Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Այս Հատորը

Ստորեւ կը հրատարակենք վերջերս լոյս տեսած «Վահան Թէքէեան. ԱՐԵՒ-ի Խմբագրականներ 1915-1945) հատորին ներածականը, ստորագրուած տուեալ արժէքաւոր հատորը պատրաստողներուն կողմէ:

Խմբ.

Վահան Թէքէեանի այս խմբագրականները քննական բաց տոմար են ժամանակի մանաւանդ հայկական անցուդարձերուն: Անոնք կը դրսեւորեն հայու, ազգի, Հայաստանի, Հայոց Ցեղասպանութեան, ազգային ընդհանրական մտայնութեան, ազգային կեանքի կարիքներու մտահոգութիւններ, կը ներկայացնեն եգիպտահայ վարչակառավարման եւ միջկուսակցական իրադրութիւններ, անհատ-հաւաքականութիւն-ազգ-ազգային յարաբերութիւններու ծալքեր, հայ կնոջ, ազգային դաստիարակութեան, հայրենադարձութեան, խորհրդահայ աքսորեալներու, արտասահմանի մէջ «միջնորդ ազգի» խնդիրներ: Անոնցմէ մաս մը կ’արծարծէ Բ. Համաշխարհայինի քաղաքական, ընկերային, ռազմական եւ մարդկային մակընթացութիւնը:

Թէքէեանի տեսակէտերը ծնունդն են հայկական ներկային հանդէպ իր եռեւեփումին եւ վաղուան հանդէպ իր անզիջող նախանձախնդրութեան:

Ժամանակի վկայ ու տարեգիր, բանաձեւեալ առաջարկ արձանագրող Թէքէեան իր պատմական փորձառութիւնը խմորեր էր պոլսահայ օսմանեան-պատրիարքական-էֆենտիական-գաւառական-կուսակցական քառուղիներուն վրայ: Այդ փորձառութիւնը մշակեր էր Եղեռնի լինել-չլինելու գռիհներուն մէջ եւ զարգացուցեր սփիւռքեան խարխափող, տառապալից հոգեփոխումներուն ու շերտաւորումներուն հիմամբ: Մանաւանդ ֆրանսական միտքի, միջազգային դէպքերուն, Կովկասի, Եգիպտոսի թէ արտասահմանի հայ մամուլին ու հայ կեանքին քաջատեղեակ էր ան: Բանական զգացականութեամբ եւ զգացական բանականութեամբ օժտուած տարածքաժամանակային խորապատկերի յենքին վրայ գծանկարելու, օտարը զուգահեռելով հայկական իրականութեան առարկայական, քննականօրէն սուր եւ խորունկ հարցադրումներ կատարելու ճարտար կարողութեան տէրն էր ան:

Թէքէեան կը նկարագրէ Հայկական Հարցին հանդէպ հայոց ընթացքը. «մենք, իբրեւ ժողովուրդ, դժգոհութիւն մը զգացինք անցեալ դարուն…: Ինքնին բարերար այդ դժգոհութիւնը եթէ արդիւնաւոր չեղաւ… մէկ պատճառը այն էր՝ որ չստացաւ ընդհանուր, զանգուածային բնոյթ մը …չմշակուեցաւ մեթոտիկ կերպով եւ չհասունցաւ պէտք եղածին պէս, եւ …որովհետեւ դժգոհները շուտով եւ քիչով գոհացան …հպարտացան իրենց ճիգովը…եւ ոչ թէ անոր արդիւնքներովը՝ որոնք հեռու էին գոհացուցիչ … ըլլալէ: Ու կը կողմնորոշէ.- …Մեր Նահատակաց տօնը … անցեալով ներկան ճանչնալու եւ ապագան ապահովելու թելադրանք մը, աւելի ճիշտ՝ հրաման մըն է մեզի»: Ըստ իրեն՝ «Զուր խօսքի…թոյլ եւ … լացով …խօսքի ժամանակը չէ» եթէ չենք ուզեր որ «մեռածը տիրէ ողջին», այլ կ’ուզենք որ «ողջը տիրէ մեռածին»:

Թէքէեանի հրապարակագրութեան կարեւորագոյն մտորում է իր հոգին ճենճերող Անհամերաշխութեան ախտաճանաչումը, հակաճառումը, եղծումը, ախտահանումը. «…այս միջոցիս, ահա՛, մենք հայերս, որոնց հայրենիքը ընդարձակ գերեզմանոց մըն է միայն, մենք` Կովկասի եւ արտասահմանի հայերս` որ ազգին ողջ եւ ապահով մասը, անոր յոյսն ու ապագան ենք, ուրիշ ամէն ժամանակէ աւելի իրար կ’ատենք ու իրար կը բզկտենք բարոյապէս…»:

Նման կարեւորագոյն մտորում է երիտասարդութիւնը՝ ազգին ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան վերանորոգման աղբիւրը: Թէքէեան հայ երիտասարդութիւնը փնտռեց հայ որբութեան մէջ: Որբեր, որոնց տեսեր էր Պոլսոյ, Յունաստանի թէ Սուրիոյ որբանոցները…: Այն ատեն «դեռ պզտիկ տժգոյն մանուկներ էին …հաւատք ունէին իրենց ազգին վրայ, ինչպէս ազգն ալ կը հաւատար թէ անոնք իրեն համար պիտի մեծնան եւ իրենց սպանուած հայրերուն թողած բացերը պիտի գոցեն…: Սակայն, անոնք… ցրուէին պիտի …օտարութեան մէջ…հայութեան համար` կորսուելու մօտ զաւակներ[՝] …նորէն հայ պիտի չըլլային…,- ու կը գայթակղի Թէքէեան,- մարդ չի գիտեր խղճա՞յ թէ՞ հայհոյէ այն ազգին, որ իր զաւակները օտարին կը բաժնէ …անհոգ անտրտունջ. հարիւր-հազարներ գերեզման դնելէ վերջ…»: Արդարեւ, օտարին նուիրուած այդ որբանոցայիններուն – ազգին համար կորուստին, մարդկային դրամագլուխին մսխումին իտես – Թէքէեանի կը մնար գուրգուրալ մնացորդաց, ոչ-որբացեալ հայ երիտասարդութեան:

Թէքէեան դէմ էր օտարատեացութեան, բայց չէր ուզեր նաեւ որ «եւրոպականանալով» հայութիւնը կորսնցնէ իր ինքնուրոյն ազգային դիմագիծը, դադրի սեփական մշակոյթ ստեղծելէ. «Իր ազգային սեփական մշակոյթն է որ կ’ապրեցնէ ազգ մը եւ զայն արժանի կ’ընէ ապրելու… Աւելի լաւ է որ գերի ազգը չազատի, եւ աղքատ ու տգէտ մնայ միշտ, եթէ իր ազատութիւնը, հարստութիւնն ու գիտութիւնը պիտի չստեղծեն ինքնուրոյն մշակոյթ մը, ինքնուրոյն միտք, արուեստ ու գեղեցկութիւն, որո՛նք միայն արժէք մը պիտի տային իր գոյութեան` օտարներու աչքին ալ»:

Խմբագրականներուն մէջ Թէքէեան-բանաստեղծը լաւագոյնս կը յայտնուի հայկական գերագոյն նիւթին՝ ազգին դիմաց…

Ան մերինն է…: Զայն կը սիրենք իր անցեալին համար, ուր կրած տառապանքներուն մեծութեանը հաւասար՝ հոգեկան մեծութիւն ցոյց տուած է. իր ներկային համար՝ որուն անհուն ցաւը նախնի դարերու մարտիրոսներուն անհուն գեղեցկութիւնը կու տայ իրեն. իր ապագային համար՝ զոր կ’երեւակայենք իբրեւ կացինահար ծառի մը խեղճ մէկ ճիւղին կրկին արմատ նետելը, բողբոջիլն ու զօրանալը հինին քով՝ շարունակելու, չկորսուելու մեծնալու վսեմ ճիգով:… Զայն կը սիրենք ինչպէս որ է, իր առաւելութիւններուն հետ իր պակասութիւններն ալ ճանչնալով: Զայն կը սիրենք, որովհետեւ… անոր կապուած ենք մեր սրտին բոլոր նեարդերովը, մեր յիշատակներովն ու մեր մտերիմ սէրերովը… զայն կը սիրենք որովհետեւ կը ճանչնանք իր ծածուկ առաքինութիւնները եւ հաւատք ունինք թէ ան աւելի մեծ ու գեղեցիկ կրնայ ըլլալ քան ինչ որ է այսօր… ան միջոց կու տայ մեզի մեր մարդկային բարձրագոյն պարտականութիւնները կատարելու ամէնէն արդիւնաւոր կերպովը:

Թէքէեան կը ջատագովէ Եղեռնի հետեւանքով արտասահմանի մէջ ինքնըստինքեան ձեւաւորուած հայկական Սփիւռքին թրծում-կազմակերպումը, կը տեսաբանէ անոր տեսակն ու հակասութիւնները, բովանդակութեան յատկանիշերը, միտք կը հատցնէ անոր որակաւորում-տեւականացումին, ազգայնա-մարդկայնացումին, կը դեղագրէ արժէհամակարգը՝ սկզբունքայնութիւն, չափաւորականութիւն, բարոյական կորով, համարատուութիւն, համեստութիւն, ողջմտութիւն, հակա միջակութիւն-յաւակնոտութիւն-մեծամտութիւն-ամբարտաւանութիւն: Ան կը կարեւորէ նաեւ «ինքիր վրայ վստահելու, ամէն բան նախատեսելու, ամէն բան մտածելու եւ անդադար գործելու» էականութիւնը:

Իր ազգին հանդէպ ունեցած «յամառ…անբուժելի միամտութեանը համար գրեթէ ամչցող… խորտակուած սրտով… բայց ո՛չ խաւարած մտքով, ո՛չ ալ սասանած հոգիով» Թէքէեան դատաւորի մուրճը կը ձայնաւորէ «ժողվտուելու, շտկուելու» համար: Ան կը գծագրէ Սփիւռքը առաջնորդողներու կերպարը. «Պառաւ կնկան գործ է… միմիայն լալ եւ ողբալ ճակատագրին հարուածներուն ներքեւ… ինքզինքին իշխել կրցող մարդն է միայն՝ որ կը խեղդէ սրտին կսկծանքը, որպէսզի խելքը ազատ գործէ… դարմանումի՛… ապագայի՛ համար…,- ու կ’ակնկալէ որ,- …հանրային գործերը վարուին …նախատեսող, կազմակերպող, կառավարող, հրամայող ու պարտադրող ազգային իրական իշխանութեան մը …[կողմէ, որ բաղկանայ] ամէնէն աւելի խելքի, կորովի ու բարոյականի տէր անձնաւորութիւններէ»:

Թէքէեանի Սփիւռքին մէջ անտեղիտալի է Հայաստանը, որ կը ներկայանայ իբրեւ «հոգեկան եւ ֆիզիքական» բայց ոչ «իրաւական» հայրենիք: Խորհրդային Հայաստանը կը ներկայացնէր մասնիկ մը հայ ժողովուրդի պատմական հողերէն եւ զայն ունենալը աւելի լաւ էր քան երբեք չունենալը: Դիպուկ ու մեկին է ռազմավարական իր հաստատումը. «Ապագայի բոլոր գեղեցիկ կարելիութիւններուն հիմն ու խարիսխը` ներկայ Հայաստանի գոյութիւնն է: Իր ժողովուրդին հայրենասիրութիւնը եւ իր վարիչներուն խելացութիւնն է: Մեր՝ դուրսը մնացած հայերուս, սերտ փարումն է անոր»:

Թէքէեան հաւասարակշռութեան մարդն է. «Ինչպէս անհատները, նոյնպէս ժողովուրդները կ’ապրին շնորհիւ իրենց ներքին հաւասարակշռութեան, որ կը հաստատուի իրենց լաւագոյնի ձգտումովն ու ատոր համար կատարած ճիգովը, ատոնց ճիշտ համեմատութեամբն ու մշտական վերանորոգութեամբը»: Այս լայնախոհութեան ապացոյցն է իր յարգալից անդրադարձը Հնչակեան քսաններուն, Քեռիի նահատակութեան:

Ան նաեւ իրատեսն է. «Գաղափարները… կ’արժեն …նա՛խ իրենց գործադրելիութիւնովն ու յետոյ գործադրութեան մէջ տուած արդիւնքովը… հանրային գործի մէջ փափաքը եւ ջանքն իսկ չեն բաւեր… արդիւնք պէտք է»: Այլ տեղ մը կը հաւաստէ. «մեր ազգը սիրելու եւ անոր ծառայելու համար` պէտք չկայ որ զայն եղածէն աւելի մեծ, աւելի ուժով եւ աւելի փառաւոր ցուցնենք»: Եւ աւելին՝ «…իրաւունք չունինք… օտարներէն պահանջելու որ մեզ աւելի յարգեն քան ինչ որ կը յարգենք մենք զմեզ»:

Թէքէեան ազգային-բարոյական արժէհամակարգ է. բացառի՛կ դպրո՛ց: Յստակ է իր աստիճանակարգը. ան ազգին եւ հաւաքականութեան հեղինակութիւնը ամէն բանէ բարձր դասելով՝ ազգային եւ կուսակցական հաստատութիւններուն պարտադրելու պէս կը մատուցէ ազգային օրակարգերը: Իր ոճը մի՛շտ լուրջ է՝ նիւթին դիմաց իր լրջագոյն յանձնառութեան զուգահեռ…:


Հայ մամուլին հետ Թէքէեանի սերտաճումը կը սկսի Պոլսոյ իր դպրոցական օրերէն: Ան կ’ունենայ նաեւ ազգային-կուսակցական եւ կրթական լայնածիր գործունէութիւն: 1908ին, օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Պոլսոյ մէջ հիմնադիր-առաջնորդներէն է Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան, մինչեւ անոր համաձուլումը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան՝ 1921ին, որուն ծիրին մէջ գործած է մինչեւ իր մահը, 4 Ապրիլ 1945:

Արեւի համահիմնադիր Թէքէեան[1], է նաեւ անոր առաջին խմբագիրը[2]: Այս հատորով կը հրատարակենք Արեւ թերթին մէջ լոյս տեսած Թէքէեանի աշխարհայեացքը, ազգային, կրօնական, քաղաքական, կուսակցական, ընկերային, մարդկային թէ այլ ըմբռնումները, փիլիոսփայութիւնը արտացոլացնող ստորագրեալ խմբագրականները[3]:

Թէքէեան չհասցուց գրել այն բոլորը զոր կը փափաքէր կամ խոստացեր էր գրել…: Հատորէն դուրս կը մնան ՝ 1905ին Միքայէլ Կիւրճեանի հետ հիմնած Շիրակ ամսագիրին, Պոլսոյ Հայրենիքին (1909-10), Արեւելքին (1912), Ժողովուրդի ձայնին (1921-22), Պէյրութի Զարթօնքին եւ այլ թերթերու իր խմբագրականները, գրութիւնները:

Ներկայ ժողովածուն կազմեցինք Արեւի թուայնացուած հաւաքածոյէն: Անընթեռնելի բաժիններուն համար դիմեցինք Հայաստանի Ազգային Գրադարանի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Հին Ձեռագիրերու Ինստիտուտ-Մատենադարանի, Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան մատենադարաններու, ՀԲԸՄ Եգիպտոսի եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի գրադարաններու եւ մամուլի հաւաքածոներուն: Աշխատանքին մեծապէս օգտակար եղան Հայկ Աւագեան, Պերճ Թերզեան, Արամ Խաչատուրեան, դոկտ. Վաչէ Ղազարեան: Նիւթը շարեցին Արմինէ Գրիգորեան, Ռիթա-Մարիա Գազանճեան, Քրիստին Մարաշլեան: Բոլորին կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը: Շնորհակալութիւն նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմանդիրներու Մարմինին ու Ամերիկայի եւ Քանատայի Կեդրոնական Վարչութեան որ հոգացին տպագրութեան ու գրաշարութեան ծախքերը:

Հաւանաբար, Թէքէեանի բերքառատ խմբագրական կենսագործունէութեան ամէնաբեղուն հատուածը այստեղ կը ներկայացուի: Ասոնք կարեւոր աղբիւր են սփիւռքահայ պատմութեան եւ կը նպաստեն ժամանակի քաղաքական միտքի եւ մշակոյթի լուսաբանման: Ասոնք հումք եւ առիթ կ’ընծայեն ընթերցողին դիտելու պոլսահայ-եգիպտահայ եւ մերօրեայ «հայկական համապատկերը» եւ հետեւութիւններ գործադրելու:

Շահեկանօրէն առաւել ուսանելի պիտի ըլլար Արեւի եւ Յուսաբերի մէջ լոյս տեսած 1920-40ականներու խմբագրականներու վերլուծումը: Նման գիտական ուսումնասիրութիւն մը աւելի համապատկերային բնոյթով պիտի հրամցնէր ժամանակի հայկական տրամախօսութիւնը, մտադրոյթները, արժէհամակարգերուն չափորոշիչները: Ասոնք բաներ էին որոնք դրսեւորուեցան սփիւռքահայ որեւէ վայրէ եւ ժամանակէ աւելի ազատական եւ մտաւորական բարձրորակ միջավայրի մէջ, որ իր տեսակով ցարդ կը մնայ անգերազանցելի:

Այս ժողովածուն կու գայ քիչ մը աւելի ամբողջացնելու Թէքէեանի գրական ժառանգի գրքային յուշարձանախումբը՝ Սեւան Տէյիրմենճեանի, դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի, դոկտ. Աւետիս Սանճեանի եւ զանոնք նախորդած երախտաշատ հրատարակումներուն շարքին: Այդուհանդերձ, Թէքէեանի հրապարագրական ցանքը կը մնայ թերի ժողվուած, իր հայապատումը թերի ըմբոշխնուած, մանաւանդ ոչ-բանաստեղծական հունձքը՝ մեծապէս չօգտագործուած, ի վնաս հայ մտքի մշակման: Այս ժողովածուին հրատարակումը քայլ մը ըլլայ թող՝ Թէքէեանի ամբողջական բերքի հրապարակման եւ …մտաւոր օգտագործման:

Պետրոս Թորոսեան

Անդրանիկ Տագէսեան


[1] Միքայէլ Կիւրճեանի, Լեւոն Մկրտիչեանի եւ Միհրան Տամատեանի կողքին:
[2] Համազգային յանձնառութիւններու, ճամփորդութիւններու, հիւանդութիւններու թէ այլ պատճառներով Թէքէեան երբեմն ստիպուած էր ձգել թերթի խմբագրութիւնը:
[3] Նոյն թիւին մէջ երկու յօդուած ունենալու պարագային, Թէքէեան չէ ստորագրած խմբագրականին ներքեւ: 1915-30ականներու Արեւի մէջ հրատարակուած խմբագրականները կրած են անոր ամբողջական ստորագրութիւնը: 1940-45՝ Թէքէեան Արեւի մէջ ստորագրած է առաջնորդող յօդուածներ՝ «Վ.Թ.» ստորագրութեամբ: Չենք ընդգրկած 1935-40ի անստորագիր խմբագրականները:
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին