Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻՆ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ  ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԽԱՐՈՒԿԱՀԱՆԴԷՍԸ

Շաբաթ, 13 Օգոստոս  2022-ին, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումը  փառաշուք  խարուկահանդէսով  մը  վար առաւ  իր տարեկան բանակումին վարագոյրը: Բանակումին նախապատրաստութիւնները սկսած էին աւելի  վաղ, երբ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի խմբապետական կազմը, երէց եւ քառավելական խումբերը,արենուշներու եւ սկաուտներու բարձրագոյն խմբակները, ծնողական վարչութիւնը, Գործադիր  Մարմինի անդամներ  բարձրացան  Պըթխնայի բանակավայրը:  

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  այս  տարուան բանակումը ունէր խորհրուրդ մը: Ան կը  զուգադիպէր  մասնաճիւղի հիմնադրութեան   յիսնամեակին:

Բանակավայր այցելողներուն կը դիմաւորէր  Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի, SDL-ի  եւ AEL-ի դրօշներով ծածանող բարձրակառոյց կայմը կը գրաւէր բոլորին  ուշադրութիւնը:

Խանդավառ այս  մթնոլոտին մէջ  ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբին  գլխաւորութեամբ,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի բոլոր խմբաւորումները, իրենց  խմբապետներուն եւ  փոխխմբապետներուն առաջնորդութեամբ հերթաբար մուտք  գործեցին    բանակավայր. թիթեռներ՝ Սարին  Քէշիշեան, արծուիկներ՝ Հերա  Մազլումեան,  գայլիկներ՝ Գարինա  Թաքաճեան, արենուշ՝ Կասիա  Պօյաճեան, սկաուտներ՝ Յովիկ Փօլանճեան, քառավելներ՝  Լիանա Մելքոնեան, երէցներ՝  Սեւակ Հաճեքեան, ընդհանուր խմբապետ  Եղիկ Աւետիքեան: Յարութ  Չուխատարեան  մի առ մի  ներկայացուց  խմբաւորումները:  

ՀԵԸ Անդրանիկ  փողերախումբին կատարողութեամբ  Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու յոտնկայս  ունկնդրութենէն  ետք, տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն:

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի անունով՝ Թալին Ինքնատիոսեան  բարի գալուստ  մաղթեց եւ  շնորհաւորեց սկաուտական  շարժումին մաս կազմող բոլոր անդամ-անդամուհիները:   Ան  յատկապէս  ողջունեց աշխարհացրիւ ՀԵԸ-ականները, որոնք  նիւթապէս,  բարոյապէս   նեցուկ կեցան   բանակումին եւ խարուկահանդէսի յաջողութեան: «  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական շարժումի ոսկեայ  տարեդարձը   սովորական առիթ մըն է   ՀԵԸ-ի ընտանիքին համար:». յայտնեց ան  եւ  գնահատեց  խմբապետական կազմին աշխատանքը,  ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնեց, յատկապէս  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ -ի Ասպետներու վարչութեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  ծնողաց վարչութեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր  Մարմինին եւ բոլոր վարչութիւններուն, անհատներուն եւ հաստատութիւններուն:

Իր սրտի խօսքին մէջ, ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան ըսաւ. «Սիրելի  ներկաներ,   մեր բոլորին    համար  յատկանշական թուական մըն է   2022 տարեթիւը:  Ճիշդ է, որ ՀԵԸ-ի ընտանիքին առաջին սկաուտական միաւորը եղած է  ՀԵԸ Անդրանիկը՝  Զարեհ Նուպար ակումբին  մէջ,  Պապ Իտրիս,  1936-ին,  սակայն  2022-ը կը յատկանշուի  ՀԵԸ  Անդրանիկ Սեւանի հիմնադրութեան վաթսուն  եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  հիմնադրութեան  յիսնամեակներով:

Այսօր,  իր հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով,  հպարտօրէն կ’ըսենք՝  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումը  դարձաւ  մեր  փառապանծ Միութեան ժառանգութիւնը պահպանողներու եւ անոր վրայ նոր բան աւելցնողներու  տիպար վահանակիրներէն մէկը։ Այս  առիթով  պարտք կը զգամ  յիշատակելու   ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումին  վերելքը սատարող   երախտաւորներ՝ Յակոբ Տեմիրճեանը (շէֆ), Գէորգ Սանթուրեանը, Վահէ  Թովմասեանը,  Կարօ Գալինճեանը, Վիգէն Աթթարեանը,   Վաչէ  Գալինճեանը, Վաչէ Աւետիքեանը,  Գոգօ  Քէշիշեանը,  Անի Տեմիրճեանը,  Վերժին Չերչեանը,  Հասմիկ Հայրապետեանը,  Հասմիկ Թիւթիւնճեանը, Փերուզ Թիւթիւնճեանը…. շարքը երկար է սիրելիներ եւ   համեստս:   Անոնք  ոչ միայն  հաւատացին  հաւաքական  աշխատանքին, այլեւ  իրենց  օրինակով, մեր երիտասարդութեան մէջ  սերմանեցին   միասնականութեան  եւ հաւաքական աշխատանքի  շարունակականութեան գաղափարը:

 Իրականութեան մէջ անցնող  օրերուն,  մեր սկաուտական  բոլոր խմբաւորումները, սկսելով   թիթեռներէն  հասնելով  երէցներուն, աւելի ամրապնդեցիք  ձեր միջեւ գործակցութեան կամուրջները, սորվեցաք աշխատիլ միասին, համոզուեցաք, որ  փոխօգնութիւն եւ  զոհողութիւն  է կեանքը,  մտածեցիք եւ գործեցիք  իբրեւ  հաւաքականութիւն  եւ դարձաք աւելի  պատրաստուած   սկաուտներ, միութենականներ:

Այս  ուրախ  մթնոլորտին մէջ  շնորհակալութեան առաջին խօսքս  առաջին  հերթին  կ’երթայ   ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի  Շրջանակային վարչութեան ատենապետ տիար  Ժերար Թիւֆենքճեանին եւ անդամներուն,որոնք մնայուն  նեցուկ կը  կենան  ՀԵԸ-ի գործունէութիւններուն:

 Յատուկ շնորհակալութիւն  Միութեանս բարեկամ տիար Երջօ Սամուէլեանին, որ յարատեւ  սատար կը կենայ  մեր բոլոր գործունէութիւններուն:

Երախտագիտական խօսք ունիմ,  ՀԵԸ-ի  սկաուտական շարժումի  հոգեւոր  հովիւ,  Ռըմէյլ շրջանի Սուրբ  Յարութիւն  եկեղեցւոյ   քահանայ, Տէր Ղեւոնդ Լոշխաճեանին, որուն  բարեհաճ եւ  սիրայօժար  ներկայութիւնը,օրհնութեան  պատգամ կը հաղորդէ մեր Միութեան  միջոցառումներուն:

 Շնորհակալութիւն մեր  յարգելի եւ ազնիւ ծնողներուն, որոնք  սիրայօժարօրէն  իրենց զաւակները  կը վստահին մեզի՝ մեր Միութեան:  Կասկածէ  վեր է, որ  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի յարկին տակ, անոնց զաւակները պիտի դառնան տիպար քաղաքացիներ եւ լաւ միութենականներ:

Շնորհակալութեան խօսք ունինք  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  մասնաճիւղի  Գործադիր Մարմինի  պատասխանատու  Թալին Ինքնատիոսեանին  եւ   վարչական անդամներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ակաուտական խմբապետական կազմին, բոլոր խմբապետ, խմբապետուհիներուն եւ  ընդհանուր  խմբապետ  եղբայր  Եղիկ Աւետիքեանին:

Մեր   շնորհակալութիւնը  նաեւ  կը յայտնենք  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ծնողաց   վարչութեան  եւ բոլոր անոնց, որոնք  մնայուն կը  քաջալերեն  մեր բոլոր   միջոցառումները»:

Եղիկ Աւետիքեան խոստացաւ  վառ  պահել Միութեան բարի աւանդութիւնները:  Սեւակ Հաճեքեան (արաբերէն)  իր սրտի խօսքին մէջ   ողջունեց  AEL-ի  Քոմիսէր Ժերներալ  Փերուզ  Թիւթիւնճեանի եւ  փոխնախագահ Նաժլա Ապու Մաթարի  ներկայութիւնը:  

Վիգէն Չերչեան, Գէորգ Սանթուրեան,  Գօգօ  Քէշիշեան, Սագօ  Միքայէլեան, Հմայեակ   Փարթամեան,  Եղիկ Աւետիքեան  հրաւիրուեցան  վարելու յիսնամեակի  խարոյկը:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր  մը, որ մեծ  ոգեւորութիւն ստեղծեց ներկաներուն մէջ:  Խմբապարեր, մարզական բուրգեր,  սկաուտական երգեր, որոնք  ծափերով դիմաւորուեցան ներկաներէն:   Գեղարուեստական յայտագիրը խորքին մէջ  սկաուտական շարժումի յիսնամակը խորհրդանշող  արտայայտութիւն մըն էր:   Յատկանշական էր, տեսաերիզի   միջոցով  աշխարհի տարբեր անկիւններէն ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի բովէն անցած   խմբապետ-խմբապետուհիներու գնահատանքի խօսքերը,   շնորհաւորականները եւ բարեմաղթանքները:  

Այս ուրախ  մթնոլորտին մէջ  կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Խարուկահանդէսը աւարտեցաւ   «ցտեսութիւն» հաւաքական  երգով:

Յարգանք եւ երախտագիտութիւն  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի  բոլոր անդամ-անդամուհիներուն, այս որակեալ եւ   յիշատակելի  խարուկահանդէսին առիթով:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին