Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Քիեւը՝ Քրեմլինի եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ

Նամակ Ամերիկայէն -22-

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ամերիկեան տարածուն շաբաթաթերթ Newsweek իր Մայիս 27-ի թիւով արձագանք կը դառնայ ռուսական տումայի անդամ Ալէքսէյ Ժուրավլիով  զգայացունց այն յայտարարութեան թէ Ռուսիան իր կորիզային ուժերու հանգամանքով կրնայ բովանդակ եւրոպական ցամաքամասը ածուխի վերածել:

Ռուս քաղաքագէտը պարագլուխն է տումայի Ռոտինա (Մայր Հայրենիք) Համախմբումին, ընդդիմադիր ճակատ՝ սակայն հաւատարիմ Քրեմլինի վարքագիծին:

Ելոյթ ունենալով ռուսական գլխաւոր հեռուստատեսիլի կայաններէն մէկուն ընթացքին, ան իր ցասումը արտայայտած է արեւմուտքի կողմէ Ուքրանիոյ հայթայթուող զինուորական լայնածաւալ օժանդակութեան: Սակայն Ժուրավլյով իր մաղձը կը թափէ Գերման վարչապետ Օլաֆ Շոլցի դէմ երբ ան Տավոսի մէջ կայացած Տնտեսական Ֆորումին ըսած է թէ «Փութին այս պատերազմը պէտք չէ շահի» աւելցնելով թէ ինք «համոզուած է թէ Փութինը յաղթական» դուրս պիտի չգայ Ուքրանական պատերազմէն»: Հեռուստատեսիլի իր ելոյթին ընթացքին տումայի ազգայնական-ընդդիմադիր անդամը շեշտած է, ակնարկելով Գերման վարչապետին»: Ան կը կարծէ թէ մենք hիւլէյական զէնքերու տէր երկիր մը, պիտի  կորսնցնենք այս պատերազմը: Կամ վաղը պիտի ըսենք «ներողամիտ գտնուեցէք, մենք սխալ մը գործեցինք: Դուրս պիտի գանք Խրիմէն եւ այլուր»: Ազդարարելով ան աւելցուցած է. «Վերջաւորութեան ածուխի պիտի վերածուիք: Ամերիկացիք պիտի ըսեն այսպէս բաներ կրնան պատահիլ», ենթադրելով թէ Ուաշինկթընը եւրոպային օգնութեան պիտի չհասնի եթէ Ռուսիան իր հիւլէական զէնքերը օգտագործէ եւրոպայի մէջ:

Դիմակալելով վարչապետ Շոլցի այն գնահատումը թէ Արեւմուտքը պիտի չընդունի Մոսկուայի պայմանները բանակցութիւններու ընթացքին, ռուս քաղաքական գործիչը հետեւեալ հաստատումը կատարած է. «Եթէ դուք մեր պայմանները չէք ընդունիր, ապա մենք պիտի պարտադրենք զանոնք: Եւ եթէ դուք պիտի ստիպէք մեզի գործածել հիւլէական զէնքեր, մենք տարբեր երկընտրանք պիտի չունենանք»: Անգլիոյ մօտ ռուս դեսպան Անտրէյ Քիլին BBC-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին միայն քանի մը օրեր առաջ, հերքած է այն տարաձայնութիւնը թէ ռուսական բանակը հիւլէական զէնքեր կրնայ գործածել Ուքրանիոյ մէջ, բացի այն բացառիկ պարագային երբ Ռուսաստանի ֆիզիքական գոյութեան անմիջական սպառնալիք մը կը ներկայանայ: Ուաշինկթընի մէջ ռուս դեսպանը մէկէ աւելի նմանօրինակ հաստատումներ կատարած է:

Ուրբաթ, Մայիս 27ին, Եւրոպական Միութեան (Ե.Մ) երկու  հզօրագոյն երկիրներու ղեկավարները՝ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Շոլց հեռաձայնային երկար (մէկ ու կէս ժամ) խօսակցութիւն մը ունեցած են Ռուսական Դաշնակցութեան նախագահ՝ Փութինի հետ:

Երեւոյթներէն դատելով, եւրոպացի ղեկավարներուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած այս խօսակցութեան շարժառիթը զինադադար հաստատելու շուրջ կայացած է: Առաւել, նախագահ Մաքրոն եւ վարչապետ Շոլց ցանկութիւն յայտնած են նախագահ Փութինին ազատ արձակել շուրջ 2,500 զինուորներ, որոնք Մարիոփոլ քաղաքին մէջ յամառօրէն դիմադրեցին ռուսական բանակին, բայց վերջ ի վերջոյ յանձնուեցան: Եւրոպացի ղեկավարները նաեւ նախագահ Փութինէն պահանջած են վերջ տալ ուքրանական նաւահանգիստներու պաշարման, որպէսզի ուքրանական ցորենն ու այլ հացահատիկներ շարունակուին արտածուիլ: Վերջին շաբթուան ընթացքին յատկապէս ռուսական բանակը արձանագրած է նշանակելի յաջողութիւններ ռազմաճակատին վրայ, ըստ ուքրանական աղբիւրներու: Այս պատերազմին սկզբնաւորութենէն ի վեր յստակ է տեսնել, թէ երբ Ուքրանիան յաջող կերպով կը դիմադրէ կամ ետ կը մղէ ռուսական նախայարձակ ուժերը՝ բանակցութեան մասին երբեք չի խօսիր:

Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելեան ծանր ճարտարարուեստի եւ ածուխի հարուստ գօտին՝ Տոմպասը, այսօր գրեթէ ռուսական ուժերու հսկողութեան տակ կը գտնուի:

Հակառակ աննախընթաց զինուորական օժանդակութեան՝ առատօրէն հայթայթուած արեւմուտքի կողմէ, Քիեւեան ուժերը տակաւին չեն յաջողած ծանր հարուածներ հասցնել ռուսական նախայարձակ ուժերուն: Ուքրանիան յամառօրէն Ուաշինկթընէն կը պահանջէ հեռարձակ հրթիռային կազմածներու սարքաւորումներ (մինչեւ 320 ք.մ. հեռաւորութեամբ) հարուածելու համար ռուսական սահմանէն ներս գտնուող զինամթերանոցներ: Թէեւ Ռուսաստանը շարունակաբար կը բողոքէ արեւմուտքի կողմէ Ուքրանիա առաքուող զինուորական օժանդակութեան դէմ, միւս  կողմէ սակայն, կանոնաւորաբար կը թիրախաւորէ զինուորական նորահաս եւ արդիական սարքաւորումները: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու Փարիզի եւ Պերլինի մէջ, նախագահ Փութին խոստացած է ուսումնասիրել ուքրանական նաւահանգիստներուն պաշարումի հարցը՝ եթէ արեւմուտքը մեղմացնէ Ռուսիոյ վրայ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները:

Քաղաքական դէտեր Մաքրոնի եւ Շոլցի այս նախաձեռնութիւնը կը գնահատեն  որպէս կարծիքներու որոշ տարբերութիւն մը, ո՛չ միայն Ե.Մ.ի եւ Ուաշինկթընի միջեւ, այլ աւելի յատկանշական Եւրոպական Միութեան մաս կազմող երկիրներու միջեւ:

Յաճախ զրոյցներ շրջակայած են Փութին-Ժերենսքի (Ուքրանիոյ նախագահ) գագաթի հանդիպման շուրջ՝ հաւանաբար Թուրքիոյ մէջ, թէեւ Քրեմլինը երբեք քաջալերած չէ նման տարաձայնութիւններ: Ուքրանիան կը վախնայ, թէ այն պարագային երբ լուրջ բանակցութիւններ տեղի ունենան Ռուսիոյ հետ, Քիեւը պարտաւորուած պիտի ըլլայ հողային զիջումներ կատարել Ռուսիոյ՝ խաղաղութեան դաշինք մը կնքելու համար:

Ներկայ պատերազմին շարունակութիւնը առաւել զանգուածային նիւթական վնաս պիտի պատճառէ Ուքրանիոյ, որովհետեւ ռուսական բանակին ռազմավարութիւնը ապահով հեռաւորութենէն ռմբակոծել է ուքրանական քաղաքներ, քիչ յաճախ զատորոշելով քաղաքային թիրախը՝ ռազմականէն:

Համաձայն Ուքրանիոյ վարչապետ Տենիս Շմիհալի, ռուսական նախայարձակումը պատճառ դարձած է 20  հազար ք.մ. (15 հազար մղոն) ճամբաներու քանդումին, հարիւրաւոր կամուրջներու փլուզման եւ 12 օդակայաններու ամբողջական կործանումին: Ըստ վարչապետին կողմէ հայթայթուած պաշտօնական տուեալներուն, 500-է աւելի  առողջապահական կեդրոններ, 100-է աւելի կրթական հաստատութիւններ եւ 200 ճարտարարուեստական կեդրոններ ամբողջապէս քանդուած են: Ան կը պահանջէ Ռուսիայէն հատուցում կատարել՝ վերաշինելու համար ինչ որ կործանուած է ռուսական բանակին կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին