Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Հայրենիքը Ծափով Ու Ծիծաղով Չէ, Որ Կը Պահուի

Կասկածէ վեր է, որ մենք 2020ի Նոյեմբերի 9էն ի վեր ազգովին կ՛ապրինք թրոմա մը: Պարտուած ըլլալու փաստ-զգացում մը, որ իր կարգին յառաջացուցած է պարտուողականութեան հոգեբանութիւն: Ցաւալին այն է, որ մարդկային հոգեբանութեան մէջ, պարտութիւնը նուազ կործանարար է քան պարտուողականական վերաբերմունքը:

Վերջերս, հայկական լրատուական դաշտին որոշ ուղղութիւն ունեցող ներկայացուցիչներուն մօտ համատարած երեւոյթ դարձած է տարածել լուր մը, թէ Ազրպէյճանի հետ այսպէս կոչուած խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրուի սոյն տարեվերջէն առաջ: Լուրը մինչեւ այստեղ այնքան մտահոգիչ չէ, որքան անոր շարունակութիւնը հանդիսացող մանրամասնութիւնը, թէ ինչպէ՞ս Արցախը պիտի հայաթափուի եւ ի՛նչ անցքերով է, որ Արցախի հայութիւնը դուրս պիտի գայ իր պապենական հողէն:

Վերոյիշեալ երեւոյթը, կազմակերպուած քաղաքականութիւն, թէ անմիտ վերաբերմունք. արդիւնքը նոյնն է:

Կարելի չէ ազգին շարունակաբար պարտուողական տրամադրութիւն սրսկել: Կարելի չէ անընդհատ «յուշել», թէ ամէն ինչ սկիզբէն մեր փոխարէն որոշուած է:

Ընդհակառակը, պէտք է անդադար բարձրաձայնել, թէ դժուարութիւններ ու վտանգներ միշտ առկայ են եւ Հայրենիքը ծափով ու ծիծաղով չէ, որ կը պահուի:

Չկայ ձախողութիւն, որ անշրջելի է երբ առկայ է կամքը:

Մենք այս ճգնաժամն ալ անպայման պիտի շրջանցենք: Այս վստահութեամբ է, որ պէտք է շարունակենք պայքարը: Մեր մէջէն պիտի հանենք խուճապն ու պարտուողականութեան տրամադրութիւնը, որպէսզի ամուր եւ մերը պահենք մեր պապերէն ժառանգած հայրենիքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին