Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Ի Խնդիր Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Պաշտպանման

2020 թուականի պատերազմը, ընդմէջ Հայաստանի եւ հարեւան Ատրպէյճանի, ծանր ու պատմակշիռ հաուած մըն էր մեր հայրենիքի ճակատագրին վրայ. որքան վհատեցուցիչ հանգամանքներ էին մարդկային եւ հողային կորուստները, նույնքան նուաստացուցիչ էին յուսալքութիւնն ու անտիրութիւնը՝ միջազգային հասարակութեան անտարբերութեան եւ լռութեան պատճառաւ:

Պատերազմին յաջորդող յետագայ զարգացումները, շրջանային եւ համաշխարհային ոյժերու քաղաքականութեանց տեղաշարժերը նոր ազդակներ ստեղծեցին որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը կարենար յենարաններ գտնել:

2020ի Սեպտեմբեր 13ին կայացած Ատրպէյճանի նոր յարձակումը, եւ հողային գրաւումները Ջերմուկի, Սօթքի, Վարդենիսի եւ սահմանային այլ շրջաններուն մէջ բոլոր նախանշանները կը պարունակէին նոր եւ ամբողջական պատերազմի մը, որոնք չհասան իրենց նպատակին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան վճռական ազդարարութեանց, ինչպէս նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դրական կեցուածքին պատճառաւ:

Հայաստան ռազմական դաշնակիցն է Ռուսաստանի Դաշնութեան, անդամ է Հաւաքական Անվտանգութեան Պաշտպանութեան Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ), որոնք սահմանուած էին դաշնագրային պայմանաւորուածութեան բերումով օգնութեան հասնիլ եւ պաշտպանել Հայաստանի հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը:

Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի կրնային հասկացողութեամբ մօտենալ եւ այդ պարտազանցութիւնը արդարացուած նկատել՝ նկատի ունենալով Ռուսաստանի ամբողջական ընդգրկումը Ուքրանիոյ պատերազմին՝ եթէ ՀԱՊԿի դաշնակից պետութիւնները չփութացին շնորհաւորել այդ միեւնոյն կազմակերպութեան սկզբունքային թշնամի Ատրպէյճանը, իսկ դաշնակից Պելառուսի պարագային ապօրինի զինումը Ատրպէյճանին:

Միջազգային հանրութեան կարեկիր վերաբերումը Հայաստանի հանդէպ ազդակ մը հանդիսացաւ Հայաստանի իշխանութեան ինքնուրոյն քաղաքականութեան մը որդեգրումին:  Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ուղիղ պահանջը իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովէն, Ասթանայի վերջին ժողովին, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համարատուութեան պահանջը, Հոկտեմբեր 31ի Սոչիի եռակողմ գագաթաժողովի ընթացքին, նախագահ Վլատիմիր Փութինէն՝ ինչ կը վերաբերի Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան ամբողջական գործադրութեան (ռազմագերիներու վերադարձ, Հայաստանի գրաւեալ շրջաններու պարպում եւ յարձակումներու սանձում), երեւոյթներ են որոնք կը պարզեն Հայաստանի ինքնուրոյն քաղաքականութեան հետապնդումը:

Հայաստան բազմաթիւ համաձայնագրերով եւ պատմական դարաւոր կապերով միացած է Ռուսաստանին եւ անխոհեմ եւ վնասակար պիտի ըլլար այդ դաշնակցի այս դժուարին օրերուն խզել պայմանագրային – ռազմական եւ տնտեսական – կապերը Ռուսաստանի հետ:  Սակայն ՀԱՊԿի դաշնակիցներուն անկարողութիւնը՝ այդ կառոյցի պարտաւորութիւնները իրականացնելու եւ աւելին, անոնցմէ ոմանց թշնամական վերաբերումը Հայաստանի նկատմամբ՝ պատճառներ են որ Հայաստանի իշխանութիւնները որոշեն հրաժարիլ ՀԱՊԿի անդամակցութենէն:

Հայաստանի անդամակցութիւնը այդ կառոյցին ցարդ չէ արդարացուած, հակառակ որ Հայաստան լիովին իրագործած է իր անդամական պարտականութիւնը՝ երբ կոչուեցաւ զինոյժ տրամադրելու դաշնակից Ղազախստանի քաղաքական անկայունութիւնը զսպելու ընթացիկ տարուան սկիզբին:

Հայաստանի անդամակցութիւնը ՀԱՊԿին ոչ միայն չէ արդարացուած դաշնակից անդամներու պարտազանցութեան պատճառաւ, այլ այդ անդամակցութիւնը քաղաքական եւ օրինական արգելքներ դրած է որպէսզի Հայաստան դաշնակիցներ փնտրէ այլուր, բայց մանաւանդ կարենայ ինքնապաշտպանութեան զէնքեր ապահովել միջազգային շուկաներուն վրայ:

Այսօրուան գերագոյն նպատակը Հայաստանի գոյութենական վտանգներուն դէմ պաշտպանուիլն է, եւ Հայաստանի դաշնակից Ռուսաստանի իշխանութիւնները պէտք է ըմբռնողութեամբ մօտենան Հայաստանի քաղաքական այս նոր կողմնորոշման:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Գերագոյն Խորհուրդ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին