
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը իր բոլոր միաւորներով մասնակցեցաւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին ոգեկոչման գլխաւոր հանդիսութիւններուն: Ստորեւ, ժամանակագրական կարգով, Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ի միջոցառումներուն ամփոփ արձագանգը:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀՍԿՈՒՄ
Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ին, լիբանանահայ ինը երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները որոնց մէջ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի երիտասարկան-ուսանողական վարչութիւնը, ատենապետ Սեւակ Հաճեքեանի գլխաւորութեամբ, հսկումի երեկոյ մը կազմակերպեցին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հոծ բազմութեան եւ ազգային դէմքերու ներկայութեան, որոնց մէջ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, գործադրուեցաւ օրուան խորհուրդին պատշաճ յայտագիր: Հսկումին մասնակեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբը:
ԶԱՀԼԷ- ՋԱՀԵՐԹ ԵՒ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ


Զահլէի մէջ, Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Զահլէի ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի տեղական վարչութիւն, ՀԲԸՄ-ի տիկնանց յանձնախումբի վարչականներ եւ միութենականներ ՀԲԸՄ-ի Զահլէի Ալեք Մանուկեան կեդրոնէն ջահերթ մը կազմակերպեցին դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր նահատակներու յիշատակին ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ: Այս առիթով Էլի Փօլատեան ասմունքեց: