
Երկուշաբթի 25 Ապրիլ 2022ին յետմիջօրէին, Լիբանանի յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններու Մեթնի շրջանի Հայ առաքելական համայնքին յատկացուած աթոռին թեկնածու՝ Տոքթ. Արա Պարտաքճեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թէքէեան Կեդրոն: Տոքթ. Պարտաքճեանին կ՛ընկերակցէին պարոնայք Հանի Սալիպա (ցանկակից թեկնածու) եւ Ժիլպէր Ռիզք (Պրն. Սալիպայի մամլոյ խօսնակ):
Յարգելի հիւրերուն դիմաւորեցին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան փոխ-ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Յակոբ Փափազեան, ՌԱԿ-ի պետական նախկին երեսփոխան եւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեան, ՌԱԿ-ի ընտրական գրասենեակի համակարգող՝ ընկ. Ստիւ Նոխուտեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկերուհիներ եւ ընկերներ:
Մտերմիկ հանդիպման մը ընթացքին կողմերը քննարկեցին Լիբանանը յուզող հարցեր:
Տոքթ. Պարտաքճեան ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան փոխանցեց ընտրական իր ծրագիրը:
Հանդիպման արդիւնքով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը որոշում կայացուց պաշտօնապէս զօրակցիլ Տոքթ. Արա Պարտաքճեանի թեկնածութեան, իր ամբողջական նեցուկը շնորհելով անոր:
Նշենք, թէ Տոքթ. Պարտաքճեան Մայիս 15ի ընտրութիւններուն ընտրապայքարը կը մղէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Մեթնի ցանկին ընդմէջէն եւ ան պիտի մրցի նոյն աթոռին համար ՀՅԴ-ի եւ այլ հայ թեկնածուներուն դէմ: