Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Շաւարշ Քահանայ Պալըմեան

Շաւարշ Քահանայ Պալըմեան, 15 Սեպտեմբեր, 1915, Զառա, Սեբաստիա  – 10 Յունիս, 1993, Պոլիս․ հոգեւորական, հասարակական գործիչ, ուսումնասիրող եւ յօդուածագիր։  Տէր Շա­ւարշ քա­հանայ Պա­լըմեան գործած է նաեւ իբրեւ գաւառի շրջուն հովիւ եւ այդ շրջա­գայու­թիւննե­րուն ըն­թացքին նկա­տած եւ մատ­նանշած խնդիր­նե­րը, կատարած ուսումնասիրութիւններն ու պեղումները հրատարակած է յօդուածաշարքերով Պոլսոյ հայկական մամուլի էջերէն։

Շաւարշ քհնյ․Պալըմեան, աւազանի անունով՝ Ցաւակ, ծնած է 1915-ին, Սեբաստիոյ հայաշատ Զառա գիւղին մէջ, ըստ իրեն «Անշուք ծնունդ մը»։  Ծնած չէր տակաւին, երբ հայրը՝ դերձակ Գրիգոր Պալըմեան, Ցեղասպանութեան զոհ կ՛ երթայ։  Մանկութեան տարիները շատ դժուար կ՛ անցընէ:

Կը յաճախէ ծննդավայրի դպրոցը։  1930-ին մայրը՝ Անթիքա, կը մահանայ։  Հօրենական հարազատի մը շնորհիւ կ՛ ընդունուի Պոլսոյ Գարակէօզեան որբանոցը, ուրկէ շրջանաւարտ կ՛ ըլլայ 1934-ին։  Ապրուստը ճարելու համար, զանազան աշխատանքներ կ՛ ընէ, որոնք սակայն յարատեւութիւն չեն ունենար։ 

Կ՛ ընդառաջէ հարազատներու պատուէրին եւ երեք տարի քահանայական լսարանի կը հետեւի (հիմնուած Գարեգին Արք․ Խաչատուրեան Պատրիարքութեան առաջին տարին) եւ Ս․ Խաչ Դպրեվանքի բացման օրը՝ 7 Մարտ 1954, քահանայ կը ձեռնադրուի։

Առաջին անգամ պաշտօնի կը կոչուի Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին։  Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքի մահէն ետք, յանձն կ՛ առնէ գաւառի շրջուն հովիւի պաշտօնը՝ հաստատուած Խաչատուրեան Պատրիարքին կողմէ։

1960-ականներէն սկսեալ գաւառի տարբեր քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ՝  ուր տակաւին իրենց ինքնութիւնը պահպանող հայեր կային, շրջուն հոգեւոր հովիւ կը դառնայ․ ինչպէս օրինակ՝ Ատանա, Սիս, Մարտին, Եդեսիա (Ուրֆա), Տիյարպեքիր (Տիգրանակերտ), Էլազըղ, Խարբերդ, Բերդակ, Բալու, Մալաթիա, Մուշ։  Գա­ւառին կարիքները կը մատնանշէ եւ  զա­նազան օրի­նակ­նե­րով կը վկա­յէ ժո­ղովուրդին այդ փա­փաքը։

1960-ականներէն սկսեալ, այդ վտանգաւոր տարիներուն, Շաւարշ քհնյ․Պալըմեան իբրեւ գաւառի հոգեւորական, անվարան ու անխոնջ, կը շրջի Պատմական Հայաստանի շրջանները եւ կը բնու­թագրէ այդ վայ­րե­րու ճար­տա­րապե­տական հսկայ ժա­ռան­գը․ հինաւուրց քաղաքներն ու գիւղերը, կը բարձրանայ հայրենի լեռները, ձորերը կ՛ իջնէ, կը տեսնէ ու կը նկարէ դեռ կանգուն կամ կիսականգուն մնացած հսկայ վանքերը, բերդերը։ Պեղումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ ու անոնց յատակագիծը կը գծէ։ Կ՛ արձանագրէ գաւառի զանազան շրջաններուն մէջ հայ բնակչութեան պահած դարաւոր աւանդութիւններն ու անոր կողմէ երգուած դարաւոր երգերը։

Այդ բոլոր աշխատանքը կը վկայագրէ մամլոյ էջերուն վրայ տպագրած յօդուածաշարքերով, տակաւին անտիպ ու անմշակ սեւագրութիւններով, ինչպէս նաեւ խօսուն լուսանկարներով։

1940-ին կ՛ ամուսնանայ Մարիամ Դարբինեանին հետ։ 

Շաւարշ քհնյ․Պալըմեան 1 Փետրուար 1993-ին կաթուածահար կ՛ ըլլայ ու չորս ամիս կը խնամուի Պոլսոյ Ս․ Փրկիչ հիւանդանոցը։ Աչքերը կը փակէ 10 Յունիս 1993-ին, 78 տարեկանին։ Յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցին եւ կը թաղուի Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատան քահանաներու յատուկ թաղը։

Շաւարշ քահանայ Պալըմեանի մահէն տարիներ ետք, «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս կ՛ ընծայէ անոր ճանապարհորդութիւններու յուշագրութիւնները «Ու Ես Կ՚երթամ» եւ «Գաւառէն Ձայներ» գիրքերով։  Հատորներուն մէջ գործածուած են նաեւ տէր հօր արխիւէն անձամբ իր կողմէ նկարուած լուսանկարներ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին