Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Շիրին Էպատի

Շիրին Էպատի (21 Յունիս 1947, Համադան, Կենտրոնական բախշ, Համադան շահրեստան, Համադանի նահանգ, Իրան), իրանցի իրաւաբան, դատաւոր, մարդու իրաւունքի աշխուժակ, գրող, Նոպէլեան Մրցանակի տիրացած (2003), նախկին քաղբանտարկեալ, Աւրորա մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի անդամ:

Շիրին Էպատին 1947 թուականին Իրանի Համատան քաղաքը ծնած է, առեւտրային իրաւունքի փրոֆեսոր Համատանի գլխաւոր նախկին նոտար եղած Մոհամմատ Ալի Էպատի ընտանիքին մէջ։ 1969 թուականին Էպատին Թեհրանի համալսարանի իրաւունքի եւ քաղաքագիտութեան ֆաքուլթին աւարտած է եւ կէս տարի փորձաշրջան անցնելէն ետք դատաւոր նշանակուած է։ 1971 թուականին ան թէզ մը ապշտպանած 1975 թուականին Թեհրանի քաղաքային դատարանը գլխաւորած առաջին կին դատաւորը դարձած է։ Շատ իրանցիներու նման սկզբնապէս իրանական յեղափոխութիւնը ողջունած ըլլալով ան շուտով կը դառնայ յեղափոխութեան դաժան քննադատը, քանի որ ըստ նոր իշխանութեան կինը պէտք չէ, որ որոշումներ կայացնէ տղամարդոց համար: Էպատին տասը տարիէ աւելի չէ կրցած աշխատիլ իրաւական ոլորտէն ներս, բայց այդ ընթացքին ան անվճար իրաւաբանական գործունէութիւն ծաւալած է։ Երկար տարիներ Էպատին անցկացուցած է մենախուցէն ներս՝ դառնալով Իրանի մարդու իրաւունքի թիւ մէկ աշխուժակը, հիմնուեցաւ Մարդու իրաւունքի պաշտպանի կեդրոնը եւ օգնեց կազմակերպելու «Մէկ միլիոն ստորագրութիւն» ժողովրդական նախաձեռնութիւնը։

1990 թուականին ան հնարաւորութիւն ստացաւ դասախօսելու Թեհրանի համալսարանէն ներս։ Ան մեծ դեր խաղցաւ Իրանի 5-րդ նախագահ Մոհամմատ Խաթըմիի 1997 թուականի նախագահի ընտրութիւններուն։ Էպատին կը համարուի արեւելքի շարք մը երկիրներու, նաեւ Բրիտանական Քոլամպիայի համալսարանի, Թորոնթոյի համալսարանի պատուաւոր դոկտոր։ 2009 թուականի Յունիսին Իրանին մէջ աճող բռնաճնշումներու հետեւանքով ստիպուած լքած է երկիրը։ 2004 թուականին Forbes պարբերական Շիրին Էպատիին ընդգրկած է «Աշխարհի հզօրագոյն 100 կիներ» ցանկին մէջ։ Ան նաեւ ընդգրկուեր է «Բոլոր ժամանակներու 100 ամենաազդեցիկ կիներ» ցանկին մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին