Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Երկաթէ Շերեփ, Թուղթէ Շերեփ եւ Ծակծակ Շերեփ

Նամակ Ամերիկայէն -25-

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Լուսամիտ Խրիմեան Հայրիկը Պերլինի վեհաժողովէն վերադարձին հիասթափուած՝ պատմութեան ծանօթ բոլոր ուսանողներուն հետեւեալ խորիմաստ եւ քաղաքական իրապաշտ հիմք ունեցող յայտարարութիւնը կատարեց. «Վեհաժողովին մասնակցող բոլոր կողմերը եկած էին երկաթէ շերեփներով, մինչ մենք՝ թուղթէ շերեփով»:

Աղէտալի, անժխտելի եւ բացայայտ իրողութիւնը այն է, թէ Հայաստանի Արտգործ նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները ներկայիս կը մասնակցին բարձր մակարդակի բանակցութեանց, կը ներկայացնեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը (ՀՀ) միջազգային ատեաններու եւ ոչ-կառավարական (NGO) կազմակերպութիւններու մօտ եւ մասնաւորաբար Մոսկուա եւ Արեւմուտքի գլխաւոր մայրաքաղաքները կառաքուին յատուկ յանձնարարութիւններով, իրենց ձեռքին ունենալով թուղթէ ծակծկած  շերեփներ:

Մեղմ եւ քաջալերական երեւոյթ է տեսնել թէ վերջին շրջանին, Հայաստանի Արտգործոց նախարարը՝ Արարատ Միրզոեան սկսած է աւելի ժամանակ անցնել արտասահմանի մէջ տեսակցութիւններ ունենալով, քան նախարարութեան իր գրասենեակէն ներս:

Անշուշտ նախարարը այս պաշտօնին նշանակուեցաւ վարչապետին կողմէ, առանց արտաքին քաղաքականութեան մասին որեւէ հմտութիւն կամ փորձառութիւն ունենալու: Աւելին, երբ 2021ին վարչապետը զինք Ազգային Ժողովի նախագահի պաշտօնէն հեռացնելով,  այս խիստ կարեւոր պատասխանատուութիւնը յանձնեց անոր, պարզապէս որովհետեւ Միրզոյեան անդրդուելիօրէն հաւատարիմ մնացած էր իր գլխաւորին: Մատնանշենք թէ Միրզոյեան երբ մուտք գործեց նախարարական շէնքէն ներս, որոշ թիւով որակաւոր, հմուտ եւ փորձառու դիւանագէտներ հրաժարեցան իրենց պաշտօններէն, արդարացիօրեն քննադատելով վարչապետը այն ակնյայտ իրողութեան մասին, թէ վարչապետը անտեղի կերպով միջամուխ կ՛ըլլայ նախարարութեան աշխատանքներուն եւ տակաւին, ամենաբարձրաստիճան դիւանագէտներ բարձրաղաղակ կը քննադատէին վարչապետը՝ միակողմանի որոշումներ առնելով առանց խորհրդակցելու եւ նոյնիսկ իրազեկ պահելու պատկան պատասխանատու անձնաւորութիւնները:

Դժբախտաբար, նորանշանակ Արտգործ նախարարը ամենադոյզն ճիգն  իսկ ի գործ չդրաւ, հարուստ փորձառութիւն ունեցող եւ հմուտ դիւանագէտները ետ բերելու:

«Իսկ Լուսինը Ձե՞րն Է»

Սովետական Միութեան երկարամեայ եւ բազմաբեղուն Արտգործոց նախարար Անաստաս Միկոյեան Անգարա իր առաջին պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, իր թուրք պաշտօնակիցին յամառ գանգատները լսելէ ետք, թէ Երեւանի մէջ հայեր ի՞նչ իրաւունքով իրենց ֆութպոլի խումբը Արարատ կ՛անուանեն երբ նոյնանուն լեռը իրենց չի պատկանիր, հայազգի նախարարը առանց վարանելու եւ առանց վիրաւորելու հիւրընկալը, թրքական դրօշակին վրայ ցոյց տալով լուսինը հետեւեալ պատասխանը կուտայ. «Իսկ լուսինը Ձե՞րն է»:

Հպանցիկ ակնարկ մը նետելով 2020-ի աղէտալի պատերազմին յաջորդող տարիներուն Հայաստանի մէջ արձանագրուած քաղաքական զարգացումներուն վրայ, դժուար չէ եզրակացնել թէ Հայաստանի  իշխանութիւններուն ունեցած հակակշիռը ներքին թէ արտաքին խնդիրներուն վրայ ցաւալիօրէն կը կաղայ: Արդարեւ, աննախընթաց երեւոյթ մըն էր տեսնել վարչապետ մը՝ որուն իշխանութեան օրով երկիրը շռնթալից պարտութիւն մը կը կրէ սահմանակից ոսոխէն, սակայն ինք կը յամառի իր աթոռին կառչիլ: Ո՞ւր է սխալը: Այո վարչապետը վերադարձաւ իր պաշտօնին օրինաւոր գետնի վրայ: Սակայն ի՞նչ ըսել զինք ընտրող ժողովուրդին: Ի՞նչ ըսել այսպէս կոչուած ընդդիմադիր ճակատին, որ կը մնայ անմիաբան, ջլատուած եւ տկար:

Ուրեմն, ներքին գետնի վրայ կաղացող պետական կառոյց մը, ինչպէ՞ս կրնայ բանակցիլ մեզի շրջապատող գայլերու վոհմակին հետ:

Այո, այսօր բոլորիս ծանօթ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան զանազան մակարդակներու վրայ Երեւանի ու Պաքուի, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ, սակայն թշնամի կողմը եկած էր երկաթէ շերեփով, իսկ մենք՝ թուղթէ ծակծկած շերեփով:

Դիւանագիտական բացառիկ ճկունութիւն եւ միջազգային կացութիւնը հասկանալու կարեւորութեամբ միտուած քաղաքական գործիչներու եւ հմուտ դիւանագէտներու կարիքը ունի մեր Հայրենիքը: Ո՞ւր են անոնք:

Նիւ Եորք
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին