Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Մանկութեանս Մէկ Զատիկը. Չ՞է Որ Աստուած Վերմակին Տակն Ալ Կը Տեսնէ…

ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Որո՞նք էին մեր մանկութեան ուրախութիւնները…

Երբ աշխարհն այսքան փոքրացած չէր, ճամբորդութիւնները այսքան դիւրին չէին, օդանաւներու տոմսակներու գիները մրցումի չէին ելած իրենց աւելի աժան ըլլալու գովազդներով՝ մենք աւելի կ՚արժեւորէինք տօները, մենք աւելի անհամբեր կը սպասէինք Ծնունդին եւ Զատիկին, որովհետեւ Ծնունդն ու Զատիկը իրենց հետ կը բերէին նոր հագուստ, նոր կօշիկ, Կաղանդի Ծառ, Կարմիր Հաւկիթ… Մայր, մեծ մայր, հօրաքոյր, մօրաքոյր, դուռ-դրացի կը հաւաքուէին խմորեղէններ պատրաստելու համար։ Իւրաքանչիւր տօն ոչ միայն իր անուշեղէնը ունէր, այլեւ իր անուշութիւնը…

Եւ անշուշտ անպայմա՛ն իւրաքանչիւրս պատմութիւն մը, յուշ մը ունինք…

Մարլէնին հետ ոչ միայն դրացիներ էինք այլեւ ընկերուհիներ։ Առտուները միասին դպրոց կ՚երթայինք՝ միասին ալ կը դառնայինք։ Ինձմէ երկու տարի մեծ ըլլալով՝ երկու տարի ալ բարձր դասարան էր։

Տարի մը Զատիկի պահքը չսկսած՝ Մարլէնը շատ լուրջ հարցուց ինծի.

-Պահք պիտի բռնե՞ս։

-Այսի՞նքն…

-Այսինքն ո՛չ միս պիտի ուտես, ոչ հաւ, ոչ ձուկ, ոչ շոքոլա, ոչ քէյք, ոչ աս, ոչ ան…

-Այսի՞նքն…

-Այսինքն ինչ բան որ կենդանիէ կու գայ՝ պիտի չուտենք։

-Իսկ ի՞նչ պիտի ուտենք…

-Զէյթուն, զա՚դար, դդում, սմբուկ, լոլիկ, վարունգ, սոխ, սխտոր։

-Մեր տունը սոխ-սխտոր չի մտներ, պապաս անհանգիստ կ՚ըլլայ։

-Լաւ հիմա հասկցար ինչ պիտի ուտես։ Մամայիդ բան չըսես, ես ալ չեմ ըսեր, որովհետեւ կ՚ըսեն, որ պզտիկ ենք տակաւին…

-Բայց ինչո՞ւ պիտի ընենք ասիկա։

-Միտքս բան մը կայ, եթէ պահք բռնենք կը կատարուի։

Օ՜՜՜, բայց… ինչո՞ւ չէ մտածեցի, ընկերուհիիս սիրոյն պահք կը բռնենք քառասուն օր։ Ինչպէս մերժէի, տասնմէկ տարեկան էի եւ չէի ուզեր ընկերութիւնս քանդուի։ Բայց Մարլէնը ուրկէ բերաւ այս պատմութիւնը…

Անկեղծ ըլլալու համար, մէկ-երկու օր մօրս բան չըսի, ես արդէն այնքան սակաւակեր էի, որ պահք բռնելս չէր ալ նկատուեր… Բայց շոքոլայէն զրկուիլը՝ շատ ծանր պահք էր։

Վերջապէս երրորդ օրը մօրս հարցուցի, թէ ի՞նչ է պահքը։

-Այդ քու տարիքիդ համար չէ։ Ձեր աճելու, մեծնալու ժամանակն է եւ դուն սնունդի պէտք ունիս։ Բայց ուրիշ առաջարկ մը ունիմ քեզի, պահքի շրջանին ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ աւելի կանուխ պիտի արթննաս եւ հետս արեւագալի գաս։

Քանի որ մօրս ըսած էի արդէն պահքին մասին՝ իր առաջարկն ալ չէի կրնար մերժել, աւելի կանուխ կ՚արթննայի, դպրոցի պայուսակս ալ առած կ՚երթայինք եկեղեցի եւ ես ճամբաս կը շարունակէի դպրոց։ Մէկ-երկու անգամ Մարլէնն ալ միացաւ։ Մէկ-երկու անգամ ալ քնացայ եկեղեցիին մէջ…

Սակայն ամենադժուարը շոքոլա չուտելու պատմութիւնն էր։

Ամէն օր հաց պանիրի փոխարէն, որ սովորութիւն ունէինք Մարլէնին հետ դպրոցէն գալէ ետք տանիքը ուտել եւ  շաղակրատել, հաց եւ զա՚դար կ՚ուտէինք, ձիթապտուղի կուտերը կը հաշուէինք, թէ ով աւելի կերաւ եւ ձեւով մը պահքը անցուցինք։

Աւագ ուրբաթ… Քրիստոսի թաղումէն ետք երբ ոսպով քէօֆթէն ալ կ՚ուտէինք, արդէն ժամանակն էր կարմիր հաւկիթ ներկելու։

-Գիտես վաղը հաղորդութենէն ետք արդէն ամէն բան կրնանք ուտել, ըսաւ Մարլէնը։

Ես շրթունքս խածի եւ գլուխս դարձուցի, որ յանկարծ չմատնէի ինքզինքս։ Բայց սրտիս վրայ աննկարագրելի ծանրութիւն մը կար, սակայն ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ըսէի Մարլէնին, հաղորդութենէն առա՞ջ կամ ետք… Եւ ինչպէ՜ս պիտի առնէի հաղորդութիւն… Ամա՜ն Մարլէն, ուրկէ բերիր այս պահքի պատմութիւնը, մամաս ըսաւ, որ մենք դեռ պզտիկ ենք, պիտի աճինք, իսկ Մարլէնը, որ իր սրտին ուզածն ալ ըլլայ՝ ինծի ալ պահք բռնել տուաւ։ Ոչ միայն նեղ էր սիրտս, այլեւ ելք մը չէի գտներ…

Զատկուայ սեղանը իր ճոխութեամբ, ձուկով եւ չամիչի փիլաւով, ապա զատկական խմորեղէններով եւ հաւկթաձեւ շոքոլաներով ոչ մէկ նշանակութիւն ունեցաւ ինծի համար, նոյնիսկ հաւկիթ խաղալ չէի ուզեր։

Տանիքը ապրող փոքրերս ընթրիքէն ետք տուներէն դուրս կ՚ելլէինք «կարմիր հաւկիթ» խաղալու։ Վազեցի Մարլէնին…

-Քեզի բան մը պիտի ըսեմ…

-Ի՞նչ…

-Գիտե՞ս ես սուտ խօսեցայ… Ամէն օր, որ մարդ չտեսնէ, վերմակիս տակը գաղտնի շոքոլա կ՚ուտէի… Բայց Աստուած վերմակին տակն ալ կը տեսնէ չէ՞…

Կարծեցի, որ Մարլէնը պիտի բարկանար ինծի եւ սրտին փափաքը իմ պատճառովս պիտի չկատարուէր… Բայց Մարլէնը յանկարծ ամուր փաթթուեցաւ.

-Ես ալ քանի անգամ հրէական հացով «շմէնէթ» (թթուասէր) կերայ, ի՞նչ պիտի ընենք…

Զատիկ օրով մեծ մտահոգութեան մէջ ինկանք, բայց մեղքը, որ գիշերը մի՛շտ աւելի կը ծանրանայ՝ նաեւ ելքի դուռ մը կը բանայ։ Առտուն վազեցի Մարլէնին քով.

-Մարլէն, լաւ բան մը մտածեցի, մէկ շաբաթ ամէն օր դիմացս շոքոլա կ՚ուտես՝ իմ սիրտս կ՚ուզէ բայց չեմ ուտեր, ես ալ դիմացդ «շմէնէթ» կ՚ուտեմ հրէական հացով, քու սիրտդ կ՚ուզէ բայց դուն չես ուտեր… Կարծեմ Աստուած կը ներէ մեզի չէ՞…

-Եւ խօսքերնիս պիտի պահենք, միայն այն ատեն Աստուած մեզի կը ներէ…

-Վնաս չունի, այս տարի Քրիստոս մէկ շաբաթ ուշ թող Յարութիւն առնէ մեր սրտերուն մէջ… Կարեւորը առնէ։

Սիրելիներ, մանուկներու նման անկեղծ ըլլանք… Տարբեր պատճառներով ըլլայ հիւանդութիւն, աղքատութիւն կամ պատերազմ՝ թերեւս չկրնանք պահք պահել։ Բայց չէ՞ որ չենք կրնար զԱստուած խաբել… Չէ՞ որ Աստուած վերմակներուն տակն ալ կրնայ տեսնել, նաեւ մեր բոլոր գաղտնի արարքները, եւ… կը քննէ մեր սրտերը։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ…

Երուսաղէմ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին