Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարանները Յանձնեցին 69 Շրջանաւարտներէ Բաղկացած 2021-2022 Տարեշրջանի Հունձքը

Անցած երեք տարիներուն Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը ենթակայ եղան կեանքի չափազանց դժուարին պայմաններու, որոնք առ այսօր կը շարունակուին հին ու նոր դրսեւորումներով. ընկերային պոռթկումներ, դրամական տագնապ, խելայեղ սղաճ, անգործութիւն, քորոնա վարակ, նաւահանգիստի պայթիւն, Արցախեան ողբերգութիւն…. Ինչպէս ընդհանուրին, նոյնպէս եւ Մեսրոպեան վարժարանին վրայ այս բոլորը խորապէս ազդեցին կազմակերպական, նիւթական եւ հոգեբանական գետիններուն վրայ, մեր աշակերտներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն պատճառուած բազում ցնցումներով:

Այս խորապատկերին վրայ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններուն աւարտական հանդէսները կարծէք հնչեցին որպէս հերթական պատասխան մեզ պատուհասած ու տակաւին շարունակուող տագնապներուն, այն մասին, որ այս վարժարանները, որպէս երկու անդամները լիբանանահայ կրթական ընտանիքին, ոչ միայն հաստատ կանգուն են իրենց առաքելութեան ճամբուն մէջ, այլեւ կը շարունակեն հայեացքը յառած պահել զարգացումի եւ յառաջդիմութեան բարձունքներուն, լի՝ զանոնք նուաճելու վճռականութեամբ:

Մեսրոպեան արուեստից եւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարաններուն աւարտական հանդէսները տեղի ունեցան յաջորդաբար Յուլիս 1-ին եւ Յուլիս 8-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր դասի, տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ ուսուցիչներու ներկայութեան: Նախագահեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիաքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ, Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան:

Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, հիմնադրութեան 40-րդ տարին նշող Արուեստից վարժարանէն վկայուեցան 40 աշակերտներ եւ ուսանողներ, իսկ 83-ամեայ բարձրագոյն վարժարանը յանձնեց 29 շրջանաւարտներէ բաղկացած իր հունձքը: Արուեստիցի շրջանաւարտներուն սերունդը կոչուեցան վարժարանի երկարամեայ ուսուցիչներէն՝ հանգուցեալ պարոն Անթուան Ապու Նուհրայի անունով:

Զոյգ հանդէսներուն, աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրներ՝ երգերով, նուագով եւ ասմունքով, մինչ անոնց ներկայացուցիչները երախտապարտութեան եւ շնորհակալութեան խօսքեր արտասանեցին ուղղուած ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան, երկար տարիներու հոգածութեան եւ կրթութեան համար:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, իր խօսքը ուղղելով շրջանաւատներուն, ընդգծեց կարեւորութիւնը աշխատասիրութեան, հաւատարմութեան, հաւատքին եւ սիրոյ՝ որպէս ապագայ ուսման եւ կեանքի ասպարէզներուն մէջ կայանալու ամենայուսալի ճանապարհ:  Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան՝ անվերապահ եւ լայն զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերուն, իր պարտականութիւնը գերազանց կատարած ուսուցչական կազմին, զոհողութիւններուն ամրօրէն դիմացող ծնողներուն եւ բարերարներուն ու բարեկամներուն, որոնք թեւ ու թիկունք եղան վարժարանին:

«Յաջողութեամբ բոլորեցինք տարեշրջան մը եւս՝ արտասովոր պայմաններու մէջ, արտասովոր միջոցներով։ Մինչ կը դիմագրաւէինք գոյութենական մարտահրաւէրներ՝ յաջողեցանք պահպանել յառաջդիմութեան ընթացքը՝ հաւատարիմ մեր խոստումին։ Ընթացիկ ձեռքբերումներուն կողքին, արձանագրեցինք նոյնիսկ պատմական իրագործումներ․ այդպէս՝ 2022 թուականին Մեսրոպեան վարժարանը Ֆրանսական պետական պատկան մարմիններէն ստացաւ Label-FrancEducation միջազգային հաւատարմագրումը (accréditation), որ կը համարուի որակի վաւերական կնիք մը՝ ֆրանսերէնի ուսուցման մարզին մէջ՝ համաշխարհային մակարդակի վրայ», ըսաւ պարոն Գալուստ: «Այսօր կու գամ անգամ մը եւս հաստատելու, որ Մեսրոպեանը հաստատուն քայլերով կ’ընթանայ նոր ժամանակներու կրթական չափանիշներուն եւ պահանջներուն համաձայն։ Այս վարժարանը կանգուն է ոչ թէ պարզապէս կանգուն մնալու համար, այլ որպէսզի մեր սերունդները լաւապէս պատրաստէ լաւագոյն  ապագայի մը համար՝ քրիստոնէական ամուր հոգիով, ազգային կենսունակ գիտակցութեամբ, քաղաքացիական եւ մարդկային առողջ նկարագիրով եւ մրցունակ գիտելիքներով», աւելցուց ան:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիաքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ, Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան իր հայրական պատգամին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց, որ վերջին տագնապալի տարիներուն Հայ կաթողիկէ վարժարաննները, Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան աջակցութեամբ, կարողացան հնարաւոր բոլոր քայլերը կատարել՝ ծնողներուն համար դիւրացուած պայմաններու մէջ աշակերտներու ուսումնառութիւնը անխափան իրականացնելուն ուղղութեամբ: Ան վստահեցուց, որ, ինչպէս միշտ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին պիտի կանգնի հայ դպրոցին կողքին, յատկապէս այս դժուարին հանգրուանին, որպէսզի թէ նիւթական, թէ բարոյական եւ թէ մարդուժի առումներով անիկա լաւապէս կատարէ իր առաքելութիւնը որպէս երկրորդ տուն եւ ընտանիք հայ մանուկին համար: Ան յանուն Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս պատրիարքին եւ պատկան մարմիններուն շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց թելադրեց մնալ հաւատարիմ՝ մեսրոպեանական իրենց կոչումին՝ հայու եւ քրիստոնեայի ոգիով:

Զոյգ հանդէսներու աւարտին, 69 աշակերտներ եւ ուսանողներ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններէն ստացան աւարտականի վկայական եւ անցում կատարեցին դէպի ուսման աւելի բարձր հանգրուան՝ միշտ եւ ամէն տեղ իրենց վարժարանին անունը բարձր պահելու խոստումով:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին