Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Ստեփան Էլմաս

Ստեփան Գէորգ Էլմաս (24 Դեկտեմբեր 1862, Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն – 11 Օգոստոս 1937, Ժընեւ, Զուիցերիա), հայ դաշնակահար, երգահան։

Ծնած է Օսմանեան կայսրութեան Զմիւռնիա (այժմ՝ Իզմիր) քաղաքին մէջ, հարուստ գործարարներու ընտանիքի մէջ։ Փոքրիկ տղայի հրաշամանուկ ըլլալը շուտ նկատուած է. ան սկսած է դաշնամուրի դասեր առնել եւ գրել դաշնամուրային կարճ ստեղծագործութիւններ

1879-ին Վայմարին մէջ աշակերտած է Ֆերենց Լիստին, ապա Վիեննաի մէջ Ա. Դորիին եւ Ֆ. Քրիմին։ Առաջին անգամ ելոյթ ունեցած է 1885-ին Վիեննայի մէջ իր ստեղծագործութիւններէն կազմուած յայտագրով: 1912-էն ապրած է Ժնեւին մէջ։ Մինչեւ 1929-ը համերգներով հանդէս եկած Ֆրանսայի, Գերմանիոյ,  Անգլիոյ  Աւստրիոյ,  Իտալիոյ մէջ։ 1925-ին Երեւան ուղարկած էր իր ստեղծագործութիւններէն երկուական օրինակ:

Երգահանը մահացած է Ժնեւի մէջ:  Անոր դաշնամուրը, ձեռագիրները, այլ յիշատակներու հետ միասին, այժմ կը պահուին Հայաստանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։

Էլմասը ստեղծագործած է արագ եւ բաւական հեշտութեամբ։ Թերեւս ասով կը բացատրուի այն, թէ ինչու ան երբեմն բաւարար չափով չէ վերանայած իր ստեղծագործութիւնները։ Սակայն անոր երկերէն շատերը բարձր որակի են, իսկ անոր ամենայաջող գործերը նրբաճաշակ եւ ոճային սալոնային երաժշտական կտորներ  են։

Ստեփան Էլմաս հիմնադրամը, որ ստեղծուած է 1988 թուականին Ալեքսանդր Սիրանոսեանի գեղարուեստական տնօրինութեամբ, նպատակ ունի տարածել հայ երգահանին ժառանգութիւնը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին