Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Պահպանուած Հնատիպ Հայերէն Տպագիր Գիրքերու Ժառանգութիւնը Լեհաստանի Մէջ

Դոկտ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Դարերու ընթացքին գրաւոր մշակոյթի՝ ձեռագիրներն ու տպագիր գիրքերը մշտապէս եղած են սփիւռքահայուն կեանքի ուղեւորութեան անբաժան, վստահելի եւ սրտակից ուղեկիցները: Բայց այդ ձեռագիրներն ու տպագիր գիրքերու դեգերումները բարդ եւ երբեմն ողբերգական պատմութիւններ եղած են, անոնց  սեփականատէրերու ճակատագիրներուն նման։ Նոյն ճակատագրին արժանացած են նաեւ լեհահայ դարաւոր համայնքի հայերէն ձեռագիրներու, հնատիպ մատեաններու, տպագիր գիրքերու վաւերական ժառանգութիւնը։ Որուն մէկ մասը պահպանուած է Լեհաստանի այսօրուայ սահմաններէն ներս, իսկ միւս մասը կորած կամ ոչնչացած է, եւ կամ պահեստի վայրը անյայտ է։

Պէտք է յիշել, որ լեհական գրադարաններուն մէջ պահպանուած հազուագիւտ հնատիպ հայերէն գիրքերու հաւաքածոները ամբողջութեամբ չեն ուսումնասիրուած, եւ այս իրականութեան լոյսին տակ բարդ է ծանօթացնել եւ ներկայացնել լեհահայ գրատպութեան եւ հրատարակչական պատմական ամբողջական ժառանգութիւնը՝ ձեռագիր եւ տպագիր մշակոյթը, հայերէն լեզուով գրաւոր ստեղծագործութիւնները, ձեռքբերումներն ու ներդրումը, նոյնպէս ալ լեհ-հայկական մշակութային կապերու առանձնայատկութիւններու ամբողջական ըմբռնումը՝ փոխադարձ ընկալումը:

Այս թեմայով, 13.Յունիս.2022 ին Լեհաստանի Բոզնան քաղաքի Ատամ Միցկեվիչ համալսարանի Լեհ եւ դասական գրականութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցաւ Նունէ Սրապեանի դոկտորականի ատենախօսութեան լեհերէն լեզուով հանրային պաշտպանութիւնը։ Նիւթ ունենալով Լեհական գրադարաններու մէջ պահուող հայերէն տպագիր ժառանգութիւնը՝ «Հայ հնատիպ գիրքերը Լեհաստանի գրադարաններուն մէջ» վերնագրով։ Տուեալ դոկտորականի հետազօտութեան հիմնական նպատակն էր՝ Լեհաստանի ժամանակակից գրադարաններու մէջ 1512 էն մինչեւ 1800 թուական պահպանուած տպագիր հնատիպ հայերէն գիրքերու բացայայտումը, ցուցակագրումը եւ բովանդակային նկարագրութիւնը, ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւաքագրուած նիւթերու բանասիրական մեկնաբանութիւնը։ Պէտք է յիշել, որ Ն․  Սրապեանը իր դոկտորական թեմային պարունակութիւնը դասախօսութեամբ մը ներկայացուց Լեհաստանի Վրօցլաւ քաղաքին մէջ 01.Սեպտեմբեր.2022 թուին։

Սոյն հետազօտութիւնը կը ներառէ Լեհաստանի ներկայ սահմաններուն մէջ գտնուող  գրադարաններուն հաւաքածոները։ Խնդիրը այն է, որ կարելի չէր միաժամանակ ընդգրկել լեհական պատմական բոլոր այդ տարածքներուն մէջ գտնուող կամ պահպանուող հայկական տպագիր հնատիպ գիրքերու ամբողջական ցանկագրումը, մատեաններու լիակատար ուսումնասիրութիւնը։

Հասկնալի է, որ համաշխարհային պատերազմներու բարբարոսութիւնները եւ անոնց յաջորդող արհաւիրքները, ժամանակի ընթացքին վերաձեւեցին Եւրոպական երկիրներու աշխարհաքաղաքական սահմանները, փոփոխութեան ենթարկեցին նաեւ Լեհաստանի պատմական տարածքները։

Այս շրջագիծին մէջ նկատի պէտք է ունենալ, որ որոշ սահմանափակում մը կայ լեհական գրադարաններ հասկացողութեան մէջ, ուր պատմականօրէն լեհական թագաւորութեան տարածքները կ՛ընդգրկէին ժամանակակից Պելառուսիոյ, Լիթուանիոյ եւ Ուքրանիայի որոշ տարածքներ։ Լեհաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան թուականին՝ 1918-ին, վերոյիշեալ տարածքները երկար դարերու ընթացքին Լեհաստանի պատմական տարածքներ էին, սակայն այսօր այդ տարածքները Լեհաստանի չեն պատկանիր, բնականաբար այդ տարածքներու մէջ ալ ներկայանալի թիւով հայկական հին համայնքներ կը բնակէին, ունենալով հայ գրչութեան եւ մշակութային կեդրոններ։ Հետեւաբար անվիճարկելի պէտք է համարել, որ այդ ժառանգութիւնը կը պատկանի լեհահայ դարաւոր համայնքին։ Ուստի կանխատեսելի է, որ յիշուած երկիրներու մէջ լեհահայ գրաւոր մշակոյթի ժառանգութեան պատկանող տպագիր հնատիպ հայերէն գիրքեր ալ պահպանուած ըլլան, համալրելու պատմական այդ գիրքերու ցանկագրումն ու լեհահայերու տպագիր մշակոյթի մասին գիտելիքներու ամբողջութիւնը ։

Գնահատելի է, որ պահպանուած հնատիպ գիրքերու ցուցակագրումը, պրպտումները, ուսումնասիրութիւնները զգալիօրէն կը նպաստեն մեկնաբանելու եւ վերլուծելու Լեհաստանի առաջին հանրապետութեան տարածքին մէջ գտնուող հայերէն գրաւոր կամ տպագիր մշակոյթի առկայ մեծ մասը։ Այդ մէկը նոյնպէս անհրաժեշտութիւն մը կը յառաջացնէ լեհահայ տպագիր մշակոյթը կատարեալ ճանչնալու, աւելի ճշգրիտ ուսումնասիրելու եւ համապարփակ  գնահատական մը տալու համար։

Նունէն իր լրջամիտ պրպտումներու շնորհիւ կարողացած է թաքնուած 55 անուն գիրք գտնել, որոնք պահպանուած են Լեհաստանի գրադարաններուն մէջ։ Այդ մէկը կը վկայէ այդ գրադարաններու արխիւներու  հարստութեան, պատմական հաւաքածոներու եւ հնադարեան գիրքերու ժառանգութեան հանդէպ բազմապահանջ խնամքը եւ հոգատարութեան բծախնդրութիւնը։

Նունէի ուսումնասիրութեան շնորհիւ կարելի է տեղեկանալ պատմական հրատարակչական կեդրոններու եւ անոնց գործունէութեան բնոյթի մասին որոշ մանրամասնութիւններու։ Հրատարակչական կեդրոնները ներկայացուած են իբրեւ մշակութային կեդրոններ, ուր գործած են հայկական տպարաններ։ Այդ պահպանուած գիրքերու մեծ մասը հրատարակուած է այդ տպարաններէն, ինչպէս՝ Վենետիկի, Հռոմի, Ամսթրտամի, Կոսդանդնուպոլսոյ, Մարսեյլի, Փարիզի, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ։ Եղած են նաեւ կաթոլիկ քարոզիչներու կողմէ հիմնադրուած տպարաններ, որոնց հրատարակած գիրքերը գրուած եւ թարգմանուած են լատինաբան հայերէն օգտագործող սերունդներու կողմէն։ Հետաքրքրական է, որ այդ 55 պահպանուած գիրքերէն 17 հատը հրատարակուած է մինչեւ 1700 թուական, իսկ մնացեալը 1700 էն 1800 թուական, կան նաեւ անյայտ թուականով հրատարակութիւններ։

Ներկայացուած գիրքերու մեծ մասը ըստ նիւթերու դասակարգումի գլխաւորաբար նուիրուած է կրօնական թեմաներու, որոնք կը պարունակեն ժամագիրքեր, աղօթագիրքեր, օրացոյցներ, մեկնաբանութիւններ, սաղմոսներ, սուրբերու կեանք, շարականներ եւայլն։ Կան նաեւ ոչ կրօնական հարցերու նուիրուած մի քանի գիրք, որոնք կը պարունակեն՝ բառարաններ, փիլիսոփայական նկատառումներ, հայկական ժողովրդական առակներ եւ հռետորութեան դասագիրք։ Իսկ գիրքերու լեզուն ներկայացուած է ընդհանրապէս գրաբարով։

Հնատիպ հայերէն գիրքերու ցանկագրումը կատարուած է Հայաստանի մէջ գիրքերու ցանկագրումի ընդունուած սկզբունքներու համաձայն։ Ի շարս տարբեր առանձնայատկութիւններու եւ գիրքերու նկարագրութիւններուն, քննարկուած են նաեւ գիրքերու ձեւաչափը, կազմը, նկարազարդումները, տպագրութիւններու հիմնական չորս հայերէն տառատեսակները (երկաթագիր, նօտրագիր, բոլորագիր, շղագիր), տրուած է նաեւ իւրաքանչիւր տեսակը  պարունակող գիրքերու  քանակը:

Նունէ Սրապեանը 2010 թուականին աւարտած է Երեւանի Վալերի Պրուսովի անուան լեզուաբանութեան պետական համալսարանը, ստանալով համեմատական տիպաբանութեան (Typology) գիտակարգի մագիստրոսական աստիճանը։ 2016 թուականէն ի վեր Բոզնանի Ատամ Միցկեվիչ համալսարանի միջազգային համագործակցութեան աջակցութեան կեդրոնի աշխատակից է, Եւրոպական Միութեան ծրագիրներու շրջանակներու մէջ ռազմավարական գործընկերութեան, կարողութիւններու զարգացման եւ շարժունակութեան նախագիծերու համակարգող է։ Իսկ 2018 թուականէն ի վեր նոյն համալսարանին մէջ սկսած է իր դոկտորական աստիճանի ուսումը։ Նոյն համալսարանին մէջ աշխատակցած է Եւրոպական յանձնաժողովի՝ կրթութեան, մշակոյթի, տեսալսողական, քաղաքացիական եւ կամաւորութեան ոլորտներու մէջ։  Մասնակցած է Եւրոպական Միութեան դրամաշնորհներու ծրագիրներու որոշ բաժիններու մէջ համակարգումի  աշխատանքներուն, եղած է նաեւ Erasmus-Mundus, EMINENCE, VERITAS, TEMPUS եւ այլ նախագիծերու տեղական համակարգող։ Այդ ծրագիրները ուղղուած են ուսանողներու, ակադեմական եւ վարչական անձնակազմերու զարգացման, ինքնավարութեան եւ հաշուետուութեան խթանումի համար։ Դոկտորականէն ետք, նոր ուսումնական տարիէն սկսեալ, Նունէն ընդունուած է նոյն համալսարանի մէջ դասաւանդելու։

Իսկ հիմնականօրէն Նունէի հետազօտութեան կարեւորութիւնը առաջին հերթին կը դրսեւորուի, հայերէն գիրքերու հրատարակչական հոլովոյթի ծանօթացման, գիրքերու մէջ գտնուող նիւթերու հաւաքագրումին՝ իբրեւ մատենագիտական սկզբնաղբիւրներ, մեկնաբանելու նաեւ հայ մշակութային, մատենագիտական եւ այլ պարունակներու մէջ հայերու պատմագիտական ներդրումը։

Այդ արխիւային  տեղեկութիւնները կը թոյլատրեն ոչ միայն լրացնելու լեհահայ տպագիր մշակոյթի մասին քիչ ծանօթ մատենագիտական բացը, այլեւ նոր լուսամուտ մը կը բանան սփիւռքի հայ մատենագիտութեան մէջ թաքուն օղակ մը յայտնաբերելու եւ վերարժեւորելու, մանաւանդ Եւրոպական մշակոյթի բազմադարեայ ժառանգութեան զարգացման երթի ընթացքին կը մեկնաբանեն լեհահայերու գրատպութեան աւանդը, իբրեւ համամարդկային քաղաքակրթութեան ժառանգութիւն։

Հոս պէտք է մատնանշել, որ Նունէի պրպտումներն ու հետազօտութիւնը կարելի է համարել ամբողջացնող ինքնայատուկ շարունակութիւն մը, համալրող կամրջում մը Նունէի դոկտորականի գիտական օգնական ղեկավարին եւ ներկայիս Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող դոկտ․ Փիրուզ Մնացականեանի հետազօտութիւններուն, որոնք աւարտած էին 26.Յունիս.2015 թուականին Փիրուզի դոկտորականի ատենախօսութեան հանրային պաշտպանութեամբ։ Փիրուզ Մնացականեանը առաջին հայուհին էր, որ իր դոկտորականը պաշտպանած եւ աւարտած է Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի պատմութեան բաժանմունքէն։ Նիւթ ունենալով Լեհական գրադարաններու մէջ պահուող հայերէն ձեռագիրներու՝ «Հայերէն լեզուի Մշակոյթը հին Լեհաստանի մէջ» վերնագրով։ Լայնածաւալ եւ բազմաշերտ այս հետազօտական պրպտումը, կ՛ընդգրկէ հայերէն լեզուի մշակոյթը 14-րդ դարէն մինչեւ 18-րդ դարի վերջը, լեհահայ գրչութեան դասական եւ hետագայ կեդրոններու մէջ ստեղծուած կամ օգտագործուած հայերէն ձեռագիրներու բազմարժէք ուսումնասիրութիւնը։ Փիրուզի դոկտորականի գիտական ղեկավարը եղած է լեհ պատմաբան ու լեհահայութեան բազմավաստակ մասնագէտ՝ փրոֆ. Քշիշթոֆ Սթօբքան։

Վարշաւայի համալսարանի գրադարանին մէջ 25․Ապրիլ.2019-ին տեղի ունեցաւ Փիրուզ Մնացականեանի հեղինակութեամբ «Լեհահայեր․ Ձեռագրական ժառանգություն» երկլեզու գիրքի շնորհահանդէսը, ուր հեղինակը հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ մը։ Գիրքը հիմնուած է Մատենադարանի ձեռագիրներու հաւաքածոներուն հիման վրայ եւ լոյս տեսած է Լվովի հայկական թեﬕ հիﬓադրութեան 650-ամեակի (1367-2017) առիթով։ Յիշատակութեան արժանի է նաեւ, որ ներկայիս Մատենադարանի մէջ պահպանուած են 130 ձեռագիրներ, որոնք ստեղծուած են 14-18-րդ դարերու ընթացքին լեհահայ գրչութեան կեդրոններուն մէջ ինչպէս՝ Լվով, Կամենեց-Պոդոլսկ, Զամոյշչ, Լուցկ, Յազլովեց, Ստանիսլավով, եւ ապա Քրաքով, Ռոհատին, Քութ եւայլն։

Վերահասու յանձնառութեամբ պարտական ենք երաշխաւորելու մեր ձեռագիր թէ տպագիր հայ մշակոյթի հրատարակչական ժառանգութիւնը, մեր մշակոյթի հոգեմտաւոր յղացքը, մանաւանդ շնորհապարտ եւ բարձր հոգատարութեամբ պէտք է որոնենք ու պահպանենք պատմական մեր կտակները, ինքնութեան կոթողները, աշխարհացրիւ եւ անկորնչելի գանձերը անկախ անոնց ժամանակէն թէ վայրէն ։

Վրօցլաւ  Լեհաստան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին