Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Լիբանանցիին Քաղաքականացուածութեան Պատրանքը

Քաղաքական առակագրութիւն – 1

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Մուտք

Սիրելի ընթերցող, երկար ժամանակ է չգրեցի, որովհետեւ – թերեւս – կը դժուարանայի գտնել մտածումներս ու դիտարկումներս արտայայտելու յարմար ձեւաչափը: Կը կարծեմ՝ հիմա գտած ըլլալ եւ ուրեմն, այսուհետեւ, քաղաքական առօրեայ դրուագներու դիտարկումներուս մէջ պիտի յայտնաբերեմ առակային գաղափարներ, որպէսզի իբրեւ առակ կարդանք զանոնք, նկատենք զանոնք եւ գիտնանք զանոնք: Իսկ զանոնք գործադրե՞լը… հայերս քի՞չ առակներ գիտենք – առաւել եւս՝ թրքերէն – անոնցմէ քանի՞ն կը կիրարկենք, կամ նկատի կ’առնենք…:

Իսկ եթէ քիչ նկատի կ’առնենք՝ ապա ինչու՞ կը գրեմ:

Որովհետեւ մարդ կրնայ ձին գետափ տանիլ բայց չի կրնար ստիպել ձիուն՝ խմել գետակին ջուրը: Ատիկա ձիու՛ն գիտնալիքն է:

Արդ, իբրեւ փոքր երկրի քաղաքացի (լիբանանցի), նաեւ իբրեւ փոքրաթիւ ազգի անդամ (հայ), հիմնական տեսադաշտս Լիբանանն է ու Հայաստանը, բայց նաեւ քիչ մըն ալ աշխարհաքաղաքացի ըլլալով, դիտաշխարհս դարձած է աշխարհը: Այլ խօսքով, դիտարկումներս պիտի քաղեմ Լիբանանէն, Հայաստանէն կամ ընդհանրապէս աշխարհի լուրերէն: Այսինքն դիտարկումներս կու գան աշխարհի այն առօրէական միլիոնաւոր դէպքերէն որոնք կը պատահի՞ն. ո՛չ: Դիտարկումներս կու գան այդ միլիոնաւոր դէպքերուն այն հազարաւոր լրատուութիւններէ՞ն  որոնք կը հրամցուին երկրագունդի լսողներու՞ն. նորէն ո՛չ:

Ա՞յլ:

Ես՝ երբեմն յոգնած, յաճախ զզուած, ուրիշ ատեն՝ ձանձրացած կամ հիսաթափած կամ անյուսութեան մատնուած ըլլալով մեր առօրեայ մաղուած-բանաձեւուած-լրամշակուած ձեւով հրամցուած այդ հազարաւոր լուրերէն ոմանք պատահաբար ականջիս կը հասնին: Երբեմն ալ, սակայն, հետաքրքրամոլութեամբ կը փնտռեմ զանոնք, կամ իրենք ականջս, աչքս, մանաւանդ՝ միտքս կը ծակեն, ինծի կը կախուին…:

Նիւթիս միջուկը

Անցնիմ նիւթիս:

Լիբանանցիներուս համար կ’ըսեն թէ շեշտակիօրէն քաղաքականացած ենք, ու մենք հպարտ կը զգանք մեր քաղաքականացուածութեամբ: Բայց մտածենք՝ եթէ այսքա՜ն քաղաքականացած ենք եւ արդիւնքը այսքա՜ն սնանկացուած (դուք ուզածնիդ շարեցէք) երկիր մըն է Լիբանանը, հապա  միւս երկիրներն ու անոնց ժողովուրդնե՞րը (որոնք ըստ մեր մեծամտութեան կամ ըմբռնումին՝ մեզի չափ քաղաքականացուած չեն) ի՞նչպէս են արդեօք:

Ճիշտ է, քաղաքականացած ենք, բայց այս իսկ օրերուն մեր քիթին տակէն ամէնայն ճարպիկութեամբ եւ ի՜նչ ճարտարօրէն կը բեմադրեն Լիբանանի հարաւային ծովեզերքի նաֆթի ազգային հարստութեան առգրաւումը, առեւանգումը, յափշտակումը, սեփական նպատակներու համար օգտագործումը:

Քաղաքականացա՞ծ ենք թէ՞ մեր քաղաքական դաստիարակմամբ, որոշ ուղղութեամբ տարուելով կուրցուած ենք մենք:

Երկու բացատրութիւն կայ մտքիս մէջ.-

Կա՛մ այն որ մեզ յոգնեցուցած-սպառած-հիասթափեցուցած-յուսաբեկած են եւ մենք այլեւս քաղաքական մեր շահերուն իսկ աչալուրջ չենք, չենք հետաքրքրուած…:

Կա՛մ ալ մեր քաղաքական համակարգային արժէչափը վերածուած ըլլալով տեղայնական (աշխարհագրական, կրօնական (իսլամ-քրիստոնեայ), համայնքային (մարոնիթ-սիւննի-շիի-հայ առաքելական-յոյն օրթոտոքս եւն.), կուսակցական (թայյար-հոսանքներներ եւ եւն.) ակնոցներու, ասոնցմէ դուրս բա՛ն չենք տեսներ: Մենք համալիբանանեան առումով աչազուրկուած ենք:

Առակս զի՞նչ ցուցանէ:

Այն՝ թէ կարելի է զանգուածը արթուն պահել ուղղութեան մը վրայ, մինչ անդին այլ ուղղութեամբ ճիրիթ խաղալ: Կամ՝ մեր լա՜յն տեսադաշտին մէկ բաժնին վրայ լուսարձակ բանալ եւ բեմադրութիւն սարքել, մինչ անդին մութ մնացած տարածքին գետերէն ուրի՜շ ջուրեր հոսեցնել:


Կը յիշե՞նք «աղջիկս քեզի կ’ըսեմ՝ հարս դուն հասկցիր»ը:

Հիմա ալ՝ լիբանանցիներուն կ’ըսեմ, բայց հայերը (նաեւ Հայաստանաբնակները) եթէ կ’ուզեն՝ թող հասկնան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին