Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Խմբագրատունը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Գլխաւոր Զոհերէն Էր (Լուսանկարներ)

Երկու տարի առաջ Օգոստոսի 4-ին տեղի ունեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի նշանաւոր պայթումը, որուն զոհ գացին տասնեակ քաղաքացիներ եւ անոր շրջակայ ամբողջ բնակելի տարածքը: Տակաւին չբացայայտուած պայթումին գլխաւոր զոհերէն հանդիսացաւ նաեւ նաւահանգիստի շրջակայքին մէջ գտնուող Թէքէեան Կեդրոնն ու անոր 2րդ յարկին վրայ գործող ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրատունը:

Այդ սեւ օրը, Աստուծոյ նախախնամութեամբ փրկուեցաւ թերթին աշխատակազմը, մինչ շնորհիւ անոր պատասխանատուներուն ու ազնիւ բարեկամներուն, կարելի եղաւ յառնել այնտեղ պատճառուած աւերներէն, առանց օր մը իսկ դադրեցնելու ԶԱՐԹՕՆՔ-ի հրատարակութիւնը:

Այսօր, վէրքերը բուժուած են սակայն ցաւը ամբողջութեամբ ամոքուած չէ, որովհետեւ երկիրը տակաւին կը մնայ անորոշութեան մէջ ու կը տուայտի տնտեսական սուր տագնապի մէջ, մինչ ֆինանսական աննախադէպ պայմանները, ամէն օր  աւելի եւս կը դժուարացնեն 85 ամեայ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի առաքելութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին