Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Զօրավար Նարեկ Աբրահամեան. Լիբանանահայ Զինուորական Եւ Համայնքային Անուանի Գործիչը

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններ 2022

2022 թուականի Լիբանանի երեսփոխանական հայ թեկնածուներուն մէջ իր առանձնայատուկ դիրքը ունի Լիբանանեան բանակի զօրավար, լիբանանեան բանակի Յատուկ ուժերու նախկին հրամանատար, Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան գործի համեստ զօրակցող մասնակից, Արցախի մէջ հայերու վերաբնակեցման ծրագիրներու ղեկավար Նարեկ Աբրահամեանը:

Ն. Աբրահամեան տոհմիկ մուսալեռցի ծնողներու զաւակ է, ծնած է Լիբանանի Այնճար հայկական բնակավայրին մէջ, 1953-ին: Ռազմական, քաղաքական եւ հանրային այս գործիչին անցած կեանքի ճամբան անչափ շատ է փորձառութիւններով, վարիվեյրումներով, յաջողութիւններով ու պայքարով, որոնք հիւսուած են Լիբանանի եւ հայութեան կեանքին համար նշանակալի բազմաթիւ դրուագներու շուրջ՝ անցած մօտ հիսուն տարիներուն ընթացքին:

Նարեկ Աբրահամեան յաճախած է Այնճարի Յառաջ-Գալուստ Կիւյպէնկեան վարժարանը, ապա Պէյրութի Հայ Աւետարանական բարձրագոյն վարժարանը, Խանամիրեան գոլէճն ու Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանը: Այնճարի մէջ մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ ՀՅԴ պատանեկան ու ապա Զաւարեան աշակերտական-ուսաողական միութիւններուն, որոնք իրենց յստակ ազդեցութիւնը ձգած են անոր ազգային ու հանրային կազմաւորումին վրայ:

Դպրոցը աւարտելէն ետք, զինուորական գործին հանդէպ յատուկ հակում ցոյց տուած երիտասարդը անմիջապէս ընդունուած է Լիբանանեան բանակի սպայից վարժարան, 1973-ին:

Արդէն որպէս վկայեալ եւ գործող սպայ, Նարեկ Աբրահամեանի բանակային գործունէութիւնը սկսած է Լիբանանի համար ամենաճակատագրական ու տագնապալի օրերուն եւ այդպէս ալ շարունակուած է մինչեւ վերջ:

Քաղաքացիական պատերազմի կրակներուն մէջ, տարուէ տարի բարձրանալով սպայական կոչումներուն եւ պաշտօններուն մէջ, Նարեկ Աբրահամեան կատարած է զինուորական բազմաթիւ բարդ յանձնարարութիւններ ու ղեկավարած է լայն ծաւալի բազմաթիւ գործողութիւններ՝ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հրամաններով:

1991-ի Սայտա քաղաքի արեւելեան շրջանին մէջ լիբանանեան գերիշխանութեան վերահաստատման նպատակով անոր ղեկավարած գործողութիւնը Նարեկ Աբրահամեանին անունը տարածեց ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Անոր վստահուեցան պաշտօնններ, որոնք ըստ բանակային կարգին կը պահանջէին աւելի բարձր կոչումներ, քան ինք ունէր տուեալ պահուն: 1984-ին ստանձնեց լիբանանեան բանակի ամենամարտունակ գունդերէն ՝ 10-րդի 102-րդ նորակազմ գումարտակին  հրամանատարութիւնը, իսկ 1990-ին նշանակուեցաւ ամենահեղինակաւոր զօրամիաւորումին՝ Լիբանանեան բանակի Յատուկ ուժերուն հրամանատար (ալ-Մաղաուիր):

Նարեկ Աբրահամեան բազմիցս գործուղղուեցաւ արտասահման՝ զինուորական ակադեմիաներ, կատարելագործելու համար ղեկավարման եւ ծրագրաւորման իր հմտութիւնները: Արժանացաւ բազմաթիւ շքանշաններու, պարգեւներու եւ գնահատական եւ շնորհակալական պատուոգրերու՝ բանակի ու պետական ղեկավարներուն կողմէ: Միշտ հաւատարիմ մնաց սպայական իր երդումին եւ պաշտպանը՝ սպայական պատիւին, զոր գերադասեց պաշտօններուն: Յանուն իր մասնագիտական եւ մարդկային սկզբունքներուն, ան չվարանեցաւ ընդդիմանալ բարձր ղեկավարութեան՝ իրեն համար անընդունելի գործելակերպին եւ գնաց մինչեւ ծայր՝ պաշտօններէն հրաժարելով::

Նարեկ Աբրահամեան յարգուեցաւ իր մեծաւորներուն եւ գործընկերներուն կողմէ եւ սիրուած հրամանատար մը եղաւ իր զինուորներուն համար. Անոնք մինչեւ այսօր ամուր կը պահեն ընկերութիւնը, որ կոփուեցաւ արիւնով եւ քրտինքով: Հարիւրաւոր զինակիցներու հետ Լիբանանի համար իր բաժին արիւնը թափեց նաեւ Նարեկ Աբրահամեան. 1985-ին, պարտականութեան ճամբուն վրայ դաւադիր ականին պայթիւնի հետեւանքով քաջարի հրամանատարը ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ երկու ոտքերէն, սակայն շարունակեց ծառայութիւնը բանակին մէջ:

Նարեկ Աբրահամեան ինչպէս որ եղաւ գերազանցապէս լիբանանցի սպայ մը, նոյնպէս եւ եղաւ գերազանցապէս հայ մը: Սպայական ծառայութեան օրերուն, ան միշտ օգտակար հանդիսացաւ լիբանանցի իր հայ հայրենակիցներու եւ Լիբանանի համայնքային մարմիններուն, յատկապէս ապահովութեան վերաբերող հարցերու մէջ: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին, 1976-ին, Պուրճ Համուտի Նապաա շրջանին շուրջ ծաւալած արիւնալի կռիւներու օրերուն, ան ՀՅԴ ապահովական գերագոյն ղեկավար Աբրահամ (Աբօ) Աշճեանի եւ զինակից Սարգիս Ազնաւուրեանի հետ ծրագրեց Պուրճ Համուտի եւ շրջակայ հայահոծ թաղերուն ինքնապաշտպանութիւնը։ 

Նարեկ Աբրահամեան ամենասերտ յարաբերութիւններ պահպանեց լիբանանահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ, եղաւ գիտակից հետեւորդն ու աջակիցը՝ Հայ առաքելական եկեղեցիին. ան միակ հայ սպան էր, որ հրաւէր ստացաւ մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օծման արարողութեան: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի խառն օրերուն Անթիլիասի եւ Պիքֆայայի վանքերուն անվտանգ պահպանութիւնը շատ բանով կը պարտի իրեն…

Մարտական այս սպան, հայ համայնքային գործերու աշխոյժ մասնակիցը չէր կրնար անմասն մնալ Արցախեան պայքարէն որ սկիզբ առաւ 1990-ականներու սկիզբը: Բազմաթիւ լիբանանահայ երիտասարդներ Լիբանանի մէջ Նարեկի ղեկավարած պատերազմական ճակատներէն, զօրանոցներէն եւ մարզումի դաշտերէն անցան, որպէսզի այդ փորձով երթան մասնակցելու Արցախեան ազատագրական կռիւին: Նարեկը այդ գործին հսկեց աչալրջօրէն: Ան անձամբ մեկնեցաւ պատերազմի դաշտի վերածուած Արցախ, գործակցեցաւ դաշտային հրամանատարներուն եւ բանակի ղեկավարութեան հետ, եւ շահեցաւ անոնց սէրն ու վստահութիւնը: Իր խորհուրդներով մշտապէս օգնեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավարներուն՝ դաշնակցական կամաւորական ջոկատներու կազմակերպումի գործին մէջ: 1998-ին Նարեկ Աբրահամեան մեկնեցաւ Հայաստան, այդ օրերու Հայաստանի պաշտպանութան նախարար Վազգէն Սարգսեանի հետ Հայկական բանակի զարգացման վերաբերեալ հարցեր քննարկելու համար: Պատերազմի աւարտէն ետք, Նարեկ Աբրահամեան հանդիսացաւ առաջիններէն մէկը, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գերագոյն ղեկավար մարմնի՝ Բիւրոյի հովանաւորութեամբ, ձեռնարկեց Արցախի ազատագրուած շրջաններու վերաբնակեցումին: Հեռատես գործիչը լաւապէս հասկցած էր, որ մարդն է որ հողը հայրենիք կը դարձնէ, եւ առանց հողի տիրոջ ներկայութեան, անկարելի է զայն պահպանել որպէս հայրենիք:

Վերադառնալով լիբանանահայ կեանքին, պաշտօնաթող զօրավար Նարեկ Աբրահամեան իր հեղինակութիւնը եւ փորձառութիւնը ի սպաս դրաւ համայնքային տարբեր գործերու: Ընդունեց ստանձնել Լիբանանի ՀՄԸՄ Ֆութպոլի խումբին տնօրինումը. արդիւնքով, խումբին կազմը համալրուեցաւ բացառապէս հայազգի մարզիկներով, իսկ խումբը բ. դասակարգէն բարձրացաւ Լիբանանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգ, մրցաշրջանը աւարտելով առանց պարտութեան։

Հայրենի Ջաւախքը նոյնպէս եղած Նարեկ Աբրահամեանի ուշադրութեան կիզակետին. ան 2000-ին եւ 2003-ին այցելեց Ախալքալաք, Ախալցխա եւ շրջանի հայկական այլ բնակավայրեր, քննարկելու համար այդ շրջաններուն մէջ հայկական ներկայութիւնը հզօրացնելու ծրագիրներ: 2006-ին, Ջաւախքի կարեւորութիւնը շեշտելու համար, Պէյրութի մէջ ան հիմնադրեց “Ջաւախք” պարբերաթերթը, որ բացառապէս նուիրուած էր այդ տարածաշրջանի լուրերուն եւ խնդիրներուն:

Տասնամեակներ շարունակ պետական եւ ազգային ծառայութեան իր կեանքը նուիրած Նարեկ Աբրահամեան այժմ թեկնածու է Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, Զահլէի ընտրատարածքին մէջ, ուր կը գտնուի նաեւ իր ծննդավայրը, իր պապենական բնակավայրը՝ Այնճարը: Ասիկա նոր առիթ մըն է բոլորին համար, որպէսզի կեանքի իր մեծ փորձով, Նարեկ Աբրահամեան մուտք գործէ աշխատանքի նոր դաշտ մը, որ այնքան կարիքը ունի բանիմաց, խղճամիտ եւ արդար ղեկավարներու: Լիբանանն ու Լիբանանի հայութիւնը կը գտնուին մեծագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ. անոնք կարիքը ունին ղեկավարներու՝ մարտահրաւէրներու մեծութեան չափով, եւ ուժի, որ շնորհուած է քիչերու: Այդ քիչերուն շարքին է ինքը՝ Նարեկ Աբրահամեանը՝ ընկերութիւնը եւ մարդոց բարեկամութիւնը սիրող ու յարգող անձը, իր պարտքը համեստաբար կատարող հանրային գործիչը եւ լիբանանեան հայրենիքին ու Հայաստանին ծառայելու երդումը կեանքի գնով իրականացնելու ճամբուն հաւատարիմ առաջնորդը:

Ա. Ինճէեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին