՛արտայայտուին անձնական, ազգային, մարդկայնական քերթուածներ մխիթարուելու եւ մխիթարելու  ընթերցողը իրենց կարիքին համեմատ, իրենց ապրած շրջանին մէջ, որոնք եւ քանի որ տակաւին նոյն իրավիճակներու մէջ կ՛ապրինք, կը յիշենք, կը կրկնենք, կ՛ապրինք, կը ցանկանք բայց ափսո՜ս …:

Ես ալ կլանուած էի բանաստեղծութեամբ. Կ՛ուզէի ըլլալ յեղափոխական բանաստեղծ մը: Ա՛յդ էր երազս յանուն մարդկային բարօր կեանքի եւ առաջին գրութիւնս՝ դպրոցական պարբերաթերթին՝ ՆՈՒԻՐՈՒՄին մէջ (ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանի պաշտօնաթերթ, Պէյրութ- Խմբ.) «Քանդիր կապանքը տխրութեան, սրբիր արցունքը  կանացի, չկայ մի ուրիշ բալասան՝քո ուժից բացի»: Այս՝ նախաւարտական  տարուոյն էր: Հիմա, իմ մուսաս ի՛նչ գինով պիտի գայ չեմ գիտեր. Բայց՝ ո՛չ լումայով այլ՝ ԵՐԿՈՒՆՔով, երբ նախաւարտական կը մնաս տակաւին… ու կը տոչորիս վերջին քայլէդ զրկուելուդ պատճառաւ:

Ուզեցի արեւը բռնել ու խաղալ գնդիկի փոխարէն/Մեծ բա՞ն էր ուզածս միթէ իմ.: Տարիքս տասը չէր/Ուզեցի ճամբորդել ես հեռուն ու այդքան մօտիկ էր այդ «հեռուն»/Քանի որ արմատի կանչն էր այդ ու սէրս՝ լոկ ուսում/Մեծ բան էր յիրաւի այդ « հեռուն»/Չուզեցի նայիլ ալ արեւուն, ՍՈՒՏ ԷԻՆ ԱՐԵՒԸ, ՕՐԸ ՈՒ ՄԱՐԴԻԿ…

Ցաւեր կան որ չեն մոռցուիր: Անոնք անկիւնաքարեր են անբաժանելի կեանքիդ ընթացքին եւ քանի որ այդ «ՕՐԸ» եկած չէ, անհաւասարութիւ՞ն, դա՞ւ, խաբէութիւ՞ն, ալ ի՛նչ ուզես կը գտնես: Անհաշտութիւն ամենուր անձի, ընտանիքի, ազգի, ազգերու ալ ու՜ր մնաց յոյսը Գալիք այդ Օրուան երբ այս դարը կարելի է անուանել ՌԱԶՄԱՄՈԼ. Եւ միջուկային պատերազմի վտանգը առկայ է: «Երբ Օրը գայ վերջապէս»: ԱՆԿԱՐԵԼԻՆ:

Երանելի են բանաստեղծները իրենց երազներուն մէջ ՄԻԱՅՆ: Տարուած՝ ԱՆԿԱՐԵԼԻով:

«Աղբիւրները հընչում են ու անց կենում,/Ծարաւները տենչում են ու անց կենում,/ Ու երջանիկ ակունքներին երազուն՝/Պոետները կանչում են ու անց կենում (Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին