Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Էօժէն Տելաքրուա

Էօժէն Տելաքրուա (26 Ապրիլ 1798, Սէն Մորիս, Առաջին ֆրանսիական հանրապետութիւն – 13 Օգոստոս 1863, Փարիզ, Ֆրանսական երկրորդ կայսրութիւն), 19-րդ դարու ֆրանսացի աշխարհահռչակ վիպապաշտ նկարիչ եւ որմանկարիչ․  կը սեպուի վիպապաշտութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը։ 

Նկարած է կտաւի վրայ եւ հանրային յուշարձաններու պատերն ու ձեղունները կը զարդարէ։  Ձգած է նաեւ փորագրութեան ու վիմագրութեան գործեր եւ հանդէսներու գրութիւններ։  Կարեւոր ներդրում ունեցած է  տպաւորապաշտութեան զարգացման։  Աշխատանքները ներշնչուած են պատմական եղելութիւններէ, մասնաւորաբար ֆրանսական եւ յունական յեղափոխութիւններէն, գրական երկերէ եւ Մարոք այցելութենէն։  

1824 Փարիզի Սալոնի ցուցադրութեան ընթացքին անոր տաղանդը կը նկատուի։ Յաջորդող տարիներուն ընթացքին արտադրած նկարները ներշնչուած են պատմական կամ գրական մանրավէպերէ եւ ժամանակակից եղելութիւններէ, օրինակ․ «Ազատութիւնը ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ» 1830 եւ կամ Ալ-Մաղրիպ Al-MaghribMaghreb ճամբորդութենէն՝ «Ալճերիոյ կիներ, իրենց բնակարանին մէջ» Femmes d’Alger dans leur appartement 1833 (այս նկարը նոյն տարին իսկ, Լուվրը թանգարանին սեփականութիւնը կը դառնայ)։

1850 թուականէն ետք, Տելաքրուան լուսանկարչութեամբ կը հետաքրքրուի։ «Արեւագրական Ընկերութեան» հիմնադիրներէն է։  Կ՛աշխատի ապակիի վրայ տպագրութեամբ արուեստով՝ Cliché-verre։  1854 Էօժէն Տիւռօ լուսանկարիչին կը պատուիրէ մերկ բնորդներու լուսանկարներու շարք մը։  Կ՛ուսումնասիրէ մարդակազմութիւնը։ 

Այս փորձառութիւնը, զայն կը թոյլատրէ իրականացնել շարք մը գծագրութիւններ եւ լուսանկարչութեան արուեստը կ՛օգտագործէ իր նկարներուն մէջ։  Անոնք կը ցուցադրուին 1855 Համաշխարհային Ցուցահանդէսին, ուր կը յաղթէ։ Զայն կը ներկայացնեն իբրեւ անձը, որ գիտէ դասականէն անդին անցնիլ եւ վերանորոգել նկարչութիւնը։

Նոյեմբեր  14, 1855 Համաշխարհային Ցուցահանդէսէն կը պարգեւատրուի ոսկեայ մետալով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին