Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Առանձար

Առանձար (Միսաք Գույումճեան) (8 Սեպտեմբեր 1877, Թալաս (Կեսարիա) – 13 Սեպտեմբեր 1913, Ատանա), հայ գրող, երգիծաբան։

Ծնած է Կեսարիոյ մօտիկ Թալաս գիւղը, Քերովբէ Գույումճեանի ընտանեկան յարկին տակ։ Աւարտած է Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը, իսկ բարձրագոյն ուսման համար մեկնած է Եւրոպա, ուր նախ ուսանած է Միւնիխի համալսարանին մէջ, ապա՝ անցած Զուիցերիա, ուր աւարտած է Զիւրիխի համալսարանի մանկավարժական ճիւղը։

Ուսանողական տարիներէն նուիրուած է գրական-ստեղծագործական կեանքին՝ երգիծական պատմուածքներով, ներկայացնելով Երկրի հայութեան կեանքը օսմանեան բռնատիրութեան տակ։ Ուսանողական տարիներու այդ պատմուածքներն ու վիպակները ի մի բերելով, 1905-ին, լոյս ընծայած է իր առաջին հատորը՝ Առանձար գրչանունով եւ «Վշտի ծիծաղներ» խօսուն խորագիրը կրող իր արձակ գործերու ժողովածուն, ուր նկարագրուած է հայ կեանքը, իր տառապանքով ու բարքերով, համեմուած հաճելի զուարթախոհութեամբ։

1907-ին հրաւիրուած է Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ստանձնելու համար տեղւոյն Ազգային վարժարանին տնօրէնութիւնը՝ միաժամանակ ուսուցչութիւն կատարելու։ Նոյն տարին լոյս ընծայած է իր միակ թատերախաղը՝ «Փրկիչները»։

Առանձար միայն մէկ տարի մնացած է Աղեքսանդրիա։ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին հետ, 1908-ին, ան տեղափոխուած է Ատանա եւ ստանձնած՝ տեղւոյն Ազգային վարժարաններուն մէջ ուսուցչական պաշտօններ, ապա եւ նշանակուած՝ տնօրէն։

Ան ծանր տանելով Ատանայի կոտորածը, իր տառապանքին յուզիչ թարգմանը կը դառնան պարզ ու մատչելի արեւմտահայերէնով եւ իրապաշտ շունչով գրուած վիպակները՝ «Կախաղանէն… ամուսնութիւն», «Բուրդի վաճառականութիւն», «Մօրուքի սանտրը» եւ «երկու պատկեր» հանրածանօթ եւ սիրուած գործերը։

Մինչեւ իր վաղաժամ մահը՝ 13 Սեպտեմբեր 1913-ին, Առանձար մնացած է դպրոցի տնօրէն եւ շարունակած է ստեղծագործել։

Մահացած է 1913 թուականի Սեպտեմբեր 13-ին, Ատանայի մէջ։

Հայ գրականութեան մէջ Միսաք Գույումճեան ստեղծած է իր անկիւնը՝ Առանձար գրչանունով, որ վերցուած էր հայոց պատմութենէն, Ամատունի նախարարական տոհմէն, Զարեւանդի ճակատամարտին հռչակուած Առանձար Ամատունիէն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին