Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Ճափոնի Ժողովուրդը Գարակէօզեան Հաստատութեան Յատկացուց Զանազան Բժշկական Սարքեր

Չորեքշաբթի, 3 Մարտ 2021-ին Ճափոնական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագրի մը ստորագրութիւնը՝ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Օքուպօ Թաքէշի եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի միջեւ․ Ըստ համաձայնագրին Ճափոնի ժողովուրդը Գարակէօզեան հաստատութեան յատկացուց զանազան բժշկական սարքեր $90,000 ամ․ տոլարի արժողութեամբ։

Բժշկական այս սարքերու բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 31 Օգոստոս 2022-ին Գարակէօզեան հաստատութեան կեդրոնական շէնքին մէջ։ Ներկայ էին Լիբանանի Առողջապահութեան նախարար՝ Ֆիրաս Էլ Ապյատ, Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան՝ Օքուպօ Թաքէշի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վահագն Աթաբէկեան, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպս Փանոսեան, Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան՝ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ եպս․ Ասատուրեան, Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Նշան Պաքալեան, Լիբանանի Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն՝ Սերոբ Օհանեան, վարչական կազմի անդամներ, Լիբանանի դրամատան փոխ կառավարիչ՝ Ալէք Մուրատեան, նախկին նախարար՝ Վարդի Օհանեան, պետական, ազգային կառոյցներու, համալսարաններու, դպրոցներու եւ քոյր կազմակերպութիւններու տնօրէններ եւ ներկայացուցիչներ։

Բացման առաջին բաժինով Առողջապահութեան նախարարի, Ճափոնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպաններու եւ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի ձեռամբ կատարուեցաւ բժշկական սարքերու գործածման բացման արարողութիւնը ապա ներկաները ուղղուեցան Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի սրահը ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ելոյթները։

Բացման խօսքը կատարեց Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան։ Ան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը Օգոստոս 4-ի Պէյրութի աղետալի պայթումին անմեղ զոհերուն։  Ապա ներկայացուց հաստատութեան կարճ պատմականը  շեշտը դնելով այն իրողութեան, թէ ինչպէս Գարակէօզեան ընտանիքը համաճարակի հետեւանքով  իրենց զաւակի կորուստը կրցան վերածել սպեղանիի եւ մահը՝ կեանքի յատկապէս այն ժամանակահատուածին մէջ, երբ տեղի ունեցաւ 1915-ի հայոց ցեղասպանութիւնը եւ թուրք կառավարութիւնը բարբարոս ջարդի կողքին պարտադրեց հայերուն ըլլալ տեղահան եւ որպէս գաղթական բռնել աքսորի ճամբան։ Այն ժամանակ բազմաթիւ հայեր եկան եւ հաստատուեցան Լիբանանի մէջ։  Շարունակելով իր խօսքը, Ս․Օհանեան ըսաւ, այսօր հարիւր տարիներ ետք դարձեալ կը գտնուինք գաղթականութեան առջեւ, կրկին համաճարակ եւ դարձեալ Գարակէօզեան հաստատութիւնը ներկայ է,  հաւատարիմ իր հիմնադրութեան առաքելութեան՝ մատուցելու բժշկական անմիջական խնամք անխտիր բոլորին։ Իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ 2019 թուականին հաստատութիւնը տարեկան ընդունած էր 49,000 հիւանդ, մինչ այսօր արդէն թիւը հասած է տարեկան 200,000 հիւանդի․ եւ ներկայիս հաստատութիւնը  կը շարունակէ խորհրդանշական գումարներ ընդունելով,  մատուցել բժշկական զանազան մասնագիտութիւններ, դեղորայք, տարրալուծարանային քննութիւններ, մտային առողջապահական եւ այլ ծառայութիւններ։ Խօսքի աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի ժողովուրդին իրենց կատարած օժանդակութիւններուն եւ Լիբանանի Առողջապահական նախարարութեան։

Ապա հրաւիրեց Ճափոնի դեսպան Օքուպօ Թաքէշի, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց ներկայ գտնուելու այս արարողութեան եւ հաստատեց, որ իր երկիրը՝ Ճափոնը ըլլալով Լիբանանի բարեկամ երկիր, պիտի շարունակէ հայթայթել օժանդակութիւն որպէսզի Լիբանանը կարենայ դիմագրաւել այս դժուարին օրերը։

Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի Առողջապահութեան նախարար՝ Ֆիրաս էլ Ապյատ, որ իր կարգին շեշտեց Առաջնակարգ առողջապահական կեդրոններուն կարեւորութիւնը Լիբանանի մէջ, անդրադարձաւ հաստատութեան պատմականին, թէ ինչպէս հարիւր տարուան ծառայութեամբ կրցաւ լաւագոյն օրինակը հանդիսանալ, յաղթահարելու դժուարութեանց եւ զանոնք վերածելու դրական առիթներու։ Ան բարձրօրէն գնահատեց Գարակէօզեան հաստատութեան մատուցած ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ճափոնի կառավարութեան եւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանին, իրենց կատարած օժանդակութեան ընդհանրապէս եւ յատկապէս բժշկական մարզէն ներս, տրամադրելով  բժշկական սարքեր եւ solar power system  լիբանանի կարգ մը պետական հիւանդանոցներուն։

Խօսքերու աւարտին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը Հաստատութեան կատարած բազմազան աշխատանքները, Օգոստոս 4-ի Պէյրութի աղէտալի պայթումին հետեւանքները, վերակառուցման աշխատանքը եւ Ճափոնի դեսպանութեան կատարած օժանդակութիւններու համաձայնագրերու ստորագրութիւնները 2010, 2014 եւ 2021 թուականներուն։

Յայտագրի աւարտին տնօրէն Սերոբ Օհանեան Առողջապահութեան նախարարին ու Ճափոնի դեսպանին  նուիրեց հայկական ձեռագործ  նուռը,  որպէս խորհրդանիշ կեանքի եւ պտղաբերումի։

Ձեռնարկը փակուեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին