Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Ցաւակցագիր

12 Ապրիլ, 2022

Սիրելի սգակիր բարեկամներ,

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական վարչութեան կազմը խորունկ կսկիծով իմացաւ իր խոհուն բարեկամին՝ թանկագին Ռոմէն Գոզմոյեանի անդարմանելի կորուստը։

Հանգուցեալը հարուստ վաստակի տէր պայծառ դիւանագէտ մըն էր մեր ազգային կեանքին մէջ։ Հայկական դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ ան իր ուրոյն տեղը գրաւած էր եւ հաւատքով ծառայած Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մարզին մէջ, յատկապէս Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի Պէյրութի սովետական դեսպանատան մէջ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եւ այնուհետեւ։ 

Լայն ու խորունկ էր ազգային ծառայութեան հայեացքը Գոզմոյեան Ռոմէնին, եւ անմնացորդ կերպով ընդմիշտ մնաց հաւատարիմ բարեկամը Թէքէեան Մշակութային Միութեան։

Թող Բարձրեալը մխիթարէ իր սգակիր հարազատներն ու մտքի ընկերները եւ հանգուցեալը արժանացնէ երկինքի յաւիտենական  լոյսերուն։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Ի դիմաց

Թէքէեան Մշակութային Միութեան
Լիբանանի Տեղական Վարչութեան

Տոքթ. Յակոբ Փափազեան

Ատենապետ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին