Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Օտար Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Ռազմագիտական Նոր Հնարք մը . . .

Յոյն փիլիսոփայ Պղատոն՝ Քրիստոսէ առաջ 380 թուականին, իր «Հանրապետութիւն» գիրքին մէջ հետեւեալը գրած է։ Necessity is the Mother of Invention, որ թարգմանի «Անհրաժեշտութիւնը՝ Գիւտարարութեան Մայրն է։»

Այսինքն՝ եթէ բանի մը պէտքը զգաս, կրնաս յայտնութիւն մը կատարել եւ այդպիսով գոհացում տալ քու կարիքիդ։ Խօսքս կ՛երթայ Ֆրանսական պետութեան հնարած մէկ գիւտին, որ շատ գործնական դուրս եկած է պայքարելու՝ արուեստական սաւառնակներու (drone) դէմ։

Գիտենք որ արուեստական այդ սաւառնակները՝ որոնք կը տնօրինուին անհատներու կողմէ, մեծ տաղտուկ կը յառաջացնեն՝ խանգարելով հանրային օդանաւերու թռիչքը, յատկապէս անոնց վերելքն ու վայրէջքը։

Իսկ վերջերս այդ սաւառնակները սկսան գործածուիլ պետութեանց կողմէ՝ պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին։ Ուրեմն պէտք էր առաջքը առնել այդ քանդիչ պիտոյքներուն, որոնք պատճառ դարձած էին մարդկային անհամար եւ անմեղ զոհերու . . . 

Հետեւաբար, Ֆրանսայի հարաւը գտնուող Mont-de-Marsan ռազմական օդանաւային խարիսխի գիտնականները 2016-էն ի վեր սկսած են օգտագործել մարզուած արծիւներ, վար առնելու այդ սաւառնակները՝ առաջ որ անոնք հասնին իրենց նպատակէտին! Այդ արծիւները (տես նկարը) կը կշռեն 11 pound եւ կը թռչին 50 մղոն արագութեամբ։

Իսկ այդ մարզուած արծիւները անուանած են d’Artagnan, Athos, Porthos եւ Aramis, հետեւելով Ֆրանսացի հռչակաւոր հեղինակ Ալեքսանդր Տիւմայի «Երեք Հրացանակիրները» վէպի հերոսներուն։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ արծիւներուն մագիլները՝  սաւառնակի շեղբերէն (blades) պաշտպանելու համար, գործածած են ձեռնոցներ՝ որոնք պատրաստուած են կաշիէ եւ արուեստական մանրաթելէ։

Ես հարց պիտի տայի, թէ ինքզինքնին որպէս Հայերուն «պաշտպան»ը ներկայացնող Ֆրանսացիները ինչո՞ւ այդ արծիւները չղրկեցին Արցախ` 44 օրուան պատերազմի ընթացքին, որպէսզի աւելի նուազ մարդկային զոհ տայինք . . . Դժբախտաբար մենք բարեկամ չենք ունեցած երբեք եւ ոչ ալ պիտի ունենանք ու վերջ!

Վազքի Նոր Մրցանիշ մը . . .

Մարաթոնի վազքը 26 մղոն է։ Հետաքրքրական է գիտնալ որ ամէն տարի բազմաթիւ Մարաթոնի վազքեր տեղի կ՛ունենան ամերիկայի տարածքին, սակայն անոնցմէ ամենանշանաւորը Պոսթոնի մարաթոնն է՝ որ տեղի կ՛ունենայ  Ապրիլ ամսուան երրորդ Երկուշաբթի օրը։

Եթէ չէք յիշեր, թարմացնեմ ձեր յիշողութիւնը։ 2013-ի Պոսթոնի Մարաթոնի վազքի ընթացքին էր որ մի քանի ռումբեր պայթեցան, որուն որպէս հետեւանք զոհ գացին երեք անձեր եւ 280 այլ անձեր ալ վիրաւորուեցան։ Պոսթոնի Մարաթոնի վազքը սկսած է 1897 տարուան Ապրիլին։

Այս հակիրճ ներածականէն ետք, հիմա անցնինք մեր բուն նիւթին։ Մարաթոնի վազքի այս նոր մրցանիշը հաստատուած է այս տարուան Ապրիլին, Այտահօ նահանգի Իկըլ քաղաքին մէջ՝ յանձինս Չէտ Քէմփըլի։

Չէտ՝ իր չորս տարեկան հինգորեակները կառքի մէջ դրած (տես նկարը) կը մասնակցի Մարաթոնի կէս վազքին, այսինքն՝ 13 մղոն։ Բայց ինչո՞ւ կը շահի մրցանակ, որովհետեւ իր երկու ժամ եւ 19 վայրկեանը կը հանդիսանայ մրցանիշ՝ որը կ՛արձանագրուի Guiness World of Records-ի մէջ։

Հոս տեղին է յիշել որ Չէտ եւ իր կողակիցը Էյմի՝ հինգորեակներէն առաջ արդեն ունէին երկու այլ զաւակներ։ Իսկ Չէտ իր յաղթանակին մասնակից կը դարձնէ իր կողակիցը, որը հասկնալիօրէն դժուարին ծննդաբերութիւն մը ունեցած է եւ միշտ նեցուկ կանգնած է իրեն՝ իր այս նախաձեռնութեան մէջ։

Երբ Չէտի հարցուցած են թէ ան նորէն պիտի մասնակցի՞ Մարաթոնի վազքին, ան պատասխանած է թէ ոչ։ Սակայն կողակիցը կ՛ըսէ թէ Չէտ կրնայ իր միտքը փոխել եւ մասնակցիլ նորէն։

Բայց Չէտի համար ամենակարեւորը այն է թէ իր զաւակները շատ գոհ մնացած են եւ վազքի ընթացքին միշտ իրենց ձեռքերը թափահարած են ամբոխին, կարծես հռչակաւոր մարդիկ ըլլային անոնք! 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին