Մշակութային Արձագանգ
Փրոֆ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Ստորեւ յօդուածը ամբողջութեամբ լոյս տեսած է ընթացիկ տարուան Յունիսի երկրորդ կիսուն, Երեւանի մէջ հրատարակուած՝ «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ Ընկալուածէն Դէպի Ապագայատեսիլ Սփիւռք, Ի՞նչ Բարեփոխել եւ Ինչպէ՞ս Վերակազմակերպել» խորագրեալ հատորին մէջ, խմբագրութեամբ՝ Փրոֆ. Արա Սայեղի եւ Շաքէ Մանկասարեանի (ԶԱՐԹՕՆՔ 5 Յուլիս 2022), https://zartonkdaily.net/2022/07/06/apagayatesil-spiwrky/
Ա․ Յառաջաբան
Կարելի չէ քանի մը էջերու նեղ սիւնակներուն մէջ վերլուծել, պարզաբանել եւ ամփոփել Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2022 տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակելու խորքային, բազմաշերտ եւ բազմաբովանդակ իմաստներն ու պատգամները։ Հասկնալի է նաեւ, որ մատներու չրթոցով մը չեն իրականանար այդ պատգամներուն գործնականացումը, սակայն նուազագոյն պատասխանատուութեամբ կարելի է նեցուկ հանդիսանալ, հեռատես լուծումներու մասին մտածել, ուսումնասիրելով ազգաշէն ելքեր, վերլուծելով այլընտրանքային օգտաշատ ծրագիրներ: «Սփիւռքի տարի» հռչակումը միջազգային հեղինակութիւն ունեցող հայրապետի մը կողմէ, որ յատկանշուած է կրօնապետի հարուստ կենսափորձով, իր խորաթափանց միտքին, հոգիին, գրիչին եւ հովուական ու հովուապետական բազմօգուտ բովանդակութեան արգասիքն է։
Հայկական սփիւռքը իր գերյոգնած մարտահրաւէրներով, համաշխարհայնացումի քաշկռտուքին դիմաց անհաստատ, օրէ օր որակի սով մը ապրող, ինքնամաշումի իրավիճակէն, բեւեռացած խրամատներէն, ապագայի անորոշ հորիզոնէն դուրս բերելու համար զգաստացնող ահազանգի մը կը կարօտի, թմրութիւնը թօթափող անյետաձգելի ուժգին սթափումի մը պահանջը ունի: Արամ Ա. կաթողիկոս այդ մարտակոչը խստաշունչ բարձրաձայնեց, վտանգները ահազանգեց եւ վերջապէս անկիւնադարձային հռչակագիրով մը ազդարարեց:
Արամ Ա. Վեհափառը իր անկիւնադարձային «Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրին մէջ թելադրական հնչեղութենէն կ’անցնի անյետաձգելիօրէն իրագործելու հրամայականին եւ կը սահմանէ գործելաոճի ուղենիշները՝ վերակազմակերպում, վերաթարմացում, վերաիմաստաւորում, վերաշխուժացում բանալի ուղղուածութիւնները, առանց գործնական ծրագրի մը նախադրեալները պարզաբանելու կամ անոնց գործիքակազմերը մեկնաբանելու։ Բայց եւ այնպէս անոնց ճիշդ ընկալելու եւ կշռադատելու հմտութիւնը կը կայանայ Սփիւռքի մէջ ընկալող միաւորներու դատողութեան եւ այդ միաւորներու կողմէ գործնական քայլեր, ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ որդեգրելու իրենց մասնագիտութեան ու փորձառութեան վրայ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս 2003 թուականէն սկսեալ, յատուկ նախանձնախնդրութեամբ, ամէն տարեսկիզբին առանձնայատուկ հռչակագրով մը անդրադարձած է ոչ միայն հայ սփիւռքի իրականութեան, մեր ինքնութեան, ազգայինեկեղեցական կեանքին հետ առնչուող զանազան հարցերուն, այլ նաեւ սփիւռքեան իրականութեան մէջ գերագոյն իմաստ ունեցող մեր մասնիկներուն, սկսելով յատկապէս համասփիւռքեան կենսական եւ կարեւորագոյն բաղադրիչներէն՝ հայ ընտանիք, դպրոց, գիրք, մամուլ եւ տակաւին հայ կնոջ, հայ մօր, հայ մանուկի, տարեցի, ծառայութեան, յատուկ խնամքի, վերանորոգումի եւ այլն։ Մէկ խօսքով 2022 թուին Վեհափառը համասփիւռքեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն կ’անցնի դէպի բազմաբարդ Սփիւռքի համապարփակ եւ բազմախուռն պարունակին։
Հաստատ իրականութիւն է, որ Սփիւռքի հայ կեանքին մէջ տիրական դարձած կարծրատիպերը պէտք է նորոգուին, վերանորոգուած կամքով, թարմացած թթուածին պէտք է ներածուի, ներկային մէջ չապրելու հինը կամ մաշեցնող անցեալը, չփնտռելու մեր ապագան անցեալին մէջ։
Լոզունքներէ, լալկան եւ տրտնջացող տրամաբանութենէն շատ հեռու, բուժելու կամքով եւ կարողութեամբ, գիտական հմտութեամբ տոգորուած, փորձառու եւ արհեստավարժ լրջախոհութեամբ գործելու ու մասնագիտացած ուղղութիւններով ընթանալու անյետաձգելի հրամայականին, որուն դէմ յանդիման ենք:
Ուսումնասիրուած գիտական եզրայանգումներու համար կարիքը ունինք նախ քննադատական վերլուծութեան, բաղդատական դատողութեան եւ վերամշակուած գիտական ձեւաչափով եւ մասնագիտական մօտեցումով ծրագիրներ մշակելու գործընթացին, ճիշդ կողմնորոշումի, որոնք վստահաբար, պէտք է պատրաստուած ըլլան մասնագիտացած եւ փորձառու հայ մարդուժի կողմէ` կրթական, գիտական, մշակութային, տնտեսական, բարեսիրական եւ այլ ոլորտներուն մէջ, եւ մանաւանդ ժամանակակից, ճկուն լծակներով եւ գործիքակազմերու միջազգային զուգահեռներով։
Վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցած բոլոր շնորհակալ նախաձեռնութիւնները, զանազան համայնքային հանդիպումներ, գաղութային խորհրդակցութիւններ, քննարկումներ, խորհրդաժողովներ, համագումարներ, լսարաններ եւ այլն, մնացին ոչ պարտաւորիչ եւ անկախ, տեսական եւ անկաշկանդ պարունակի կամ մակարդակի վրայ։ Նոյնիսկ բազմազան վերլուծումները, ահազանգող ալեկոծումները, թարմացումները շոգիացան՝ անհետացան մնալով միայն մամուլի էջերուն վրայ իբրեւ յիշատակելի եւ չգործադրուած իրադարձութիւններ, անցուդարձեր։
Այդ բոլորը պէտք ունէին մարմնաւորուելու աշխատանքային քարտէսներով եւ գործնական ծրագիրներով։ Պէտք էր զօդուէին համահայկական ցանցային, հետեւողական, լուրջ աշխատելաոճով եւ համարատու գործիքաւորումներով, վաւերացուած գործնական գիրերով, յուշագիրներով եւ հայկական միաւորներու միջեւ համաձայնութիւններով, որոնք բարոյական նուազագոյն պարտաւորութիւն մը պիտի ունենային, լուրջ մօտեցումով գործնականացնելու առնուած որոշումները։
Նման պարունակի հեռանկարներով, այդ բոլոր ակնկալուած բարեփոխութիւնները պիտի կարենան ապահովել աւելի արդիւնաւէտ, ճկուն, եւ մանաւանդ թարմացած կառոյցներով ապագայատեսիլ Սփիւռք մը։ Այո՛ պէտք է երկրորդել վերականգնումի ճշմարտութեան հաստատումին եւ անհրաժեշտութեան, բայց հարց պէտք է տալ՝ իսկ ի՞նչ ընել անկկէ անդին, ի՞նչը վերականգնել եւ ինչպի՞սի ծրագիրներով եւ գործիքաւորումներով վերականգնել։ Կը մնայ յիշել եւ վերյիշեցնել, որ այսօր ինչպի՞սի սերմնացանութիւն կ’ընենք, վստահաբար ապագային պիտի հնձենք ա՛յն՝ ինչ որ ցանեցինք…։
Բ․ Տրամախոհական դիտարկումներ
Սփիւռքը ամէնօրեայ տագնապ է, Սփիւռքի գոյառումը պէտք է մեր ամէնօրեայ մարտահրաւէրը ըլլայ, Սփիւռքի բազմաբարդ թղթածրարը յարատեւ հսկողութեան տակ պէտք էր պահէինք եւ մշտատեւ պահենք ։
- Հարց տանք՝ երկու տասնեակ տարիներ սպասելու կարիքը կա՞ր, որ Սփիւռքի յատուկ նման հռչակագիր մը այս տարի ծանուցուեր։ Արդար է հարցադրել, թէ արդեօք հաշուեյարդարի ենթարկուա՞ծ են նախորդ հռչակուած տարիներու ընթացքները, համարատուութեան լծակնե՞ր ունէին, լուրջ քննարկումներ եղա՞ծ են, եզրայանգումներ կատարուա՞ծ են, ուսումնասիրութիւններ, վերլուծումներ կա՞ն, ի՞նչ են հետեւանքները, աշխատանքային կամ ճանապարհային քարտէսները եւ գործնական ծրագիրները։
- Ո՞վ պիտի խօսի ամբողջ հայ ազգի անունով, որո՞ւն վստահած ենք մեր հայ էութեան մասին խօսիլը, ապագան ծրագրելը։ Կը հաւատանք որ Սփիւռքը ոչ ոքի իրաւունք չէ տուած միջազգային հարթակներու վրայ իր անունով խօսելու, իսկ Հայաստանի հայութիւնը այդ իրաւունքը կամայ թէ ակամայ արդեօք Մոսկուայի՞ն յանձնած է, պէտք է վերատեսութեա՞ն ենթարկէ այդ ընտրանքը։ Ուստի, երբ չկայ հայ Սփիւռքի անունով խօսող մարմին մը, ուրեմն ամէն հայ միաւոր ինքզինք կրնայ համարել հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչը, խօսնակը։ Ի՞նչ ընել ուրեմն, որո՞ւ վստահիլ այդ իրաւունքը։ Ո՞վ պիտի ստանձնէ այդ պաշտօնը։ Ո՞վ կեանքի պիտի կոչէ եւ գործնականացնէ ու ղեկավարէ ծրագրուելիք վերոնշեալ գործնական ծրագիրները։
Մենք Սփիւռքի հեղինակութեան ՀՍԿԱՅ տագնապ մը, ներկայացուցչութեան բաց մը ունինք, միջազգային ճանաչելիութեան եւ օրինաճանաչութեան հարց մը ունինք:
- Մտածա՞ծ ենք, որոշա՞ծ ենք հաւաստի ղեկավար մարմնի մը մասին, դեռ ժամանակը չէ՞ հասած, դեռ ստեղծելու հողը պատրաստ չէ՞, ինչքա՞ն պիտի սպասենք համասփիւռքեան հեղինակութիւն եւ ճանաչելիութեան ունեցող մարմին մը կազմելու համար։
- Աշխարհագրականօրէն բացակայ է լիազօրուած համահայկական մարմնի մը ներկայութիւնը, համահայկական շահերը ղեկավարողն ու պաշտպանողը անկեդրոն էութեամբ հայ Սփիւռքի մէջ զգալի ներկայութիւն են հայկական համայնքները, որոնք զանազան թուաքանակներով կը պարունակեն ինքնավար եւ երբեմն անտէր, անկազմակերպ եւ բազմաբնոյթ կառոյցներ՝ պատմական, յետեղեռնեան, յետխորհրդային, խառնածին եւ բազմաշերտ սերունդներով։ Պարզ օրինակ մը տալու համար, կարելի է հարցնել՝ մեծ մարտահրաւէր մը չէ՞ այսօր Սփիւռքի մէջ սովորական մարդահամար մը ծրագրելը եւ իրականացնելը․․․ եւ այլն։
- Իրականութիւն է, որ Սփիւռքի մէջ, մենք պետական համակարգումի կառոյց չունինք, եւս առաւել մեր բոլոր կառոյցները (կուսակցական, յարանուանական, մշակութային…) ինքնիշխան չեն, դարձեալ կը մնան հոգեւոր կամ կուսակցական իշխանութիւններու ենթակայութեան ներքոյ։
- Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ չունինք պետական կառոյցի մտածելակերպ, չունինք պետականամէտ գործունէութիւն, նամանաւանդ միաձուլած ենք համահայկականն ու հայկականը, նոյնպէս անոնց հանդէպ մեր դատողութիւնները, մեր կեդրոնացումը մսխած ենք միայն հայկականին չգերադասելով համահայկականը։
- Պէտք է ստեղծել մրցունակ կրթութիւն, գիտականն ու իմաստասիրութիւնը արժեւորող միջավայրեր, համահայկական ստեղծարար հարթակներ, հայ գիտական ենթակառոյցով համակարգեր, որ ականջալուր ըլլան դարու գիտական հրամայական պահանջներուն եւ աչալրջօրէն իրականացնեն զանոնք։
- Հրամայական է, թէ՛ ուսումնական եւ թէ կրթական ներկայ գործընթացներուն մէջ յարափոփոխութիւնն ու նորարարութեան յարատեւութիւնը, փոխներգործութիւնը։
- Առանց յապաղումի անշահախնդիր կազմակերպչական ենթակառոյցի մը եւ զայն ղեկավարող միաւորներու անհրաժեշտութիւնը կայ:
- Վերակազմակերպումի արժանի է կրթական մեր կեանքի մէջ տեղեկագիտական (information system), արդի արհեստագիտութեան (technology), անգոյական կամ երեւութական (Vitrual), ցանցանեարդ (Neural) եւ հեռահաղորդակցութեան (telecommunication) վրայ հիմնուած համակարգերու կիրառումը։ Այսպէս՝
- Կրթական կառոյցներու իրավիճակը բարելաւելու համար, հեռանկարային ելքերով ծրագիրներ պէտք է մշակել, իրապաշտ լուծումներու գործադրութեամբ կամ կիրառումով:
Գ․ Սփիւռքի հաւաքական գիտական ներուժը
21րդ դարու զարգացած տարբեր երկիրներու մէջ գիտահետազօտական կամ այսպէս կոչուած մտքի պաշարներու կեդրոններ (think tank), որոնք իբրեւ ռազմավարական գաղափարներու դարբնոցներ (The smithies of strategic ideas) կը զարգանան եւ կը դառնան ոչ միայն ներպետական, այլ հանրային քաղաքականութեան միջազգային դերակատարներ, որոնք կ’իրագործեն զանազան հետազօտական ծրագիրներ՝ ռազմական հաւասարակշռութեան, ազգային անվտանգութեան, ահաբեկչութեան, տնտեսագիտութեան ծրագիրներ։ Այսպիսով այս կեդրոններու ներկայացուցած գիտական ուսումնասիրութիւնները ազդեցիկ եւ երբեմն վճռական ազդեցութիւն ունին ռազմավարութիւն մշակող այրերու ծրագիրներուն վրայ եւ նշանակալի դերակատարութիւն ունին նաեւ որոշում կայացնող ղեկավար մարմիններու վրայ։
- Հայ Սփիւռքի մէջ աչքառու է անհատական ներուժի նախաձեռնութիւններու կիրառութիւն, մակերեսային է մեր հաւաքականի ներուժը եւ իրար հանդէպ մեր զիջողութիւնը։։
- Հաստատութենական (Institutional) քաղաքականութիւնը պէտք է ընդունիլ, որպէս փրկօղակ: Այդ ռազմավարութեան պակասը շատ զգալի է, որով հայ բազմաշերտ կառոյցները չունին հաստատութենական մտածողութեան համակարգեր, ուստի չկայ մեր ազգի հանդէպ, պատասխանատուութեան, համարատուութեան եւ հաշուետուութեան լծակներ, դէտեր։
- Հաստատութենական մտածողութիւնը պէտք է բաձարցակ անկախ ըլլայ բոլոր ներգործող հեղինակութիւններէն, հանգամանքներէն՝ նախ եւ առաջ կուսակցական, կրօնական, յարանուանական, միութենական եւ այլն։ Այսօր մեզի կը պակսի հաստատութենական ռազմավարութեան տարբերակը եւ ըստ այնմ մեր հարցերու լուծումներուն գործնականացումը։
- Ունինք աննման հերոս անհատներու երկար անուանացանկեր, որոնք ունին բարեսիրական հիմնարկներ եւ բարեգործական հիմնադրամներ, նիւթական եւ կազմակերպչական միջոցներով կը ծրագրեն, կը ղեկավարեն եւ ժամանակաւոր ձեւով խնդիրներ կրնան լուծել Սփիւռքի մէջ, եւ մենք անոնց շնորհիւ կը գտնենք մեր երկար տոկալու եւ տեւելու ուժի խափուսիկ ինքնագոհութիւնը։
- Սփիւռքի երկարատեւ լուծումները լուրջ հաւաքական եւ պիւտճէական աղբիւրներ, միջոցներ կը պահանջեն, այդ միջոցները անհատներէն վեր են։ Հաստատութենական կառոյցներն են, որոնք ունին երաշխաւորութիւն ստանձնող իսկական հաւաստիքներ, որոնք կարող պիտի ըլլան մեր կառոյցները կենսագործելու, մտաւոր հարուստ պաշարով սերունդներ հասցնելու, պատրաստելու, մէկ խօսքով սերնդափոխելու, օղակաւորելու եւ երկար ժամանակ գոյատեւելու։
- Բնականաբար գիտական եւ հետազօտական խնդիրները խմբային աշխատանքով լուծելը ակնյայտօրէն աւելի արդիւնաւէտ են, մանաւանդ գիտութեան բազմաճիւղ (multidisciplinary) բնագաւառներու մէջ։ Շահարկելով մասնագիտական բազմաճիւղ գիտութիւններու նուաճումները։ Անշուշտ գոյութիւն ունին հաստատութիւններ ստեղծելու տնտեսական եւ վարչական մեծ գերխնդիրներ, որոնց մասին թոյլ է նաեւ մեր փորձառութիւնը, չունինք հաշուարկներու տարբերակներ, վերլուծումներ, բացայայտ հորիզոններ: Այս գնահատումը չի՛ նսեմացներ տարուած անձնուէր բոլոր իրագործումները, աշխատանքները, բայց չանտեսեր նաեւ բացթողումները, կը հնձենք ա՛յն՝ ինչ որ ցանեցինք։
- Ազգային հաւաքական ներուժի բացայայտման եւ համախմբման խնդիրը իւրայատուկ բնոյթ ունի Սփիւռք ունեցող երկիրներու համար։ Հայաստանէն դուրս բնակող գիտական մտաւորականութիւնը իր ստեղծարար մօտեցումներով, անփոխարինելի ներուժ մը պէտք է դարձնել հայ ժողովուրդին համար, իբրեւ զայն կենսաւորողն ու շնչաւորողը եւ իբրեւ Սփիւռքը վերաթարմացնող այլընտրանքային ելք մը։ Ուստի այդ ներուժի կարողականութիւնը ճիշդ գնահատելու, կողմնորոշելու եւ օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը հրամայական է, հակառակ պարագային կարելի է դարձեալ Սփիւռքը բնութագրել որպէս՝ լճացած, մաշուող, ձուլուող, ժամանակաւոր Սփիւռք եւ այլ պիտակաւորումներով։
(Շարունակելի 1)