Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

Մինչ Ներքին Ճակատով Երկիրը Կը Պատրաստուի Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Հըզպալլան Կը Շարունակէ Տարածաշրջանային իր Միջամտութիւնները

Մինչ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը մխրճուած են ընտրական պատրաստութիւններու մէջ, նշելով որ ընտրական ցանկերու ամբողջացումի վերջնաժամկէտը Ապրիլի 4ն է, Հըզպալլա կը շարունակէ տարածաշրջանային իր միջամտութիւնները:

Հըզպալլան համարած է, որ «Ալ Խուտայր»ի գործողութիւնը կը հաստատէ «պաղեստինցի ժողովուրդին հաստատակամութիւնը եւ անոր կամքը` դիմակայելու բռնագրաւման՝ բոլոր առկայ հնարաւորութիւններով եւ գործիքներով», եւ որ այս գործողութիւնը «պաղեստինեան անկախ եւ դիմադրող որոշման գործընթացն է»:

Երէկ հրապարակած յայտարարութեան մէջ Հըզպալլան համարած է, որ «գործողութիւնը ամենակարեւոր եւ ամենաարդիւնաւէտ գործնական պատասխանն է բնականոնացման տխրահռչակ եւ դաւաճանական հանդիպումներուն, որ արաբական որոշ վարչակարգեր կը կատարեն թշնամիին հետ», ընդգծելով, որ «կարգաւորման հանդիպումները անկարեւոր եւ անարդիւնաւէտ են, քանի որ իրական որոշումը պաղեստինեան ժողովուրդին որոշումն է»:

Ան մատնանշեց, որ «պաղեստինցի ժողովուրդը ամէն օր կը հաստատէ, որ այս յանցագործ թշնամիին հետ հաշտեցման եւ բնականոնացման տեղ չկայ», եւ որ իրենք կը գտնուին «սրող հերոսական առճակատման մէջ մինչեւ յաղթանակ եւ ամբողջական ազատագրում»:

Նշենք, որ Հայֆայէն դէպի հարաւ գտնուող Հերպերթ Սամուէլ փողոցին մէջ երկու հոգիի կողմէ իրականացուած հրաձգութեան հետեւանքով սպաննուած է երկու իսրայէլցի, իսկ կան վիրաւորներ, որոնցմէ շատերը ծանր վիճակի մէջ են:

Ըստ լրատուամիջոցներուն` «Ալ Խուտայր»ի սոյն գործողութեան հեղինակները Ում ալ Ֆահմի 48-րդ շրջանի պաղեստինցիներն են»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին