Չորեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2022ի երեկոյեան Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային դասախօսութիւն մը նուիրուած Քուպայի եւ Մեքսիքոյի հայութեան:
Դասախօսը՝ դոկտ. Քարլոս Անթառամեան ծնած է Մեքսիքօ: Ան իբրեւ մասնագէտ ընկերային մարդաբանութեան, մեղուաջան ու յարատեւ հետազօտութիւններով խմբած վաւերաթուղթերուն, լուսանկարներուն, բանաւոր պատմութեանց ու այլ վկայութիւններու հիմամբ դրուագային ձեւով կատարեց Քուպայի եւ Մեքսիքոյի մէջ հայերու ներկայութեան եւ կենսագործունէութեան պատումը:
Ճիշտ է որ այս երկիրներուն մէջ հայերու հետքերը կ’երթան մինչեւ 17րդ դար, սակայն հիմնական հոսքը հոն եղած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, մանաւանդ 1920ականներուն: Դասախօսը տոկոսային մանրամասնութեամբ նշեց հայերու տարիներու ներհոսքը դէպի այդ երկիրներ, նաեւ թէ՝ ու՛ր էին անոնց Արեւմտեան Հայաստանի ծննդավայրերը:
Դոկտ. Անթառամեան բացատրեց հայերու այդ երկիրներ մեկնելու դրդապատճառները, յարանուանական այն արգելքները որոնք խոչընդոտած էին հայերու հոն մուտքը, Մ. Նահանգներու կողմէ յարուցուած ցեղային պատկանելիութեան այն օրէնքները որոնք ստիպած էին հայերու միառժամանակ հաստատումը Մեքսիքօ եւ Քուպա եւն.:
Դասախօսութեան ընթացքին ներկայացուած լուսանկարները վառ վկայութիւն էին այն կենսագործունէութեան զոր հայերը ունեցած էին այդ երկիրներուն մէջ, ուր գործած են դպրոց, կուսակցական ակումբներ, թատերախումբ, կատարուած են դաշտային պտոյտներ, ընկերային այլեւայլ հաւաքներ եւն.: Դոկտ. Անթառամեան ներկայացուց նաեւ այն արհեստները զորս հայերը զարգացուցած են: Ան շեշտեց թէ ինչպէս բանաւոր պատմութիւնները վառ պահած են հաւաքական յիշողութիւնը անցեալին հանդէպ:
Շահեկան էր նաեւ դիտել հատուածներ 1957ին արձանագրուած գունաւոր ֆիլմէ մը, որ կը վաւերագրեր այդ շրջանի մեքսիքահայերու կեանքը:
Դասախօսութեան աւարտին բարձրացուեցան նիւթէն բխած հարցումներ՝ ինքնութեան, այսօրուան խնդիրներու եւ առաջնահերթութիւններու, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան, համայնք-ընտանիքներ փոխառնչութիւններու վերաբերեալ եւն.: