Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Դիւանագիտական Պատերազմին Մէջ՝ Չզիջի՛լ

Ակնարկ

Հայ-Թրքական Հակամարտութիւն

ՍԹԻՒ ՆՈԽՈՒՏԵԱՆ

Հայ-թրքական հակամարտութեան կարեւորագոյն ճակատներէն մէկն ալ դիւանագիտական ոլորտն է: Ամէն անգամ, երբ միջազգային խաղցողներու ճնշման տակ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն վարիչները ստիպուած կ’ըլլան երկխօսելու, դիւանագիտական ճակատը կը բռնկի նոր թափով: Այդպէս եղաւ մասնաւորաբար 2008-2009-ին, այդպէս է նաեւ այսօր՝ 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք:

Դիւանագիտական պատերազմի իբրեւ նախապայման, միջազգային խաղցողները հայկական եւ թրքական կողմերուն կը պարտադրեն բանակցիլ առանց նախապայմաններու: Ի տարբերութիւն հայոց, թուրքերը անուղղակի, երբեմն ալ բացայայտ կը ներկայացնեն նախապայմաններ: Եթէ մինչեւ 2020-ի Նոյեմբեր այդ նախապայմանները երեքն էին՝ ՀՀ-ի կողմէ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներէն հրաժարումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի յարակից, հայկական «գրաւման» տակ գտնուող ատրպէյճանական եօթը շրջաններէն հայկական զօրքերուն հեռացումը, ապա 44-օրեայ պատերազմէն ետք, երրորդ նախապայմանը փոխարինուած է երկու նորերով՝ ՀՀ-ի կողմէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի տրամադրում եւ Ատրպէյճանի հետ այսպէս կոչուած խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքում: Այսպիսով, փաստօրէն, Թուրքիա եւ իր արեւելեան եղբայր Ատրպէյճանը ՀՀ-ի հետ հաշտեցման համար յառաջ կը քաշեն չորս գլխաւոր նախապայմաններ:

Հայկական կողմը չի՛ կրնար ընդունիլ եւ երբեք պէտք չէ՛ ընդունի այս նախապայմաններէն ո՛չ մէկը: Հակառակ պարագային, Հայ Դատը գերեզման կը դրուի հայո՛ց իսկ ձեռքով եւ հարցականի տակ կ’առնուի նոյն ինք ՀՀ-ի գոյատեւումը: Հետեւաբար, հարկաւոր է ՀՀ-Թուրքիա եւ ՀՀ-Ատրպէյճան իբրեւ թէ անջատ, իրականութեան մէջ միասնական բանակցութեանց մէջ ցուցաբերել առաւելագոյնս կոշտ դիրքորոշում, եւ բնա՛ւ չդիմել զիջումներու՝ որքան ալ ծանր ըլլան թրքական եւ միջազգային ճնշումները: Վերջիններս կարելի է հակակշռել թուրք-ատրպէյճան-փաքիստանեան դաշինքին հակադրուող ծանրակշիռ պետութիւններու, մասնաւորաբար Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Իրանի հետ քաղաքական, տնտեսական ու մանաւանդ ռազմական գործակցութեան մակարդակի կտրուկ բարձրացումով: Նշուած երկիրներուն հետ, այո, վերջին ամիսներուն կը նկատուի գործակցային յարաբերութիւններու աշխուժացում, սակայն անոնք դեռ չեն հասած այն մակարդակին, որով կարելի է արդիւնաւէտ հակակշռել թուրք-ատրպէյճանական ճնշումները:

Սակայն, մտահոգիչ է մէկ այլ փաստ. ՀՀ-ի իշխանութիւններու չդադրող խաղաղասիրական յայտարարութիւնները եւ մանաւանդ՝ զիջումներու պատրաստակամութիւնը: Ատոր արտայայտութիւններէն վերջինը եղաւ ՀՀ-ի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, թէ ՀՀ-Ը ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ ՉՈՒՆԻ ԻՐ ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ:

ՀՀ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ (հանրապետութեան առաջին երեք նախագահները, Ազգային Ժողովի նախագահներէն Արթուր Պաղտասարեանը եւ ուրիշներ) յետանկախական տարիներուն երբեմն համանման յայտարարութիւններ կատարած են՝ փորձելով այդպէս սիրաշահիլ թուրքերուն բարեացակամութիւնը եւ վերացնել Թուրքիոյ կողմէ ՀՀ-ի շրջափակումը: Անօգուտ եւ սի՜ն յոյսեր… Սակայն Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութիւնը յիշեալներու յայտարարութիւններէն կը տարբերի երկու էական կէտերու մէջ.

– Եթէ նախկինները կը նշէին, թէ ՀՀ-ը ԱՅԴ ՕՐՈՒԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ տարածքային պահանջներ չունի, Սիմոնեանի արտայայտութիւնը կ’ենթադրէ պահանջներ չառաջադրելու յանձնառութիւն նաեւ ապագային:

– Նախկիններուն յայտարարութիւնները կը վերաբերէին միմիայն Թուրքիոյ հետ տարածքային վէճին, մինչդեռ Ա. Սիմոնեան կը խօսի ՀՀ-ի ԲՈԼՈՐ ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ տարածքային պահանջներ չունենալու մասին, մինչդեռհայոց հայրենիքի տարածքներ կը գտնուին ՀՀ-ի բոլոր՝ չորս դրացի երկիրներուն մէջ (Արցախ, Գարդմանք, Ուտիք, Նախիջեւան, Ջաւախք, Պարսկահայք, Հայաստանի արեւմտեան հատուած, արեւելեան հատուածի Կարսի, Արտահանի եւ Սուրմառուի շրջաններ):

Վերը նշուած երկու կէտերը վտանգաւոր զիջումներ են, եւ ցոյց կու տան զայն արտաբերողին բոպիկութիւնը դիւանագիտութեան մէջ: Բացառուած չէ, որ «հոն, մութին մէջ», հայոց իրաւունքներու հաշուին դաւադրութիւն մը հիւսուած է՝ որուն մէջ սիմոնեաններու ալ դեր յատկացուած է:

Պետական մտածողութիւն ունեցող ոչ մէկ ղեկավար իր երկրի շահերը հետագային վտանգող որեւէ քայլ, առաւել եւս՝ յայտարարութիւն կը կատարէ: Իսկ Սիմոնեանի յայտարարութիւնը այդպիսի բնոյթ ունի: Դեռ չենք խօսիր այն մասին, որ ՀՀ-ի ոչ մէկ պաշտօնեայ իրաւունք ունի ընդհանուր հայութեան շահերը եւ ապագան շօշափող – աւելի ստոյգ՝ անոնց վնասող – քայլեր ու յայտարարութիւններ կատարելու:

Հարկաւոր է, որ ՀՀ-ի իշխանութիւնները բանակցութեանց սեղանին շուրջ նստելով, սկիզբէն իսկ մարտակա՛ն ոգիով տրամադրուած ըլլան, պատրաստ այդ ճակատին վրայ մինչեւ վերջ կռուելու թշնամիներուն դէմ: Իսկ որպէսզի անոնք այդ կարծր դիրքը որդեգրեն, հարկաւոր է, որ հայկական բոլոր կողմերը – Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ներառեալ – մէկ կողմ դնելով ներքին խոհանոցի աղտերը, թիկունք կանգնին հայ բանակցողներուն եւ զանոնք զգուշացնեն՝ չզիջի՛լ մեր շահերը՝ ինչ գինով ալ ըլլայ:

Դիւանագիտական ճակատը իր կարեւորութեամբ ոչ միայն չի զիջիր ռազմական ճակատներուն, այլեւ երբեմն կրնայ շրջել ռազմական յաջողութեանց արդիւնքները կամ, առնուազն, թեթեւցնել վնասներուն տարողութիւնը:

Եւրոպական պետութիւններու դաշնութեան զօրքերը 1815-ին Ուաթերլոյի մէջ ջախջախեցին Նափոլէոնի բանակը, սակայն աղուէս Թարեյրան մը, խաղալով այդ տէրութիւններու շահերու հակասութեանց վրայ, կրցաւ իր պետութիւնը շահաւոր դուրս հանել՝ դիւանագիտական պատերազմին մէջ իր դրսեւորած բացառիկ տաղանդին շնորհիւ:

Ո՞ւր են հայ թալեյրանները…

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին