Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

 ԻՐ  ՓԱՌԱՊԱՆԾ  60-ԱՄԵԱԿԻՆ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝  ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ  ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆ  ԲՈՒՐՈՂ  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆ  ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ԽԱՐՈՒԿԱՀԱՆԴԷՍԸ

Սկաուտական   օրացոյցի ամենափնտռուած թուականն է  տարեկան  մեծ  բանակումը  եզրափակող  խարուկահանդէսը, յատկապէս երբ կը զուգադիպի  սկաուտական շարժումի  հիմնադրութեան վաթսունամեակին:

Կիրակի, 14  Օգոստոս 2022-ի յետմիջօրէին, Ռաս Էլ Մեթնի մէջ   տեղի ունեցաւ վաթսունամեայ  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի  տարեկան մեծ բանակումը  եզրափակող  խարուկահանդէսը:

 Բանակավայր  այցելողներուն  ուշադրութիւնը  անմիջապէս կը գրաւէր   փիւնիկը խորհրդանշող դէպի երկինք սլացող գեղեցիկ  կայմը :   Կայմին  վրայ կը ծածանէին  Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի, SDL-ի  եւ AEL-ի դրօշները: Կայմին փէշերուն տակ պաշտպանուած  տարածութեան վրայ դասաւորուած էին  սկաուտական խումբերուն վրանները:

Նախքան խարուկահանդէսը, կէսօրէ ետք ժամը  6.30-ին, ի ներկայութիւն  մեծ թիւով   միութենականներու,  որոնց մէջ՝ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի  պատասխանատուներ, մեծ թիւով միութենականներ, ծնողներ,  ՀԵԸ-ի սկաուտական  շարժումի  հոգեւոր  հովիւ, Ռըմէյլի շրջանի Սուրբ Յարութիւն  եկեղեցւոյ    քահանայ,  Տէր  Ղեւոնդ Լոշխաճեանի հովանաւորութեամբ  տեղի ունեցաւ  խաղողօրհնէք:  Գերյարգելի   Տէր հայրը, որ  միշտ սիրայօժար  կը մասնակցի  ՀԵԸ-ի  սկաուտական  շարժումներու խարուկահանդէսի արարողութիւններուն, օրուան պատգամը  փոխանցեց ներկաներուն:  Օրհնուած  խաղողը բաժնուեցաւ ներկաներուն:

Խանդավառ այս  մթնոլոտին մէջ  ՀԵԸ «Անդրանիկ» փողերախումբին  գլխաւորութեամբ,  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի բոլոր խմբաւորումները, ընդհանուր խմբապետ  Ժիրայր Թօսունեան, փոխ ընդհանուր խմբապետուհի Սթեֆանի  Քոթահլեանի գլխաւորութեամբ, իրենց  խմբապետներուն եւ  փոխխմբապետներուն առաջնորդութեամբ հերթաբար մուտք  գործեցին    բանակավայր. թիթեռներ՝  Գարմէն Քոթահալեան, արծուիկներ՝  Քրիսթէլ Սթեֆանօ,  գայլիկներ՝ Լէա Գոզեան, արենուշ՝ Դալար Թօսունեան, Սեռլի Քարաճեան, սկաուտներ՝ Կարօ Թաշճեան, քառավելներ՝ Փասքալ  Գասպարեան, երէցներ՝  Կարօ Քոթահլեան: 

Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  քայլերգներուն  յոտնկայս  ունկնդրութենէն  ետք, ՀԵԸ Անդրանիկ  փողերախումբը Ռաֆֆի Գոզեանի գլխաւորութեամբ  կատարեց   մթնոլորտին  պատշաճ նուագներ:

Սկաուտական խմպապետ՝ Կարօ  Թաշճեան, (հայերէն), երէցներու առաջնորդ՝ Ճոյի  Ապտէլնուր (արաբերէն), բարի գալուստ  մաղթեցին    ներկաներուն:

 ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիրի ատենապետ Նշան Ղորղորեան շնորհակալութիւն յայտնեց   ներկաներուն, յատկապէս՝ Ռաս էլ Մեթնի   քաղաքային  պաշտպանութեան  անդամ՝ Մահէր էլ Հալապիին, բանակումի ընթացքին ցուցաբերած   ջերմ հոգածութեան  համար: Այս առիթով գնահատանքի  ՀԵԸ-ի  «ֆուլար» մը նուիրուեցաւ անոր: Մասնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Քարակէօզեան հաստատութեան, որ սիրայօժար  հոգացած էր   սկաուտներուն կարիքները:

ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան  շնորհաւորեց  վաթսունամեայ  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումը. «… Նուիրումի  եւ ծառայութեան  խորհրդանիշ ՀԵԸ  Անդրանիկ  Սեւանը վաթսուն  տարեկան է այսօր:  Յարգանքով կը խոնարհինք  անոր հիմնադիրներուն, մեզմէ  առյաւէտ բաժնուած  եւ  մինչեւ օրս գործող բոլոր  երախտաւորներուն առջեւ: Այստեղ, պարտք կը զգամ յիշատակելու   ՀԵԸ  Անդրանիկ Սեւանի տիպար նուիրեալներ ՝ Յակոբ Թէլվիզեանի,  Հայկ  Կոճիքեանի,  Գէորգ Սանթուրեանի, Գրիգոր  Փորփոսեանի, Վարուժան Սալիպեանի,  Հրայր  Թօփուշեանի, Յարութ Կոճիկեանի, Յովիկ Առաքելեանի, Լենա Քարակէօզեանի  անունները:  Աւելցնեմ, որ երկար է շարքը:

Ահաւասիկ  մեր առջեւն է հաւաքական աշխատանքի պարզ օրինակ մը,  ուր բոլորդ միասնաբար, թիթեռ, արծուիկ, գայլիկ, սկաուտ, արենուշ, քառավել եւ երէց    պատրաստեցիք այս բանակավայրը, իր գեղեցիկ կայմով, ճաշակով ձեւաւորուած վրաններով: Այս բոլորը  վկայութիւն է  յարատեւութեան եւ  միեւնոյն    գիտակցութեամբ աշխատանքը  շարունակելու  վճռակամութեան:

    Այս  խանդավառ մթնոլորտին մէջ մեր  շնորհակալութիւնը առաջին  հերթին  կ’երթայ   ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի  Շրջանակային վարչութեան ատենապետ տիար  Ժերար Թիւֆենկճեանին եւ անդամներուն,որոնք մնայուն  նեցուկ կը  կենան  ՀԵԸ-ի գործունէութիւններուն:

Յատուկ շնորհակալութիւն  Միութեանս բարեկամ տիար Երջօ Սամուէլեանին, որ յարատեւ  սատար կը կենայ  մեր բոլոր գործունէութիւններուն:

 Երախտագիտական խօսք ունիմ,  ՀԵԸ-ի  սկաուտական շարժումի  հոգեւոր  հովիւ,  Ռըմէյլ շրջանի Սուրբ  Յարութիւն  եկեղեցւոյ   քահանայ, Տէր Ղեւոնդ Լոշխաճեանին, որուն  բարեհաճ եւ  սիրայօժար  ներկայութիւնը,օրհնութեան  պատգամ կը հաղորդէ մեր Միութեան  միջոցառումներուն:

 Շնորհակալութիւն  մեր յարգելի ծնողներուն, որոնք սիրայօժարօրէն իրենց զաւակները  կը վստահին  մեզի՝  մեր միութեան: Անոնք  համոզուած են, որ   ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի յարկին  տակ իրենց զաւակները  պիտի  դառնան  տիպար  մարդ,  լաւ հայեր  եւ  լաւ միութենականներ:

  Մեր  շնորհակալութեան խօսքը կ’ուղղենք, ՀԵԸ  Անդրանիկ Սեւան  մասնաճիւղի  Գործադիր Մարմինի ատենապետ  Նշան  Ղորղորեանին, Գործադիրի վարչական անդամներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ  Սեւանի  սկաուտական խմբապետական կազմին,  բոլոր  խմբապետ -խմբապետուհիներուն եւ  ընդհանուր խմբապետ եղբայր  Ժիրայր Թօսունեանին:

Մեր  շնորհակալութիւնը կը յայտնենք  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  ծնողաց վարչութեան  եւ  բոլոր անոնց որոնք  մնայուն  կը  քաջալերեն  մեր բոլոր միջոցառումները:

 Միասնաբար եւ  վերանորոգ  եռանդով  դէպի  նոր    նուաճումներ» իր խօսքը փակեց  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը:

 AEL-ի  քոմիսէր Ժեներալ՝ Լենա Իւրնեշլեան- Քարակէօզեան  փոխանցեց  իր սրտի խօսքը:

 ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Շրջանաւարտներու վարչութիւնը գեղեցիկ  գաղափարը յղացած էր  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  երկարամեայ ընդհանուր խմբապետ  Գրիգոր Փորփոսեանի յիշատակին,  մրցանակ մը յատկացնելով տարուան  լաւագոյն խմբապետ կամ խմբապետուհիին:  Յիշատակի առաջին մրցանակը   շնորհուեցաւ Ժիրայր Թօսունեանին:

 ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն  Չերչեան,  ատենադպիր՝ Յակոբ Թէլվիզեան,  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան գործադիր Մարմինի ատենապետ՝ Նշան Ղորղորեան, Ռաս Էլ Մեթնի  քաղաքապետութեան նախագահ Ռաժա   Ապու  Ռըսլան,   AEL-ի  նախագահ Զէյնա Քըֆուրի  վարեցին վաթսունամեակի խարոյկը:

 Խարուկահանդէսի  ընթացքին  գործադրուեցաւ  գեղարուեստական  կոկիկ յայտագիր՝  ուր  յարութիւն առնող փիւնիկը  կը խորհդանշէր,  սկաուտական եւ զանազան  շարժումներուն մէջ  ծառայող  իր հին եւ նոր անդամ-անդամուհիներուն  շնորհիւ դժուարութիւնները յաղթահարող  փիւնիկը կը խորհրդանշէր:

 Գեղարուեստական յայտագիրը   ճոխացած էր  խմբային  երգերով, պարերով:

 Այս ուրախ առիթով տեղի ունեցան  սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:  Յատուկ  շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ   բանակումին եւ խարուկահանդէսին  յաջողութեան սատարող  անհատներուն, հաստատութիւններուն:

  Գեղարուեստական   յայտագիրի ընթացքին պաստառի վրայ  ցուցադրուեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  2021-22 տարեշրջանի գործունէութիւնը ամփոփող, նաեւ  բանակումի կայմին պատրաստութիւնը ներկայացնող  ժապաւէն մը:

 Երեկոյին աւարտին   ներկաները հրաւիրուեցան   միասնական  շուրջպարին, որմէ ետք միասնաբար  կատարեցին  «Ցտեսութեան  երգ» ը: Համատարած ուրախութիւն եւ  յուզում պատած էր բանակավայրը:  Իսկապէս,  միայն սկաուտական  շարժում չէր  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումը, այլ՝  ընտանիք:

 ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի  ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին