Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Յատկանշական Սակայն Ո՛չ Այնքան Անսպասելի Դէպք. Քաղաքացին Գրաւած Է Դրամատուն Մը

Նախորդ օր, առաւօտեան ժամերուն, քաղաքացի մը  ներխուժած է Համրա թաղամասին մէջ գտնուող «Ֆէտէրալ» դրամատուն:

Քաղաքացին, որ զինեալ էր, կը կոչուի՝ Պասէմ Ալ Շէյխ Հիւսէյն։ Ան դրամատան մուտքի դուռը փակելով պատանդ վերցուցած է ներսը գտնուող պաշտօնեաներ եւ այդ պահուն դրամատունէն ներս գործարք ընող այլ քաղաքացիներ:

Դէպքը յատկանշական է Լիբանանի տնտեսական տագնապի կիզակէտին այն իմաստով, որ նշեալ քաղաքացին երբ բազմիցս պահանջած ու մերժուած դրամատան մէջ որպէս աւանդ ունեցած իր գումարը, ան դիմած է այս ծայրայեղ քայլին ստանալու իր գումարը:

Հիւսէյնի եղբայրը խօսելով լրատուական կայաններուն նշած է, որ իրենք ծանր դրութեան մատնուած են, եւ եղբայրը ստիպուած եղած է այս քայլին դիմելու կարողանալ բուժելու համար իրենց հայրը, որ ներկայ պահուն կը գտնուի հիւանդանոցի մէջ եւ բժշկական մարմիններ կը մերժեն անոր բուժումը ապահովել գումարի չգոյութեան պատճառով։

Ցաւալի իրավիճակ մըն է, որ կ՛ապրի Լիբանանը: Դէպքին վայրը գտնուող շատ մը քաղաքացիներ մերժելով հանդերձ բռնարարքին գաղափարը, զօրակցութիւն յայտնած են նշեալ երիտասարդին, ըմբռնելով իր արարքին դրդապատճառները, որ ընդհանուր երեւոյթ է:

Դէպքը իր լռումին հասած է բաւական ուշ, երբ ընթացք տրուած է երիտասարդին, իր դրամէն որոշ գումար մը ստանալու: Ան գումարը փոխանցելով իր եղբօր, ինքզինք յանձնած է պատկան մարմիններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին