Շաբաթ, 25. 03. 2023

Կառավարութիւնը Վերահաստատեց «Դրամագլուխի Վերահսկողութեան» Նախագիծը «Ոչ Հիմնական Փոփոխութիւններով»

Լիբանանի կառավարութիւնը, երէկ Պաապտայի պալատին մէջ կայացած իր նիստին ընթացքին  համաձայնեցաւ «Դրամագլուխի վերահսկողութիւն» օրինագիծը որոշ բարեփոխումներով հաստատել եւ ուղարկել զայն խորհրդարան:

Նախարարաց խորհուրդը գումարուած էր նաեւ պարենային անվտանգութեան եւ ֆինանսատնտեսական իրավիճակը քննարկելու, նախագահ Միշէլ Աունի գլխաւորութեամբ Վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի եւ նախարարներուն ներկայութեամբ: Անոնք քննարկեցին 29 կէտերէ բաղկացած օրակարգ՝ Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչին բացակայութեամբ, որ նախօրօք հրաւիրուած էր մասնակցելու նիստին։

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին